ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ – Զօրավար Սուլէյմանիի Սպանութեան Արձագանգ
10 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄՇԱԿՈՅԹԱՅԻՆ ԳՈՐԾԵԼԱՈՃ:
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի գաղտնի սպասարկութիւններու կողմէ տասնամեակներէ ի վեր իրականացուած, ըստ իրենց, «վատ տղաներու» սպանութիւններու վերջինին զոհ գնաց Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» փաղանգի հրամանատար Քասեմ Սուլէյմանի: Անշուշտ արեւմտեան լրատուամիջոցներ ոճիրը արդարացնելու փորձեր կ՛ընեն, սակայն անոնց մէջ նոյնպէս կան այլ կարծիք արտայայտողներ: Ստորեւ` «Կարտիըն», «Նիւ Եորք Թայմզ», «Տէյլի Միրըր» եւ «Եուրոնիւզ» կայքերէն հատուածներ:
Ն.
Փենթակոն Ցնցուած Էր Սուլէյմանիի
Սպանութեան Վերաբերեալ Թրամփի Հրամանէն
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տ. Թրամփ հրամայած է սպաննել Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» փաղանգի հրամանատար զօրավար Քասեմ Սուլէյմանին` հակառակ Փենթակոնի (պաշտպանութեան նախարարութեան) եւ հետախուզութեան առարկութեան եւ վէճերուն:
«Քաոսային օրերու ընթացքին, որոնք յանգեցուցին Իրանի ամէնէն ազդեցիկ հրամանատարին` զօրավար Քասեմ Սուլէյմանիի զոհուելուն, ամերիկացի բարձրաստիճան զինուորականները, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տ. Թրամփին ներկայացուած առաջարկներու շարքին, առաջարկած էին անոր սպանութեան տարբերակը, որ կը դիտարկէին որպէս ամէնէն ծայրայեղ պատասխան վերջին բռնութեան, որ կը գլխաւորէր Իրանը Իրաքի մէջ»:
Այդ «ծայրայեղ» տարբերակը առաջարկած անձերը չէին կարծեր, որ նախագահ Թրամփ կ՛ընդունի ատիկա:
11 սեպտեմբեր 2001
2001 թուականի 11 սեպտեմբերի ահաբեկչութիւններէն ետք պատերազմներու ընթացքին Փենթակոնի ներկայացուցիչները Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն յաճախ առաջարկած են «անհաւանական» տարբերակներ, որպէսզի միւս կարելիութիւնները անոնց համեմատ աւելի գրաւիչ թուին:
«28 դեկտեմբերին զօրավար Քասեմ Սուլէյմանիի սպանութեան տարբերակի նախնական մերժումէն եւ Իրանի աջակցութիւնը վայելող շիի զինեալներու կեդրոնները օդային հարուածներու ենթարկելու իր համաձայնութիւնը տալէ քանի մը օր ետք, ըստ Փենթակոնի եւ նախագահի աշխատակազմի աղբիւրներուն, պարոն Թրամփ դիտած է պատկերասփիւռային հաղորդումներ, որոնք կը ցուցադրէին Իրանի աջակցութեամբ յարձակումները Պաղտատի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան վրայ»:
«Ծայրայեղ» տարբերակ
Հինգշաբթի, 2 յունուարի երեկոյեան նախագահ Տ. Թրամփ որոշած է դիմել «ծայրայեղ» տարբերակին:
Փենթակոնի ներկայացուցիչները ցնցուած էին:
