Աղքատութիւնը Յաղթահարելու Միջոցը Աշխատանքն է. ՀՀ Վարչապետ
09 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
Հայաստանի քաղաքացիին համար աղքատութիւնը յաղթահարելու միջոցը աշխատանքն է: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, կառավարութեան այսօրուան նիստին, յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ անդրադառնալով մարդոց կեանքը փոխելու եւ լաւ ապրելու բանաձեւին:
«Նշեցինք, որ տարբեր պիւտճէտային օդանաւային ընկերութիւններու միջոցով Հայաստան կու գան յաճախորդներ, որոնք փոքր ու միջին գործարարութեան թէական յաճախորդներ են: Անոնք կու գան ոչ թէ հինգաստղանի հիւրանոցներու մէջ ապրելու, ամենասուղ ճաշարաններու մէջ սնուելու, այլ՝ քալելու, սար բարձրանալու, գետ տեսնելու, կենդանի տեսնելու»,- ըսաւ Վարչապետը՝ յիշեցնելով, որ Յունուար մէկէ փոքր գործարարութիւնը ազատուած է հարկերէն: Կառավարութեան ղեկավարին խօսքով՝ գործադիրը ստեղծած է բաւարար դաշտ, եւ, եթէ ինքնակարգաւորումեր տեղի չունենան՝ պետութիւնը պիտի պարտադրէ որոշակի չափանիշներ:
«Մեր խնդիրն է՝ աշխատանքի համար ստեղծել բոլոր հնարաւոր պայմանները: Կը կրկնեմ, բազմոցին պառկած մարդու աղքատութիւնը կառավարութիւնը պիտի չի յաղթահարէ, այդ մարդը առնուազն պէտք է բռնէ կառավարութեան ձեռքը ու բարձրանայ բազմոցէն»,- ըսաւ ՀՀ վարչապետը՝ աւելցնելով, որ չաշխատող մարդը չի կրնար լաւ ապրիլ:
«Հիմա մենք աշխատանքի համար ստեղծած ենք բարենպաստ դաշտ, եւ այնտեղ, ուր այդ բաւարար դաշտին մէջ ինքնակարգաւորումներ տեղի չեն ունենար, մենք որոշակի չափանիշներ պէտք է պարտադրենք։ Մենք մարդոց կ՝ըսենք՝ ձեզի ազատած ենք հարկերէն եւ աշխարհի տարբեր վայրերէն ձեզի համար կը բերենք թէական յաճախորդներ։ Ահա ստեղծուած է այն դաշտը, որ ոչ թէ կառավարութիւնը կամ ոեւէ մարդ ձեզի պէտք է գումար վճարէ, որ դուք լաւ ապրիք, այլ ստեղծուած է դաշտ, որպէսզի դուք սեփական մտքով, սեփական աշխատանքով ու գաղափարներով հնարաւորութիւն ունենաք վաստակելու օրուան հացը։
Այս է կեանքը փոխելու մեր բանաձեւը։ Մենք կը կառուցենք ճանապարհներ, մանկապարտէզներ, դպրոցներ, այլ ենթակառուցուածքներ, որպէսզի այս թէական յաճախորդներու եւ ծառայութիւն կամ ապրանք առաջարկողներու հաղորդակցութիւնը դառնայ հնարաւորինս դիւրին։ Այս է լաւ ապրելու տարբերակը ՀՀ-ի մէջ։ Եւ կ՝ուզեմ ըսել՝ չաշխատող մարդը որեւէ երկրի մէջ լաւ չէ ապրած։ Եւ, հետեւաբար, մեր խնդիրն է աշխատանքի համար ստեղծել բոլոր պայմանները։ Բազմոցին պառկած մարդոց աղքատութիւնը կառավարութիւնը պիտի չի յաղթահարէ։ Այդ մարդը առնուազն պէտք է բռնէ կառավարութեան ձեռքը, բարձրանայ բազմոցէն»,- ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ երկարաժամկէտ առումով լաւ ապրելու գրաւականը կրթութիւնն է։
erakouyn.com/2020/01/09/աղքատութիւնը-յաղթահարելու-միջոցը-աշ/