«Հսկողութեան Մեծագոյն Համակարգը Քանդեցինք» Կ՛ըսէ Թեհրան
10 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Մարք Էսփըր յայտնեց, որ 11 հրթիռներ հարուածած են Իրաքի մէջ Այն Ասատ ռազմակայանը, իսկ առնուազն մէկ հրթիռ ինկած է Էրպիլի մէջ:
Իրանի պաշտպանութեան նախարարը յայտարարեց, որ առնուազն երեք վայրերէ 16 կարճ հասողութեամբ թեւաւոր հրթիռներ արձակուած են:
Ամերիկեան բանակի սպայակոյտի պետերու միացեալ մարմինի ղեկավար Մարք Միլի ըսաւ, թէ տակաւին կանուխ է վստահ ըլլալու, թէ ամերիկեան ռազմակայաններուն դէմ իրանեան յարձակումը վերջ գտած է` շեշտելով, որ յարձակումին նպատակը կը թուի թէ մարդկային կորուստներ պատճառելն էր:
Իրանի Յեղափոխական պահակագունդին մէջ օդատիեզերական ուժի հրամանատար զօր. Ամիր Ալի Հաճիզատէ երէկ յայտնեց. «Կրնայինք Իրաքի Այն Ասատ ռազմակայանին մէջ ամերիկացի զինուորներուն գտնուած վայրը հարուածել, սակայն մեր թիրախը ատիկա չէր: Մեր նպատակը ռազմակայանին մէջ հրամանատարական կեդրոնի սենեակը քանդելն էր, ինչ որ յաջողեցանք, ինչպէս նկարները ցոյց կու տան»:
«Պատրաստ էինք ամերիկացի զինուորներ սպաննելու, եթէ ամերիկացիները պատասխանէին», աւելցուց ան:
Ան վստահեցուց, որ Այն Ասատ ռազմակայանին դէմ կատարուած գործողութիւնը առաջին քայլն է զօր. Քասեմ Սիւլէյմանիի սպանութեան համար պատիժին, որ շրջանէն ամերիկեան ուժերուն հեռացումն է:
Զօր. Հաճիզատէ նշեց, որ ամերիկեան 9 օդանաւեր վիրաւորները Այն Ասատ ռազմակայանէն Իսրայէլ եւ Յորդանան, ինչպէս նաեւ Պաղտատի մէջ հիւանդանոցներէն մէկը տեղափոխած են:
«Ամերիկացիներուն շրջանին մէջ ներկայութիւնը այլեւս վտանգուած է», ըսաւ ան եւ անոնց կոչ ուղղեց «տեղի ունեցածէն դաս քաղելու եւ շրջանէն կամաւոր կերպով հեռանալու»:
aztagdaily.com/archives/460256