Ակնարկ – Տարածաշրջանային մակարդակի վրայ տարին սկսաւ նոր փուլի նախանշային իրադարձութեամբ

Ակնարկ. Երրորդ Տարածքներու Տեսութիւնը

Ակնարկ – Տարածաշրջանային մակարդակի վրայ տարին սկսաւ նոր փուլի նախանշային իրադարձութեամբ

Ակնարկ. Երրորդ Տարածքներու Տեսութիւնը

10 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ակնարկ. Երրորդ Տարածքներու Տեսութիւնը

Տարածաշրջանային մակարդակի վրայ տարին սկսաւ նոր փուլի նախանշային իրադարձութեամբ: Միացեալ Նահանգներ – Իրան առճակատման յարաբերութիւններու մէջ գերլարուած իրավիճակ ստեղծուեցաւ Թրամփի հրահանգով Իրաքի մէջ իրանցի զօրավարի սպանութեամբ:

Այնուհետեւ կատարուած յայտարարութիւնները, մեղադրանքները, կարմիր գիծերը հատած ըլլալու հաստատումները, դատապարտանքները քանի մը ուղենշային երեւոյթի մասին մտածել կու տան:

Հակադարձ գործողութիւնը անպայման պիտի ձեռնարկուէր: Իրաքի մէջ ամերիկեան յենակէտեր հարուածելու Իրանի պատասխանը անխուսափելի էր: Ուաշինկթընը արդէն խորհրդանշական թիւ յայտարարած էր շարունակական գործողութիւններու: Կը թուէր, որ ուղղակի առճակատման փոխարէն կողմերը ընտրած էին երրորդ տարածքներու վրայ ռազմական հակամարտութիւնը շարունակելու կարելիութիւնը: Այս պարագային գլխաւոր մարտադաշտը Իրաքն է: Միացեալ Նահանգներու նախագահի ուղերձը որոշակիօրէն փոխեց կանխատեսումնային վերլուծաբանութեան ուղղութիւնը: Շեշտը կը դրուէր տնտեսական պատժամիջոցները շարունակելու վրայ. ռազմական հարուածներու սպառնալիքը յայտնաբար փոխարինուած էր աւանդական պայքարի տարբերակով: Այս մէկը չի նշանակեր անշուշտ, որ ռազմական ընտրանքը բացառուած է: Գրոհ-հակագրոհ երեւոյթին կրնանք ականատես ըլլալ միշտ` նկատի ունենալով երրորդ տարածքի տեսութիւնը:

Իրանեան գլխաւոր թիրախը Միջին Արեւելքի մէջ ռազմական գործողութիւններու ընդհանուր համակարգողն էր: Այլ խօսքով` իրանեան ազդեցութեան գօտիներ հիմնական ձեւաւորողը, որ շատ անգամ խոչընդոտած էր աշխարհագրական նոյն տարածքին մէջ ամերիկեան ծրագիրներու իրականացումը:

Ամերիկեան թիրախները ուրեմն նոյն տարածաշրջանին մէջ իրանեան ազդեցութեան գօտիներն են: Այդ գօտիներէն կը նկատուի անշուշտ Լիբանանը, ուր Հըզպալլան կ՛ընկալուի իբրեւ իրանեան բանակի լիբանանեան ստորաբաժանումը: Իրանամէտ կուսակցութիւնը փաստօրէն հրապարակած է ռազմական նոր առաջադրանք` տարածաշրջանէն ամերիկեան ուժերու հեռացումը:

Նախ եւ առաջ Իրաքէն ամերիկեան ուժերու հեռացումը կրնայ վերածուիլ բազմակողմ օրակարգի: Հեռացման որոշումը սակայն ամենայն հաւանականութեամբ կը կայանայ ցնցումնային դիպաշարներու հետեւողութեամբ:

Բացի լիբանանեան ռազմահարթակէն, աշխարհագրական հարեւանութեամբ առնչութիւններ կը ստեղծուին նաեւ Հայաստանի հետ: Որքան գերլարուի իրավիճակը, այնքան Իրանի սահմանամերձ երկիրները կը յայտնուին ամերիկեան տեսադաշտին մէջ` շրջափակման օղակը նեղցնելու ուղղութեամբ: Պաշտօնական Երեւանի յայտարարութիւնը ըստ էութեան փոխլրացուցիչ, հաւասարակշիռ քաղաքականութեան եւ բազմակողմ դիւանագիտութեան հիմնադրոյթները նկատի առած է: Կարեւոր հանգամանք է նաեւ այն, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարը ի՛նք նախաձեռնած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն հաստատել իր հայ գործընկերոջ հետ:

Ուաշինկթընը հայաստանեան իր դեսպանատան միջոցով Իրանի դէմ տնտեսական պատժամիջոցներ հաստատելու միջոցին յայտարարած էր, որ հասկնալի կը գտնէ Իրան – Հայաստան առեւտրական կապերու շարունակումը: Թէ՛ Երեւանէն եւ թէ՛ Ստեփանակերտէն հնչած յայտարարութիւնները անպայման նկատի կ՛ունենան մէկ կողմէ սահմանամերձ Իրանի կենսական նշանակութիւն ունեցող բաց դրան հանգամանքն ու Թեհրանի հաւասարակշռուած դիրքորոշումը` արցախեան հակամարտութեան մէջ, միւս կողմէ աշխարհաքաղաքական գլխաւոր ուժ Ուաշինկթընի հետ գոյութիւն ունեցող բազմակողմ յարաբերութիւններն ու Միացեալ Նահանգներու միջնորդ համանախագահ ըլլալը Արցախի հիմնախնդիրին:

Շահարկումները, հետեւաբար, անընդունելի են: Առաւելներ արձանագրելու համար հայկական առնչութիւններ շրջանառութեան մէջ դնելը` իշխանութիւն – ընդդիմութիւն պայքարէն շատ հեռու, ուղղակի կը վնասէ պետականութեան:

Սլաքները պէտք է ուղղել միւս երկու հարեւաններուն ուղղութեամբ: Փորձել նկատել հետագայ իրավիճակային այն նեղ պայմանները, որոնց կրնան մատնուիլ թէ՛ Անգարան եւ թէ՛ Պաքուն, Իրան – ամերիկեան հակամարտութեան յաւելեալ թէժացման հանգրուաններուն: Երրորդ տարածքներ օգտագործելու իրողութիւնը կրնայ չբացառել ազրպէյճանական տարածքներու վրայ ամերիկեան ռազմական յենակէտեր տեղադրելու պահանջը: Պաքուն կրնայ յայտնուիլ այս անգամ ո՛չ միայն Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու, այլ նաեւ Միացեալ Նահանգներու եւ Մոսկուայի աքցանին մէջ:

«Ա.»

aztagdaily.com/archives/460238

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail