Իսրայէլ Չ՛ուզեր Իրանի Եւ Միացեալ Նահանգներու Տագնապին Մէջ Ներգրաւուիլ
09 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց, որ Իսրայէլ ոչ մէկ կապ ունի Պաղտատի օդակայանին դէմ Միացեալ Նահանգներու հրթիռային հարուածին հետ, որուն իբրեւ հետեւանք սպաննուեցաւ Իրանի Յեղափոխութեան պահակագունդի «Քուտս» ջոկատի հրամանատար Քասեմ Սլէյմանին, ուստի Թել Աւիւ պէտք չէ ներգրաւուի Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ ստեղծուած տագնապին մէջ։ Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը։
Ըստ իսրայէլեան լրատուամիջոցներու՝ Իսրայէլի վարչապետը այս մասին յայտարարեց Իսրայէլի Ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ նիստին ընթացքին։
Նոյն ատեն, ինչպէս կը գրէ աղբիւրը, Նեթանիահու յանձնարարեց կառավարութեան անդամներուն հանդէս գալ Սլէյմանիի սպանութեան վերաբերեալ ամերիկամէտ յայտարարութիւններով։
asbarez.com/arm/361377/Իսրայէլ-Չ՛ուզեր-Իրանի-Եւ-Միացեալ-Նահա/