Սթիւ Տէտէեան – Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Թիւ 296 Եւ 105 Բանաձեւերուն Լոյսին Տակ

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Թիւ 296 Եւ 105 Բանաձեւերուն Լոյսին Տակ. Սթիւ Տէտէեան. «Մեր Դատը Երկարաշունչ Աշխատանքի Կը Կարօտի. Ոչինչ Անկարելի Է»

09 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ:

Սթիւ Տէտէեան

Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդէն ընտրեալ խորհրդարանին երկու տուները` Ներկայացուցչականն ու ծերակոյտը,  վերջերս, իրարմէ հազիւ մէկ ամսուան տարբերութեամբ, որդեգրեցին Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ զայն ժխտելու փորձերը գործնապէս դատապատրող բանաձեւեր. ներկայացուցչականը` թիւ 296 բանաձեւը, 29 հոկտեմբերին, ծերակոյտը` թիւ 105, 12 դեկտեմբերին: Անկախ այն իրականութենէն, որ պատմական այս որոշումները արդիւնք են տասնամեակներու հետապնդման ու բազմափուլ ընկրկումներու, ո՛չ հայերուս, ո՛չ ալ մեր Դատի զարգացումներուն հետեւող միջազգային շրջանակներու ուշադրութենէն վրիպեցաւ, որ յատկապէս ծերակոյտին որդեգրած բանաձեւը ունէր անակնկալի բաժին մը, որովհետեւ ուղիղ ամիս մը առաջ, 13 նոյեմբերին, այս բանաձեւը «նաւաբեկումի» ենթարկուած էր նոյն ծերակոյտին մէջ, Լինզի Կրեհեմի իրողական վեթոյին իբրեւ հետեւանք:

Բնական է, որ բոլորիս միտքերուն մէջ ծագեցան բազում հարցումներ. ի՞նչ պատահեցաւ յիշեալ մէկ ամսուան մէջ, որ ծերակոյտը ՄԻԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՄԲ որդեգրեց ամիս մը առաջ մերժածը: Յետոյ, քաղաքական եւ իրաւական դիտանկիւններէ, ի՞նչ արժէք կը ներկայացնեն զոյգ որոշումները, ինչպիսի՞ հորիզոններ կը բանան մեր Դատի հետապնդման աշխատանքներուն դիմաց. վերջապէս, այս ու նման իրագործումներ ինչպիսի՞ փորձառութիւններ կ՛ընծայեն Հայ դատի գործիչներուն ու անոր զօրակցող համայն հայութեան, որքանո՞վ կը սեղմեն Թուրքիոյ վիզին շուրջ կազմուած օղակը, որպէսզի իբրեւ ուղղակի հաշուետու` ան դուրս գայ մերժողական ընթացքէն եւ բերուի արդարութեան ճամբուն:

Հայ հասարակութիւնը իրաւունք ունի ծանօթանալու վերջին զարգացումներու կարգ մը քուլիսային ծալքերուն եւ տարուած աշխատանքին տարողութեան: Այս նպատակով հարցազրոյց մը ունեցանք Հայ դատի բազմամեայ գործիչներէն Սթիւ Տէտէեանին հետ, ընդհանուր, բայց ոչ ամբողջական գիծերը լուսարձակի տակ բերելու համար:

Ի՞նչ Փոխուեցաւ Մէկ Ամսուան Մէջ

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Սկսինք վերջին զարգացումներէն: Ներկայացուցիչներու տունը գրեթէ մեծամասնութեամբ (միայն 11 դէմ քուէով), իսկ ծերակոյտը միաձայնութեամբ եւ հեզասահ կերպով որդեգրեցին Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւերը: Ի՞նչ փոխուեցաւ ծերակոյտի քուլիսներուն մէջ, նկատի ունենալով, որ ամիս մը առաջ բանաձեւին քուէարկումը մերժուեցաւ:

ՍԹԻՒ ՏԷՏԷԵԱՆ.- Ներկայացուցիչներու տան մէջ որդեգրուած բանաձեւին մասին երկար մեկնաբանութիւն ընելու պէտք չեմ զգար. միայն ըսեմ, որ անիկա արդիւնք էր Հայ դատի յանձնախումբերուն եւ անոնց կողքին կանգնող մեր քաղաքականացած հանրութեան ու հայկական կազմակերպութեանց երկարատեւ աշխատանքին: Թիւերը խօսուն են: Բանաձեւին ի նպաստ քուէ տուին թէ՛ դեմոկրատ եւ թէ՛ հանրապետական ներկայացուցիչներու բացարձակ մեծամասնութիւնը: Մեր ճիգերուն կողքին, կարեւոր դեր ունեցան մեր Դատին ի նպաստ դիրքորոշուած բազմաթիւ ներկայացուցիչներ: Որոշ մանրամասնութիւններ տրուեցան օրը օրին, լուրերուն ճամբով:

Ծերակոյտին պարագան իսկապէս որ ուշագրաւ էր: Կ՛ուզեմ արագօրէն անդրադառնալ այն իրականութիւններուն, որոնք ընկերացան Ներկայացուցիչներու տան քուէարկութեան, անկէ ետք թիւ 105 բանաձեւին ծերակոյտին ներկայացման ու առաջին մերժումին` լուսարձակի տակ բերելու համար որոշ դրական գործօններ եւ ըսելու, որ քաղաքական հովերը միշտ չէ, որ կը փչեն մեզի դէմ, երբեմն կը ստեղծուին նաեւ նպաստաւոր հովեր, ու եթէ պատրաստ ես, կրնաս օգտուիլ անոնցմէ, յառաջ տանիլ նաւդ:

Վստահաբար կը յիշէք, որ թիւ 296 բանաձեւին որդեգրումէն քանի մը օր ետք Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան Ուաշինկթըն այցելեց եւ տեսակցութիւն ունեցաւ նախագահ Թրամփի հետ: Բոլորիս ծանօթ է Միացեալ Նահանգներու գործադիր իշխանութեան դիրքորոշումը. նախագահն ու անոր ցուցմունքներով շարժող արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընդհանրապէս բարի տրամադրութիւն չունին Ցեղասպանութեան ճանաչման նկատմամբ, չեն ուզեր նեղացնել դաշնակից Թուրքիան, երբեմն կը խօսին թուրք վարիչներու լեզուով, թէ` այս հարցը պէտք է ձգել պատմութեան ու պատմաբաններուն եւ այլն: Ներկայացուցիչներու տան մէջ խօսք առնողները առաւելաբար հարցին մօտեցան իրաւունքի, արդարութեան ու համամարդկային հարցերու ճիշդ մօտենալու կեցուածքներով: Առարկութիւնները ըստ էութեան Ցեղասպանութեան ընդունման դէմ չէին ուղղուած, այլ կը ծածկէին քաղաքական հաշիւներ:

Թիւ 296 բանաձեւին որդեգրումը բնականաբար վրդովմունք պատճառեց թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ Սպիտակ տան շրջանակներուն: Նախագահ Էրտողանի հետ հանդիպումին նախագահ Թրամփ հրաւիրած էր նաեւ ծերակուտականներ, որոնց շարքին` Լինզի Կրեհեմը, եւ ցուցմունք տուած էր, որ ծերակոյտը օրակարգի վրայ չդնէ, ո՛չ ալ որդեգրէ թիւ 105 բանաձեւը: Կրեհեմ մէկն է պետական այն մարդոցմէն, որոնք կը հաւատան, թէ ամերիկեան շահերուն դիտանկիւնէն, պէտք չէ նեղացնել դաշնակից Թուրքիան: Այս տրամաբանութեամբ ալ, երբ ծերակոյտի 13 նոյեմբերի նիստին Մենենտեզի կողմէ առաջարկ եղաւ քննարկելու եւ որդեգրելու թիւ 105 բանաձեւը, Կրեհեմ առարկեց եւ դէմ կանգնեցաւ հարցը քննարկման դնելու: Ըստ ծերակոյտի աշխատանքի դրութեան, եթէ ոեւէ անդամ դէմ կանգնի հարցի մը քննարկման, այդ հարցը դուրս կը բերուի օրակարգէն: Այդպէս ալ եղաւ:

Պէտք է արձանագրենք սակայն, որ Թրամփ-Էրտողան տեսակցութեան պահուն որոշ քննարկում տեղի ունեցած էր Ցեղասպանութեան եւ ներկայի մտահոգիչ զարգացումներու մասին: Էրտողան պաշտպանած է մեզի ծանօթ թրքական տեսակէտներն ու մերժողական կեցուածքը:

Յետոյ պատահեցան յետզարգացումներ: Թրքական թերթերը նախագահներու հանդիպումին մասին հրատարակեցին որոշ տեղեկութիւններ, ուր ի միջի այլոց կ՛ըսուէր, թէ Էրտողան անցեալի դէպքերուն մասին «դաստիարակչական լուսաբանութիւններ» տուած է խօսակիցներուն, ներառեալ` նոյնինքն Լինզի Կրեհեմի: Այս տեղեկութիւնները հասան Կրեհեմի եւ այլ ծերակուտականներու, որոնց շարքին կան անցեալին Ցեղասպանութեան բանաձեւի նախագիծ պատրաստողներ…

Զարգացումներուն մէկ այլ երեսն ալ կը կազմեն Միջին Արեւելքի մէջ Թուրքիոյ որդեգրած քայլերը: Թուրքիա վերջին շրջանին, ինչպէս ծանօթ է, ՕԹԱՆ-ի անդամ ըլլալով հանդերձ, բաւական մօտիկ յարաբերութիւններ կը մշակէ Ռուսիոյ հետ, ռուսական զէնքեր կը գնէ, Սուրիոյ մէջ կը շարժի ամերիկացի դաշնակիցին հետ ոչ համախորհուրդ, յաճախ ինքնագլուխ քայլեր կ՛առնէ: Ծանօթ են նաեւ քիւրտերուն դէմ անոր արարքները:

Այս բոլորը ամերիկեան քաղաքական ու զինուորական շրջանակներու մօտ որոշ տրամադրութիւններ կուտակած են Թուրքիոյ դէմ: Էրտողանի կողմէ «դաստիարակութիւն» ստացողներ խայտառակուած ու վարկաբեկուած կը զգան: Իմացած ենք նաեւ, որ Թուրքիոյ ի նպաստ դիրքաւորուած ծերակուտականներ, ինչպէս` Կրեհեմ, Փըրտիւ եւ Քրէյմըր, որոնք պատմական ճշմարտութեանց ծանօթ են եւ սակայն` քաղաքական հաշիւներով ծանօթ ընթացքը որդեգրած, յստակ դարձուցած էին նախագահ Թրամփի, թէ իր ցուցմունքին միայն մէկ անգամ պիտի հետեւին, իսկ յաջորդին կրնան տարբեր վերաբերմունք ցուցաբերել: Էրտողանի վարկաբեկիչ արտայայտութիւնները խոր դժգոհութեամբ ընկալուեցան այդպիսիներու կողմէ: Այս փուլին, Թուրքիոյ վարքն ու դերը որոշ նահանջ արձանագրած են ամերիկեան դիտանկիւնէ:

Մէկ խօսքով, մեր երկարատեւ աշխատանքները այս փուլին գտան նպաստաւոր պայմաններ: Երբ ծերակոյտը 12 դեկտեմբերին անգամ մը եւս օրակարգի վրայ բերաւ թիւ 105 բանաձեւը, ո՛չ մէկ առարկող ու ընդդիմացող եղաւ, բանաձեւը որդեգրուեցաւ շատ արագ, միաձայնութեամբ: Սա անկասկած որ պատմական իրագործում է եւ կարեւոր յաղթանակ մը` մեր Դատը յառաջ մղելու իմաստով:

Միշտ Պատրաստ Ըլլալու
Տրամաբանութեամբ

Հ.- Զարմանալի չէ՞, որ ամերիկեան քաղաքական կեանքի այսօրուան պայմաններուն մէջ, երբ նախագահ Թրամփի յանցապարտութեան շուրջ բանավէճերը խոր երկփեղկում ստեղծած են խորհրդարանի զոյգ տուներուն մէջ, բեւեռացումներու տարած են քաղաքական բեմը, Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւերը կ՛որդեգրուին գրեթէ ամբողջական միաձայնութեամբ:

Ս. Տ.- Ճիշդ է ձեր նկատողութիւնը, սակայն ձեր ընթերցողներն ու մեր ամբողջ ժողովուրդը պէտք է ծանօթանան Հայ դատի յանձնախումբի աշխատանքներու բնոյթին: Տասնամեակներէ ի վեր մենք մեր հարցերը ներկայացուցած ենք «անկուսակցական» տրամաբանութեամբ. տասնամեակներ շարունակ մենք գործած ենք միշտ պատրաստ ըլլալու տրամաբանութեամբ: Այս ըսելով` ի մտի ունիմ երկու երես. մենք մեր Դատը կը հետապնդենք հեռու` քաղաքական ընթացիկ դաշտերու զարգացումներէն: Մեր Դատը հայկական գետնի վրայ կուսակցական հարց չէ: Թէեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը եղած է մեր Դատի գլխաւոր պաշտպանն ու դրօշակիր հետապնդողը, այսօր ալ ներշնչում կու տայ Հայ դատի յանձնախումբերու աշխատանքներուն, սակայն հետապնդումը ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ տարողութիւն ունի եւ ամբողջ հայութեան հարցն է ներազգային գետնի վրայ:

Նոյն մօտեցումով, մեր Դատը փորձած ենք դուրս պահել ամերիկեան քաղաքական բանավէճերու դաշտէն: Աշխատած ենք այն տրամաբանութեամբ, որ մեր Դատը մարդկային իրաւունքներու հարց է, իրաւազրկուած, ցեղասպանական զոհ գացած, հող ու ժառանգութիւն կորսնցուցած ժողովուրդի հարց է: Այս տրամաբանութեամբ աշխատած ենք տեղական, նահանգային թէ համաամերիկեան մակարդակներու վրայ: Արդիւնքը եղած է այն, որ տարիներու ընթացքին ամերիկեան նահանգներ ու քաղաքներ մէկ առ մէկ որդեգրած են Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւեր: Ըսել կ՛ուզեմ, որ աշխատած ենք «երկկուսակցական» զօրակցութիւն ապահովելու մօտեցումով, մեր կողքին շահած ենք թէ՛ հանրապետականներ, թէ՛ դեմոկրատներ, որովհետեւ երկուքին մօտ ալ կայ մարդկային իրաւունքներու եւ արդարութեան հետամուտ ըլլալու կամք` անկախ քաղաքական ծանօթ հաշիւներէն: Եթէ այս իրականութեան ծանօթ ըլլաք, այլեւս զարմանալի պէտք չէ ըլլայ, որ երկու տուները, առանց նկատառելի վէճի եւ միաձայնութեամբ, կամ փոքրաթիւ ընդդիմացողներով որդեգրեցին թիւ 296 եւ 105 բանաձեւերը…

Հ.- … Սակայն մեր Դատը սկիզբէն ալ արդար դատ էր. ինչո՞ւ ուշացաւ այս որդեգրումը:

Ս. Տ.- Ճի՛շդ էք: Արդարութիւնը միշտ ալ մեր կողքին եղած է, մենք ալ արդարութիւն պահանջած ենք, շեշտած ենք, որ Ցեղասպանութիւնը միայն հայութեան դէմ չէ գործուած, այլ` ամբողջ մարդկութեան, սակայն գիտէք նաեւ, որ երբեմն քաղաքական եւ այլ հաշիւներ կը ճնշեն արդարութեան ձայնը: Ինչպէս ըսի, Ուաշինկթընի մէջ կար Թուրքիոյ չվնասելու, Թուրքիան չնեղացնելու տրամաբանութիւն մը, սակայն քանի մը շարժառիթներ ի յայտ բերին, որ Միացեալ Նահանգները այլեւս կորսնցնելիք չունին: Ռուսական գործօնը, քիւրտերու պարագան, «իսլամական պետութեան» զինեալներու ազատ արձակման եւ նման իրականութիւններ ցոյց տուին այս երկրի ներկայացուցիչներուն, որ անվստահելի դաշնակից մը դաշնակից չէ:

Անկախ մեր հարցէն` ծանօթ էք, որ Թուրքիոյ նկատմամբ ամերիկեան կեցուածքին մէջ այլ փոփոխութիւններ տեղի կ՛ունենան: Օրինակի համար, նոյն օրերուն Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ որդեգրուեցան, այլ ժողովուրդներու ի նպաստ բանաձեւեր որդեգրուեցան` Թուրքիոյ դէմ: Մեր Դատին պարագան լուսարձակներ գրաւեց, մենք յաջողութիւն արձանագրեցինք եւ աւելի յառաջ անցանք, քան ուրիշներ, որովհետեւ մենք, ինչպէս ըսի, աւելի՛ պատրաստ էինք եւ մեր ետին ունինք տասնեակներով տարիներու աշխատանք:

Հ.- Կրնա՞ք որոշ ծանօթութիւն տալ այդ աշխատանքներուն մասին:

Ս. Տ.- Բացատրեմ պատկերով մը: Երբ կռիւի պիտի երթաս, մէկ օրէն չես կրնար պատերազմի դաշտ նետուիլ: Զինուորը պէտք է մարզուի, զէնքի վարժուի, կռիւի ձեւերը սորվի, գիտնայ: Մեր աշխատանքներն ալ այս տրամաբանութեամբ սկսած են տասնամեակներ առաջ: Մի՛ մոռնաք, որ մեր Դատին հետապնդումը ունի երկար պատմութիւն` սկսելով Ցեղասպանութիւնը կանխող տարիներէն, անդրանիկ հանրապետութեան անկումին յաջորդած փուլերէն, մինչեւ ՄԱԿ-ի կազմաւորումը, տարբեր երկիրներու, մասնաւորապէս Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայ դատի յանձնախումբերու կազմութեան հանգրուանները: Յիշատակեմ, օրինակի համար, որ քանի մը օր առաջ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ մահացաւ մեր ընկերներէն Խաժակ Սարգիսեանը. ան եւ նմաններ մեծ դեր ունեցած են մեր աշխատանքներուն սկզբնաւորման ու տարածման մէջ, բացած են ներկայացուցիչներու եւ պետական այլ մարդոց հետ հանդիպումներու ճամբան:

Սկզբնական քայլերէն ետք, Հայ դատի յանձնախումբերուն աշխատանքը աւելի քան 10 տարի առաջ թեւակոխեց կառուցային գործելաձեւի փուլը: Սա մէկ քայլ անդին է, քան` լոպիիստական աշխատանքները, որոնք մէկդի չենք ձգած յամենայն դէպս:

(Շար. 1)

armenia-Exquisite churches, cathedrals and monasteries abound in Armenia. – DATEV –

aztagdaily.com/archives/460005

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail