Վարչապետ Փաշինեան. «2020-ը Ռազմավարական Խնդիրներու Լուծումով Զբաղելու Ժամանակաշրջան Պէտք Է Ըլլայ»

Վարչապետ Փաշինեան. «2020-ը Ռազմավարական Խնդիրներու Լուծումով Զբաղելու Ժամանակաշրջան Պէտք Է Ըլլայ»

10 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՆԵՐՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 2019 թուականը յաջողած տարի նկատեց: Կառավարութեան նիստին սկիզբը ան նշեց, որ 2018-2019 թուականներուն կարելի եղաւ լուծել օրակարգի կարճաժամկէտ բոլոր խնդիրները, եւ 2020 թուականը պէտք է արդէն ռազմավարական խնդիրներու լուծումով զբաղելու ժամանակաշրջան ըլլայ: «Ես կը կարծեմ` 2020 թուականը բաւական լաւ սկսած ենք, եւ այն նորացուած հայեցակարգը, որ մենք առաջարկեցինք Հայաստանի քաղաքացիներուն եւ ոչ միայն Հայաստանի քաղաքացիներուն, ըստ էութեան ինքզինք արդարացուց», նշեց ան:

Ըստ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, 2020-ը զբօսաշրջային առումով աւելի լաւ տարի պիտի ըլլայ, ատոր ազդակները կան` օդանաւային նոր ընկերութիւններու մուտքը հայկական շուկայ, միջազգային լրատուամիջոցներուն կողմէ Հայաստան այցելելու յանձնարարականները, որոնք կ՛ենթադրեն սպասարկման մակարդակը բարձրացնելու ուղղութեամբ աշխատանք տանիլ:

Վարչապետը անդրադարձաւ ընկերային ցանցերուն վրայ կատարուող քննարկումներուն, որոնք կը վերաբերին կառավարութեան որոշումով «Հայաստանն իմ օճախն է, ժողովուրդը` իմ ընտանիքը» վահանակներու տեղադրման` շեշտելով, որ նպատակ չունի դառնալ ժողովուրդին հայրը. «Մեկնաբանութիւններ եղան, թէ այդ կարգախօսի գաղափարախօսութիւնը այն է, որ երկրի ղեկավարը ստանայ ժողովուրդի հօր կարգավիճակ: Մենք նման նպատակ չունինք: Կ՛ուզեմ յիշեցնել, որ ընտանիքին մէջ միայն հայրեր չէ, որ գոյութիւն ունին: Գոյութիւն ունին զաւակներ, եղբայրներ, քոյրեր, ու մենք մեր գաղափարական տրամաբանութիւնը շատոնց դրած ենք», յայտնեց վարչապետը:

Փաշինեան ըսաւ, որ իր խումբը կառավարութեան ղեկավարի գործառոյթը կը պատկերացնէ բացառապէս Հայաստանի քաղաքացիներուն ծառայութեան ձեւով:

Հայաստանի մէջ աղքատութեան մասին խօսելով` վարչապետ Փաշինեան ըսաւ, որ Հայաստանի քաղաքացիին համար աղքատութիւնը յաղթահարելու միջոցը աշխատանքն է` դիտել տալով, որ Հայաստան եկող յաճախորդներուն փոքր ու միջին գործարարութիւն կատարելու դիւրութիւն տալու համար, 1 յունուարէն այդ գործարարութիւնները զերծ կացուցուած են հարկերէն:

Եզրափակելով Փաշինեան ըսաւ, որ երկարաժամկէտ առումով լաւ ապրելու գրաւականը կրթութիւնն է:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

aztagdaily.com/archives/460237

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail