Անպարի Եւ Իրպիլի Մէջ Ամերիկեան Ռազմակայանները Ռմբակոծուեցան
09 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իրանի Յեղափոխութեան պահակագունդը՝ իբրեւ առաջին հակադարձութիւն զօր. Քասեմ Սլէյմանիի սպանութեան, տասնեակներով ցամաք-ցամաք հրթիռներ արձակեց Իրաքի մէջ Այն Ասատ ռազմակայանին վրայ։
Ըստ պահակագունդին՝ սպաննուեցան առնուազն 30 ամերիկացի զինուորներ, իսկ, ըստ իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութեան եւ պետական պատկերասփիւռի կայանին՝ 80 զինուորներ։ Միւս կողմէ, ամերիկեան եւ եւրոպական աղբիւրներ նշեցին, որ, ըստ երեւոյթին, Թեհրան դիտումնաւոր կերպով ուզեց, որ զոհեր չարձանագրուին Իրաքի մէջ ամերիկեան ռազմակայաններու ռմբակոծման ընթացքին։
Կայանը նշեց, որ 15 հրթիռներ հարուածեցին Այն Ասատ ռազմակայանը, եւ ամերիկեան հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը չկրցան մէկ հրթիռ իսկ վնասազերծել։
Իրանեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ 5 հրթիռներ արձակուեցան Իրաքի մէջ ամերիկեան Թաժի ռազմակայանին դէմ։
Իրաքեան բանակը հաղորդեց, որ Իրաք Իրանի կողմէ հրթիռակոծուած է 22 հրթիռներով, որոնցմէ 17ն ինկած է Այն Ասատ ռազմակայանին վրայ, իսկ 5ը՝ Իրպիլի մէջ Միջազգային դաշինքին պատկանող դիրքերու վրայ։ Իրաքեան կողմը մարդկային վնասներ չունի։
ԻՐԱՆԵԱՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մուհամետ Ժաւատ Զարիֆ յայտնեց, թէ Այն Ասատի ռմբակոծումը Միացեալ Նահանգներուն ուղղուած «ապտակ մըն է», իսկ զօր. Սլէյմանիի սպանութեան վրէժը՝ «զանոնք շրջանէն հեռացնել»ը պիտի ըլլայ։ Ան զգուշացուց, որ Ուաշինկթըն աւելի ցաւոտ հարուածներ պիտի ստանայ, եթէ հակադարձէ իրանեան գործողութեան։ Զարիֆ հաստատեց, որ իր երկիրը պատերազմի կամ մագլցումի չի ձգտիր, սակայն ինքզինք պիտի պաշտպանէ որեւէ յարձակումի դէմ. «Իրան հարուածեց այն ռազմակայանը, ուրկէ ընթացք առաւ մեր քաղաքացիներուն ու բարձրաստիճան պատասխանատուներուն դէմ երկչոտ զինեալ յարձակումը», աւելցուց ան։
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի իր կարգին դիտել տուաւ, որ իրանեան զինուորական պատասխանը «պարզապէս ապտակ մըն էր եւ գործուած ոճիրին համաչափ չէր, իսկ հիմնական հակադարձութիւնը զանոնք տարածաշրջանէն դուրս բերելն է»։
«Միացեալ Նահանգները թերեւս Սլէյմանիին ձեռքը կտրեց, սակայն Իրան տարածաշրջանէն անոնց «ոտքը պիտի կտրէ», յայտարարեց Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի։
«Ժամանակն է, որ ամերիկացի ղեկավարները իրենց ահաբեկչական բանակի ուժերը արագօրէն հեռացնեն շրջանէն։ Ամերիկեան որեւէ նոր չար արարքի պատասխանը աւելի ծանր ու աւելի վճռական հարուած պիտի ըլլայ», իր կարգին յայտնեց Իրանի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ զօր. Մուհամետ Հուսէյն Պաքրի։
Իրանի Յեղափոխութեան պահակագունդը խորհուրդ տուաւ Միացեալ Նահանգներուն՝ իր ուժերը հեռացնելու տարածաշրջանէն, որպէսզի յաւելեալ ամերիկացի զինուորներ չսպաննուին։
ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
«Ամէն ինչ լաւ է։ Իրանէն հրթիռներ արձակուեցան Իրաքի մէջ գտնուող երկու ռազմակայաններու վրայ։ Այժմ մարդկային կորուստներու եւ նիւթական վնասներու արժեւորումը տեղի կ՛ունենայ։ Մինչեւ հիմա ամէն ինչ լաւ է։ Աշխարհի վրայ անհամեմատելի հզօրագոյն եւ լաւապէս զինուած բանակ ունինք», իրանեան յարձակումէն անմիջապէս ետք «Թուիթըր»ի վրայ գրեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ։
Աւելի ուշ տուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Թրամփ հաստատեց, որ Իրաքի մէջ ամերիկեան ռազմակայաններուն վրայ եղած յարձակումին պատճառով ամերիկացի ոչ մէկ զինուոր տուժած է. բոլորը լաւ են, իսկ վնասները թեթեւ եւ աննշան են։ Ըստ անոր՝ աշխարհի պետութիւնները հանդուրժեցին աշխարհի կայունութիւնը ցնցող Իրանի քաղաքականութիւնը, սակայն այդ ժամանակները վերջ գտած են արդէն։
«Սպաննեցինք Քասեմ Սլէյմանը, որ աշխարհի թիւ մէկ ահաբեկիչն է եւ պատասխանատուն հազարաւոր զինուորներու մահուան եւ վիրաւորուելուն։ Իրան ահաբեկչութիւնը նիւթապէս մատակակարեց այն դրամներով, զորս ան ձեռք ձգեց հիւլէական համաձայնութեան շնորհիւ, մենք տնտեսական յաւելեալ պատժամիջոցներ պիտի որդեգրենք անոր դէմ՝ մինչեւ որ ետ կենայ այս ընթացքէն», ըսաւ Թրամփ՝ աւելցնելով. «Մեծ ուժերուն հետ պէտք է գործակցիլ, որպէսզի Իրանի հետ նոր համաձայնութիւն մը գոյացնենք, եւ այդպիսով աշխարհը աւելի ապահով վայր մը դառնայ՝ ժամանակը հասած նկատելով, որ Բրիտանիա, Ֆրանսա, Գերմանիա եւ Չինաստան դադրին Իրանի հետ հիւլէական համաձայնութենէն»։
Թրամփ նշեց, որ շրջանին մէջ խաղաղութիւն պիտի չհաստատուի, այնքան ատեն որ Իրան իր այս գործելաոճը կը շարունակէ՝ աւելցնելով, որ ՆԱԹՕէն պիտի պահանջէ մեծ դերակատարութիւն ունենալ Միջին Արեւելքի մէջ։
Միացեալ Նահանգներու նախագահը նաեւ ըսաւ, որ Միջին Արեւելքի քարիւղին կարիքը չունին, որովհետեւ իր երկիրը քարիւղի եւ կազի մեծագոյն արտադրողն է աշխարհի մէջ, իսկ «Իսլամական պետութիւն» կոչուած կազմակեր-պութեան վտանգը չէզոքացնելը Միացեալ Նահանգներու առաջնահերթութիւնն է ներկայիս։
Խօսքը Իրանի ժողովուրդին եւ Թեհրանի ղեկավարութեան ուղղելով՝ ան յայտնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է խաղաղութեան՝ անոր ձգտողներուն հետ, եւ հաստատեց, որ ներկայիս յաւելեալ ռազմական ուժ պիտի չօգտագործեն՝ նախընտրելով տնտեսական պատիժի ուժին դիմել։
Սպիտակ տան մէջ Յունաստանի վարչապետին հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Թրամփ յայտարարեց, որ ամերիկեան ուժերուն Իրաքէն հեռացումը Իրաքի համար շատ վատ պիտի ըլլայ՝ շեշտելով Իրանի ներկայացուցած վտանգը։ Ըստ անոր՝ ամերիկեան ուժերը պիտի հեռանան Իրաքէն, սակայն տակաւին այդ մէկը ընելու ժամանակը չէ հասած։ Ան դիտել տուաւ, որ Միացեալ Նահանգները պատրաստ է իրանեան ամէն տեսակ պատասխանի՝ շեշտելով, որ իր կարգին պիտի հակադարձէ։
Յարձակումէն ետք, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարը, արտաքին գործոց նախարարը եւ սպայակոյտերու պետերու միացեալ մարմինի նախագահը հանդիպում ունեցան Սպիտակ տան մէջ։
Պաշտպանութեան նախարարը մինչ այդ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգները ոչ մէկ դիմում ստացաւ Իրաքի կողմէ՝ իր ուժերը իրաքեան հողերէն դուրս բերելու։ Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ իրանեան վրէժ լուծել միտող գործողութիւն մը նախատեսելի է, սակայն իրենք կը ձգտին դիւանագիտական լուծում գտնել։
Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսի հաստատեց, որ կը հետեւի կացութեան՝ դիտել տալով, որ պէտք է Իրաքի մէջ տեղակայուած ամերիկեան զինուորներուն ապահովութիւնը երաշխաւորել, ինչպէս նաեւ կասեցնել ընդվզում յառաջացնող անհարկի քայլերը Թրամփի վարչակարգին կողմէ՝ կոչ ուղղելով Իրանին բռնութիւնը կասեցնելու։
Մինչ Խրուաթիա եւ Սլովենիա յայտարարեցին, որ իրենց ուժերը Իրաքէն դէպի Քուէյթ կը հեռացնեն, ֆրանսական կառավարական աղբիւր մը «Ռոյթըրզ»ին յայտնեց, թէ Ֆրանսա Իրաքի մէջ իրանեան հարուածներէն ետք մտադիր չէ Իրաքի մէջ տեղակայուած իր ուժերը հեռացնելու։
asbarez.com/arm/361389/Անպարի-Եւ-Իրպիլի-Մէջ-Ամերիկեան-Ռազմակ/