ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ – Ռազմափորձն Ու Համաշխարհային Համակարգը

Armenia Akhtala Monastery - Pictures Of The Monastery In Armenia

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ – Ռազմափորձն Ու Համաշխարհային Համակարգը

09 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

2 սեպտեմբեր 1945-ին վերջ գտաւ Համաշխարհային Բ. պատերազմը: Միացեալ Նահանգներ կորսնցուցին շուրջ 400 հազար զինուորներ եւ սակաւաթիւ քաղաքայիններ, իսկ Խորհրդային Միութիւնը կորսնցուց շուրջ 11 միլիոն զինուորներ եւ 7-10 միլիոն քաղաքայիններ, եւ մինչ անոր ու եւրոպական քաղաքները կը վերաշինուէին, ամերիկեան քաղաքները կը բարգաւաճէին: Միացեալ Նահանգներ նաեւ հիւլէական զէնք ունեցող միակ երկիրն էին: Ուստի յստակ էր, որ ապագան կը պատկանի Միացեալ Նահանգներուն:

Այդ կարճատեւ միաբեւեռ կացութիւնը, սակայն, վերջ գտաւ 29 օգոստոս 1949-ին, երբ Խորհրդային Միութիւնը ունեցաւ իր հիւլէական ռումբը: Ստեղծուեցաւ երկբեւեռ համաշխարհային համակարգ մը, որ գոյատեւեց մինչեւ 29 դեկտեմբեր 1991, երբ փուլ եկաւ անոր բեւեռներէն մէկը` Խորհրդային Միութիւնը, որուն պատճառով վերականգնեցաւ միաբեւեռ համաշխարհային համակարգը եւ Միացեալ Նահանգներ վերստին դարձան անվիճելի գերտէրութիւնը:

27-30 դեկտեմբեր 2019-ին Հնդկաց ովկիանոսի հիւսիսային մասին եւ Օմանի ծոցին մէջ տեղի ունեցաւ Իրանի, Ռուսիոյ եւ Չինաստանի ռազմածովայիններուն միացեալ ռազմափորձը, որ կը կրէր «Ծովային անվտանգութեան գօտի» անունը: Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ յայտարարեց, որ ռազմափորձը ուղղուած չէ երրորդ երկիրներու դէմ: Այդ հերքումը համազօր էր հաստատումի: Ռազմափորձը զարգացում մըն էր, որուն նկատմամբ կարելի չէր անտարբեր մնալ: Օրին Փենթակոնէն «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի յայտնեցին, որ իրենք պիտի հետեւին այդ ռազմափորձին:

Իրանեան ծովուժի հրամանատարի օգնական ծովակալ Ղուլամ Ռիտա Թահանի նշեց. «Իսլամական յեղափոխութեան յաղթանակէն ետք ասիկա առաջին անգամն է, որ Իրան աշխարհի վրայ ռազմածովային երկու մեծ ուժերուն հետ ռազմափորձեր կը կատարէ, այդ ալ` այս մակարդակով»: Ռազմափորձը անկասկած նկատառելի զարգացում մըն է, որուն համար Ուաշինկթըն պէտք է միայն ինքզինք այպանէ:

Միջազգային յարաբերութիւններու մասնագէտ, մտաւորական, նախագահ Քարթըրի վարչակազմին մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Զպիկնիու Պրզեզինսքի 1997-ին լոյս տեսած իր «Ճատրակի մեծ տախտակը» գիրքին մէջ արդէն զգուշացուցած էր նշեալ երեք երկիրներուն միջեւ դաշինքի մը գոյացումէն: «Ռուսիան Չինաստանին ու Իրանին միացնող դաշինք մը կրնայ ձեւաւորուիլ միայն այն ատեն, երբ Միացեալ Նահանգներ բաւարար կարճատես ըլլան Չինաստանն ու Իրանը միատեղ թշնամացնելու», գրած էր ան: Իրապէս ալ ներկայ մերձեցումը Միացեալ Նահանգներու նշեալ երեք երկիրներուն դէմ կիրարկած քաղաքականութեան արդիւնքն է:

Միացեալ Նահանգներու 2016-ի նախագահական ընտրութեան ընթացքին Տանըլտ Թրամփի ընտրական «Ամերիկան դարձեալ մեծ դարձնենք» կարգախօսը տողատակի կու գար յուշելու, որ նախկին վարչակազմերու քաղաքականութեան պատճառով այդ երկրին աշխարհի միակ գերտէրութիւնը ըլլալու կարգավիճակը անկում կրած է: Ատիկա անշուշտ ընտրական հաշիւներով կատարուած չափազանցութիւն մըն էր: Պաղ պատերազմի աւարտէն եւ մասնաւորաբար Իրաքի պատերազմէն ետք յաճախ կը խօսուի բազմաբեւեռ համաշխարհային համակարգի մը ստեղծման կարելիութեան ու «Փաքս Ամերիքանա»-ի աւարտին մասին: Թրամփի ընտրական գրասենեակը պարզապէս կը շահագործէր այդ զրոյցներուն ստեղծած մտավախութիւնները, որոնց իրականութիւն դառնալուն դէմ բնականաբար կը պայքարին Միացեալ Նահանգները:

Ահաւասիկ մուտք գործեցինք 2020 թուական, սակայն աշխարհը կը շարունակէ մնալ միաբեւեռ եւ տակաւին շատ հեռու ենք բազմաբեւեռ համաշխարհային համակարգի մը ձեւաւորումէն: Վերջինս կ՛ենթադրէ ուժի այնպիսի բաժանում մը, ուր առնուազն երկուքէ աւելի երկիրներ հաւասար զինուորական, տնտեսական ու մշակութային կշիռ եւ ազդեցութիւն ունին: Ներկայ դրութեամբ, Միացեալ Նահանգներու քայլերն են, որ տակաւին յառաջ կը մղեն համաշխարհային զարգացումները:

Ռուսիա-Չինաստան-Իրան մերձեցումը կարելի չէ բազմաբեւեռութեան ձեւաւորում կամ նոյնիսկ նախաքայլ մը նկատել, այլ լաւագոյն պարագային` Միացեալ Նահանգներու դէմ դաշինք մը, որ ամերիկեան կողմին համար առայժմ գլխու ցաւ մըն է միայն, սակայն յարատեւելուն եւ անոր անդամներու թիւին նկատառելի բարձրացման պարագային կրնայ դառնալ վտանգաւոր:

Երկու դար առաջ Նափոլէոնի պարտութեամբ վերջ գտած էր մէկ այլ միաբեւեռ համակարգ մը: Այդ մէկը կարելի եղած էր Ռուսիոյ, Բրիտանիոյ, Աւստրիոյ եւ Փրուսիոյ միացեալ ջանքերով: Ճիշդ է, որ Նափոլէոն Միացեալ Նահանգներու նման հիւլէական հսկայական սպառազինութիւն չունէր, սակայն անոր ճակատագիրը բաւարար դաս մըն է, որպէսզի Ուաշինկթըն աշխատանք տանի Ռուսիա-Չինաստան-Իրան դաշինքը պառակտելու, եւ Միացեալ Նահանգներու եւ հակաամերիկեան երկիրներու դաշինքի մը միջեւ երկբեւեռութեան մը ձեւաւորման հեռանկարը վնասազերծելու:

Armenia Akhtala Monastery – Pictures Of The Monastery In Armenia

aztagdaily.com/archives/460003

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail