Հայերուն մոռցուած եղբայրները՝ Ուտիները Զօրավար Մովսէս Սիլիկեան եւ Սարգիս Կուկունեան
Հայերուն մոռցուած եղբայրները՝ Ուտիները
13 ԱՊՐԻԼ 2017 – ՊԱՏՄԱԿԱՆ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:
Ուտիներու դժուար անցեալն ու տխուր ներկան
Այսօր քիչերը կը յիշեն, որ ներկայ Ատրպէյճանի տարածքին բնակող տեղաբնիկ փոքրաթիւժողովուրդներէն մէկը՝ ուտիները, դարեր շարունակ հայկական հոգեւոր-մշակութային դաշտին մաս կազմած են, դարձեր են հայ ժողովուրդի ոչ-արիւնակից եղբայրները։ PanARMENIAN համառօտ ձեւով կը ներկայացնէ, թէ որո՛նք են ուտիները եւ ի՛նչ կապ ունին հայերուն հետ։
Որո՞նք են ուտիները
Ուտիները կամ ուդիները պատմական Կովկասեան Աղուանքի (Բուն Աղուանք, Կուր գետէն դէպի արեւելք՝ մինչեւ Կովկասեան լեռնաշղթայ տարածուող հին պատմական-աշխարհագրական շրջան) հնագոյն ժողովուրդներէն միակն են, որոնք ոչ միայն դարերու ընթացքին պահպանած են իրենց գոյութիւնը եւ հասած մինչեւ մեր օրերը, այլեւ՝ մնացած են քրիստոնէական կրօնքին հետեւորդներ։ Սակայն ուտիներու մէկ մասը զերծ չէ մնացեր մահմետականացումէն եւ թրքալեզուացումէն։ Ուտիներու լեզուն կը պատկանի Կովկասեան լեզուներու լեզգիական խումբին։
Ուտիները խիստ փոքրաթիւ ժողովուրդ են՝ ընդհանուր առմամբ մինչեւ 10 հազար հոգի, որոնց մէկ մասը կ’ապրի պատմական հայրենիքին մէջ՝ ներկայիս Ատրպէյճանի Գաբալայի շրջանի Նիժ եւ Օղուզի շրջանի Օղուզ (մինչեւ 1991 թ.՝ Վարդաշէն) գիւղերուն մէջ։ Մնացածը կը բնակի Ռուսաստանի, Վրաստանի, Ուքրանիոյ մէջ, փոքրաթիւ (մինչեւ 200 հոգի) համայնք կայ նաեւ Հայաստանի մէջ՝ հիմնականօրէն Տաւուշի մարզին մէջ։
Ուտիներու վերջին 2 գիւղերը՝ Ատրպէյճանի տարածքին
Ուտիներու պատմական ճակատագիրը ամենասերտ կապերով կ’առնչուի հայերու պատմութեան հոլովոյթին՝ այն աստիճան, որ արդէն 18-19րդ դարերուն իրենք իրենց համարած են հայ ժողովուրդի մէկ մասնիկը, զգալիօրէն հայացեր են՝ իրենց դաւանական պատկանելիութեամբ, մշակոյթով ու նիստուկացով (բնականաբար, ազգային առանձնայատկութիւնները պահպանելով հանդերձ), հայ ազատագրական պայքարին իրենց անմնացորդ նուիրումով։
Պատահական չէ, որ 1720ական թթ. հայերէն գրուած նամակով մը ուտիները, նկարագրելով իրենց ծանր կացութիւնը, կը գրեն, թէ «ցերեկները թրքութիւն կ’ընեն, իսկ գիշերները՝ հայութիւն»։
Հայերու հետ ինքնանոյնացումը եւ օտարներու կողմէ յաճախ ուտիներն ու հայերը չտարանջատելը այն գլխաւոր պատճառներէն էին, որոնց հետեւանքով 1980ական թթ.վերջին՝ հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան բռնկումէն անմիջապէս ետք, ատրպէյճանական իշխանութիւններուն բռնաճնշումներուն ենթարկուեցան նաեւ ուտիները։ Անոնցմէ շատերը (թէ՛ ուտիախօս, թէ՛ ատրպէյճանախօս ուտիները) հայերու նման ստիպուած եղան լքելու հայրենի բնակավայրերն ու բռնագաղթել (հիմնականօրէն դէպի Ռուսաստան)։
Ի վերջոյ, ի՞նչն էր հայերն ու ուտիները միաւորողը։
Մէկ կրօն, մէկ ճակատագիր
Հայ-ուտիական եզակի սերտ կապերուն արմատները շատ խոր են՝ սկսած 4րդ դարէն, երբ Հայաստանի եւ Աղուանքի մէջ (ուտիներու նախնիներու հայրենիքը) քրիստոնէութիւնը պետական կրօն դարձաւ։ Սկիզբէն աղուանական եկեղեցին դաւանական միութեան մէջ էր հայոց եկեղեցւոյ հետ, ապա՝ լիովին ձուլուեցաւ հայ եկեղեցւոյ կառոյցին մէջ։ Այնուհետեւ արաբական տիրապետութենէն ետք տեղ-տեղ քրիստոնէական շերտը պահպանած Աղուանքի տարածքը հայոց հոգեւոր, մշակութային, երբեմն նաեւ քաղաքական գերիշխանութեան սահմաններուն մէջ էր։ Դարերու ընթացքին աղվուանական ցեղերու մեծ մասը ձուլուեցաւ-անհետացաւ, եւ միայն փոքրաթիւ ուտիներ, ըլլալով հայ եկեղեցւոյ հետեւորդներ, կրցան պահպանել իրենց քրիստոնէական ինքնութիւնը։
Քանի որ միջին դարերուն մեծապէս դաւանանքով կ’որոշուէր ազգութիւնը, ուստի թէ՛ ուտիները իրենք իրենց, թէ՛ հայերը եւ օտարները զիրենք հայ համարած են։
Կենցաղի մէջ հիմնականօրէն ըլլալով ուտիախօս՝ անոնք գերազանցապէս տիրապետած են հայոց լեզուին, օգտագործած են հայոց գիրը։ Եկեղեցական արարողութիւնները կատարուած են հայկական ծէսով եւ հայերէն։ Ուտիները ունեցած են (ունին) հիմնականօրէն հայկական անուն-ազգանուններ, հայկական դպրոցներ, հայատառ արձանագրութիւններով եկեղեցիներ ու տապանաքարներ։
11րդ դարէն սկսած, Վրաստանի հզօրութեան ժամանակաշրջանին, ուտիներու մէկ մասը վրացական դաւանանք՝ քաղկեդոնականութիւն, ընդունեց եւ հեռացաւ հայկական ազդեցութենէն։ Հայ առաքելական եւ քաղկեդոնական ուտիները տարբերակելու համար, յաճախ զանոնք անուանած են «հայ ուտի» եւ «գիւրջի (վրացի) ուտի»։
Ուտիներուն մեծ մասը, սակայն, միջին դարերուն աստիճանաբար մահմետականացուեր է, կորսնցուցեր է ուտիերէն լեզուն։ Մահմետականացման ու թրքացման ամենամեծ ալիքներէն մէկը տեղի ունեցեր է 18-19րդ դարերուն։ 1905-1906 թթ., 1918-20 թթ. հայերուն հետ միասին ջարդերու եւ բռնագաղթի ենթարկուեր են նաեւ ուտիները` շուրջ 8 հազարէն կոտորուեր են մօտ 3,5 հազարը։1980ականներուն, Ատրպէյճանի տարածքին քրիստոնեայ ուտիախօս ընդամէնը երկու գիւղ մնացեր էր՝ Նիժը եւ Վարդաշէնը, եւ եւս երեք ատրպէյճանախօս քրիստոնեայ ուտի բնակչութեամբ գիւղեր։
Ներկայիս Ատրպէյճանի ազգային փոքրամասնութիւններու ձուլման քաղաքականութեան հետեւանքով՝ ուտիներուն թիւը շարունակ կը նուազի։ Օրինակ, եթէ մինչեւ 1950ականները Վարդաշէնի բնակչութեան բացարձակ մեծամասնութիւնը ուտիներ եւ հայեր էին, ապա ներկայիս մնացեր են ընդամէնը 20էն պակաս ուտի ընտանիքներ, իսկ ամբողջ Ատրպէյճանի մէջ ուտիներուն թիւը չի գերազանցեր 4 հազարը։ Հետազօտողներու դիտարկմամբ՝ այժմ Ատրպէյճանի մէջ մնացած ուտիներու շրջանին մէջ մեծ թափով «վերափոխման», հայկականութենէ հրաժարման ընթացք տեղի կ’ունենայ. հայադաւան եկեղեցւոյ հետեւորդները զանգուածաբար անցեր են ուղղափառ-վրացադաւանութեան, կը փոխուին հայկական ազգանունները, Ատրպէյճանի պարտադրմամբ կը գրուին յօդուածներ, որոնց մէջ կը ժխտուին հայերու հետ ունեցած կապերն ու ազդեցութիւնները, իսկ 2004 թ. նոյնիսկ Նիժ գիւղի հայադաւան Ս. Եղիշէ եկեղեցւոյ հայերէն արձանագրութիւնները ջնջուած են։
Ցաւօք սրտի, հայերուն բախտակից եղբայրները դարձած ուտիները, այսօր, գրեթէ լրիւ մոռցուած են հայերուն կողմէ, իսկ 1990ականերու սկիզբը Ատրպէյճանէն Հայաստան՝ հիմնականօրէն Նոյեմբերեանի շրջան, գաղթած ուտիները (յատկապէս ատրպէյճանախօս ուտիները), որոնք կը ցանկային վերահաստատուիլ հոն, պատշաճ աջակցութեան չարժանացան եւ շատերը տեղափոխուեցան այլ երկիրներ՝ հիմնականօրէն Ռուսաստան։
Ուտիներու բազմամեայ գիտական հետազօտող ազգագրագէտ Հրանոյշ Խառատեան կը նշէ, որ երբ 1988 թ. Նոյեմբերի վերջ-Դեկտեմբերի սկիզբը Շաքիէն, Վարդաշէնէն եւ Նիժէն Նոյեմբերեանի շրջան եկան ուտիախօս եւ ատրպէյճանախօս, բայց քրիստոնեայ ուտի ընտանիքներ, շրջանի ղեկավարը (Կոմկուսի շրջկոմի առաջին քարտուղարը) սկզբնապէս չէր հասկացած, թէ ուտիները ո՛վ են եւ ինչո՛ւ փախած են Ատրպէյճանէն։ Յետոյ խնդիրը պարզուեր է, սակայն յաջորդ տարի Ատրպէյճանէն յատուկ բանագնացներ եկեր են՝ ատրպէյճանախօս ուտիները ետ հրաւիրելու Ատրպէյճան։ Եւ քանի որ վերջինները իրենց լեզուին պատճառով լաւ ընդունելութիւն չէին գտած հայերուն կողմէ, շատերը վերադարձան Ատրպէյճան։ Միւսները կա՛մ մնացին Հայաստան (փոքր մասը), կա՛մ արտագաղթեցին ծանր հասարակական-տնտեսական պայմաններու պատճառով։ Ներկայիս Հայաստանի մէջ մնացած փոքրաթիւ ուտիները չունին նոյնիսկ ազգային փոքրամասնութեան պաշտօնական կարգավիճակ։
Հայ ժողովուրդի նշանաւոր ուտի զաւակները
Ինչպէս նշուեցաւ՝ ուտիներու հայադաւան քրիստոնէական կրօնը պահպանած հատուածը 19րդ դարուն (եւ անկէ ալ առաջ), պահպանելով հանդերձ սեփական ուրոյն ազգային ինքնագիտակցութիւնն ու մշակութային առանձնայատկութիւնները, զգալիօրէն հայացեր էր եւ մահմետական օտարներու շրջապատին մէջ ինքզինք լայն առումով հայ կը համարէր։ Ասոր լաւագոյն վկայութիւններէն մէկը՝ Սիլիկեաններու ուտի յայտնի գերդաստանի ներկայացուցիչ, Փեթերսպուրկի մէջ ուսանող Հայրապետ Սիլիկեանին հայերէն նամակն է (1877 թ.)՝ ուղղուած իր հայրենակից, Վարդաշէն գիւղի քահանայ Մկրտիչ Մելիք-Վարդազարեանցին.- «Գթառատ հայր իմ… ես մանկութենէս պարապեր եմ հայկական մայրենի լեզուով… իսկ ուտերէնին լաւ չեմ տիրապետեր, կը խնդրեմ, որ ինծի ուղարկէք այդ լեզուով երգեր ու բանաստեղծութիւններ, եթէ, ի հարկէ, կան»։
Մովսէս Սիլիկեան եւ Սարգիս Կուկունեան
Հայ-ուտիներէն ամենայայտնին, թերեւս, նշանաւոր զօրավար, Սարդարապատի ճակատամարտի հերոս, հայկական բանակի ժեներալ-լէյտէնանտ Մովսէս Սիլիկեանն է (1862-1937 թթ.)։ Ծնած է ուտիաբնակ Վարդաշէն գիւղը, եղած է հայ առաքելական եկեղեցւոյ հետեւորդ։ Ուշագրաւ փաստ մը կայ, ըստ որուն՝ խորհրդային անվտանգութեան մարմիններուն կողմէ ձերբակալուելէ ետք, 1935թ. Նոյեմբերին, իր ցուցմունքով Մ. Սիլիկեանը պարզաբաներ է, որ որոշ դէպքերու ժամանակ ազգութիւնը նշած է հայ, քանի որ շատերը չէին հասկնար, թէ ի՛նչ ազգութիւն է ուտին: Միւս նշանաւոր հայ-ուտին հայ ազգային-ազատագրկան շարժման ականաւոր գործիչ Սարգիս Կուկունեանն է (1863-1913 թթ.)։ Ծնած է ուտիաբնակ Նիժ գիւղը։
Յաճախած է Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը, ապա Սենթ Փեթերսպուրկի համալսարանը։
1890 թ. իր կողմէ կազմակերպուած 107 հոգինոց զինուած խումբով Կարսէն փորձեր էր անցնիլ Արեւմտեան Հայաստան, սակայն մարտի բռնուեր էր ռուս սահմանապահներու հետ, ձերբակալուեր, դատապարտուեր երկարատեւ աքսորի ու տաժանակրութեան, ապա կարճատեւ ազատումէ ետք կրկին ազատազրկուեր ու մահացեր է բանտին մէջ։
azator.gr/?p=3684