Ինչպէս կը նշեն Փենթակոնի եւ նախագահի աշխատակազմի աղբիւրները, Թրամփ այդ որոշումը տուած է` հակառակ նախագահական աշխատակազմին մէջ ընթացող վէճերուն, թէ, ըստ շարք մը անձերու, եղած է հետախուզութեան նոր տեղեկութիւն, որ զգուշացուցած է Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնները, հիւպատոսութիւնները եւ զինուորականները` Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Իրաքի մէջ սպառնացող վտանգներու մասին:
Ըստ այդ տեղեկութեան, իբր թէ զօրավար Քասեմ Սուլէյմանի կը ծրագրէր «անխուսափելի» յարձակումներ, որոնք կրնային հարիւրաւոր մարդոց կեանքը խլել:
Սուլէյմանին Անօդաչուով Սպաննելը
Օրինակա՞ն Էր
Այս արարքէն ետք օրինականութեան հարցը կը մնայ ճշդելի: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ անօդաչու սարքի յարձակումին համար օրինական ոչ մէկ հիմք կայ:
ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց մասնագէտ Ագնէս Կալմարտ իր կարգին հաստատեց, որ Պաղտատի մէջ անօդաչուի սարքի հարուածը «նախորդ գործողութիւններուն համար շատ աւելի վրէժխնդրական էր, քան` սպասուող վերահաս ինքնապաշտպանութիւնը»:
Մինչ Միացեալ Նահանգներ կը պնդեն, որ Սուլէյմանի թիրախաւորուեցաւ «ամերիկացիներու կեանքերուն վերահաս սպառնալիքներուն համար»:
Բայց այդ օրինակա՞ն էր:
Ամերիկացի իրաւաբաններ եւ մասնագէտներ տարբեր կարծիքներ կ՛արտայայտեն:
Սակայն մէկ բան յստակ է. «Միջազգային իրաւունքին մէջ ուժի գործադրումը կը պահանջէ, որ որոշ հիմնարար սկզբունքներ պահպանուին. յարձակումը զինուորական անհրաժեշտութի՞ւն էր: Պէտք եղած նախազգուշութիւնները որդեգրուա՞ծ էին: Հանրութեան մատչելի ապացոյցներու բացակայութեան պայմաններուն մէջ, ինչո՞ւ միայն հիմնուած են Փենթակոնէն եկող յայտարարութիւններու վրայ: Ժամանակը պիտի տայ այս հարցումներուն պատասխանը»։
Միացեալ Նահանգներուն Համար Խորթ Չէ
Քաղաքական Սպանութիւններու Մութ Արուեստը
Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան համար խորթ չէ քաղաքական սպանութիւններու մութ արուեստը: Այդ երկիրը տասնամեակներ շարունակ օգտագործած է իր թշնամիները վերացնելու բարդ մեթոտներ` սկսելով 1960-ական թուականներուն Քոնկոյէն Փաթրիս Լումումպան սպաննել փորձելու համար մահացու թոյնով զինուած քիմիագէտը ուղարկելէ մինչեւ թունաւոր դեղահատերը, որոնք աւելցուած էին քուպացի առաջնորդ Ֆիտել Քասթրոյի ճաշին:
Բայց իրանցի զօրավար Քասեմ Սուլէյմանիի սպանութիւնը կը տարբերի: Այս պարագային իւրայատկութիւնը ոչ միայն սպանութեան եղանակն է, այլ` կատարման յանդգնութիւնը եւ իրաւաբանական նրբութիւններու եւ մարդկային զոհերու ակներեւ ամբողջական անտեսումը:
«Միացեալ Նահանգներ չեն կատարեր բարձրաստիճան պետական ծառայողներու սպանութիւններ բաց օդին մէջ», նշած է Ուաշինկթընի Մերձաւոր Արեւելքի հիմնարկի աւագ գիտաշխատող Չարլզ Լիսթըր` յիշեցնելով, որ Սուլէյմանին Իրանի մէջ հոգեւոր առաջնորդէն ետք երկրորդ ամէնէն ազդեցիկ մարդն էր:
Սպանութեան վերաբերեալ Տ. Թրամփի չարախինդ թուիթները` այդ գործողութիւնները արդարացնելու եզակի փորձերու ընկերակցութեամբ, յանգեցուցին անոր, որ Միացեալ Նահանգներ կը մեղադրուին այն յանցագործութիւններուն մէջ, որոնք Ուաշինկթըն սովորաբար կը վերագրէ իր թշնամիներուն: Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆ սպանութիւնը դատապարտած է` որպէս «միջազգային ահաբեկչական արարք»:
Ըստ Մասաչուսեցի ճարտարագիտական հիմնարկէն քաղաքագէտ Վիփին Նարանկի, «Այս սպանութիւնը զսպող չէր, այլ` գլխատող»:
Վերջին յիսուն տարիներուն ընթացքին միջամտութիւններու պակաս չէ եղած Միացեալ Նահանգներու համար, որ փորձած է, իսկ որոշ պարագաներու յաջողած է իրաւական կամ բարոյագիտական չափազանց կասկածելի մեթոտներով արտասահմանցի հակառակորդները վերացնելու գործին մէջ: Ուաշինկթըն խոստովանած է, որ Քասթրոյի դէմ կատարած է ոչ նուազ քան 8 մահափորձ, հակառակ անոր որ իրական թիւը հաւանաբար շատ աւելի մեծ է:
«Սպաննել յոյսը. Միացեալ Նահանգներու եւ «Սի.Այ.Էյ.»-ի ռազմական գործողութիւնները Բ. Համաշխարհային պատերազմի տարիներէն ի վեր» գիրքի հեղինակ Ուիլիըմ Պլում կը նշէ ամբողջ շարք մը ամերիկեան մեղքեր, որոնք յառաջացած են` ներխուժումներով, ռմբակոծումներով, կառավարութիւններու տապալումով, սպանութիւններով եւ մահուան ջոկատներով:
«Ասիկա գեղեցիկ պատկեր չէ», կ՛եզրակացնէ Մասաչուսեցի ճարտարագիտական հիմնարկէն քաղաքագէտ Վիփին Նարանկ:
1960-ական եւ 70-ական թուականներուն «Սի.Այ.Էյ.» այնքան անվերահսկելի կը գործէր, որ 1975 թուականին յատուկ խորհուրդ մը կը քննէր արտասահմանցի առաջնորդներու դէմ բազմաթիւ մահափորձեր, ներառեալ` Լումումպայի, Տոմինիկեան Հանրապետութենէն Ռաֆայէլ Թրուխիլիոյի, վիեթնամցի Նկօ Տին Տիեմայի եւ անշուշտ Քասթրոյի դէմ: Այս բոլորին արդիւնքը եղաւ այն, որ նախագահ Ճ. Ֆորտ Միացեալ Նահանգներուն արգիլեց մասնակցիլ արտաքին քաղաքական սպանութիւններուն:
Սակայն 1976 թուականէն ի վեր Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն մասնակցիլ արտասահմանցի առաջնորդներու ոչնչացման ջանքերուն կամ կը մեղադրուին անոնց մէջ:
Նախագահ Ռ. Ռիկըն 1986 թուականին սկսաւ Մուամմար Քազաֆիի Լիպիոյ ռմբակոծումները:
Տակաւին երկու տարի առաջ Հիւսիսային Քորէան կը պնդէր, որ «Սի.Այ.Էյ.» փորձած է սպաննել Քիմ Չեն Ընը:
Բայց արդի դարաշրջանին մէջ նման դէպքերու մեծամասնութիւնը թաքուն պահուած է: Եթէ անոնց մասին հրապարակաւ կը խօսէին, անիկա որպէս կանոն` կը վերաբերէր ոչ պետական միաւորներուն, որոնք գործած են զինեալներու հրոսակախումբերու մէջ, ինչպիսին «Իսլամական պետութիւնն» է:
Նախագահներ Օպամա եւ Թրամփ վիթխարի վարկ ապահոված են, երբ կը հետեւէին Ուսամա պըն Լատենի եւ «Իսլամական պետութիւն» հրոսակախումբի առաջնորդ Ապու Պաքր էլ Պաղտատիի սպանութիւններուն:
«Սի.Այ.Էյ.» 2008 թուականին ձեռք ձեռքի կ՛աշխատէր իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան` Մոսատի հետ, որպէսզի սպաննեն Հըզպալլայի ղեկավարներէն Իմատ Մուղնիէն: Անոնք այդ ջանքերուն ընթացքին կարելիութիւն ունէին անօդաչու թռչող սարքի մէկ հարուածով ոչնչացնելու ոչ միայն Մուղնիէն, այլեւ` Սուլէյմանին: Ի վերջոյ, գործողութիւնը չիրականացաւ, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը արգելք հանդիսացաւ այն հիմնաւորումով, որ անիկա կրնայ շրջանը լրջօրէն ապակայունացնել:
Նոթր Տամ համալսարանի միջազգային իրաւունքի դասախօս Մերի Էլլեն Օ՛Քոնըլ ուղիղ գիծ մը կը տեսնէ Միացեալ Նահանգներու նախկին վարչակազմերու եւ Թրամփի անկանխատեսելիութեան միջեւ: Ան կը նշէ, որ 2000 թուականին անօդաչուներու ի յայտ գալը Միացեալ Նահանգները դրաւ սայթաքուն ճամբու վրայ:
Անօդաչու թռչող սարքի առաջին ծաւալումը` որպէս սպանութեան գործիքի, պատուիրած է Պիլ Քլինթըն` պըն Լատենը ոչնչացնելու փորձ կատարելու ատեն:
Առաջին յաջող «թիրախային սպանութիւնը», ինչպէս հիմա կ՛անուանեն, տեղի ունեցած է ատկէ կարճ ժամանակ ետք, Եմէնի մէջ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճ. Պուշի վարչակազմի օրով:
Օպամա սպանութեան նպատակով անօդաչու թռչող սարքերու օգտագործման յաճախակիութիւնը 10 անգամ աւելցուցած է` միաժամանակ ձգտելով անոնց հաղորդել իրաւաբանական պատկառելիութիւն` «սպանութիւններու վերաբերեալ ներքին գաղտնի հասցէական արձանագրութիւններու» միջոցով: Այդ փաստաթուղթերուն մէջ կը պնդուի, որ միջազգային իրաւունքի մէջ անօդաչուներով սպանութիւնները արդարացուած են որպէս ապագայ ահաբեկչական յարձակումներէ ինքնապաշտպանութիւն. հիմնաւորում, որ լայնօրէն կը հիմնուէր ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան սխալ մեկնաբանութեան վրայ:
«Օպամայի ժամանակներէն սկսեալ տեղի ունեցած է միջազգային իրաւունքի մնայուն խախտում: Սուլէյմանիի մահը իրմով կը նշանաւորէ յաջորդ տկարացումը. մենք լերան լանջէն վար կ՛ուղղուինք դէպի բացարձակապէս ապօրինի իրավիճակ», ըսաւ Օ՛Քոնըլը:
Ան աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգներուն հիմա մնացած է առնել միայն մէկ քայլ. «Օրէնքը ամբողջութեամբ անտեսել: Անկեղծ` ես կը կարծեմ, որ նախագահ Թրամփ ատիկա արդէն ըրած է. անոր միակ փաստը այն էր, որ Սուլէյմանի վատ տղայ էր, եւ այդ պատճառով ստիպուած էին զայն սպաննել»:
Պայման Չէ, Որ «Վատ Տղայ Մը Ոչնչացնելը
Լաւ Գաղափար Մը Ըլլայ»
Ինտիանայի նախկին քաղաքապետ, դեմոկրատական Փիթ Պաթիկիեկ 2020-ի Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան թեկնածուներէն զինուորական փորձառութիւն ունեցող երկու անձերէն մէկն է: Ան քննադատեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը` ըսելով. «Թրամփ զօրավար Քասեմ Սուլէյմանիի սպանութեան հետեւանքները նկատի չէ առած եւ չեքըրզ խաղը կը խաղայ` փոխանակ 3Տի ճատրակի: Այս սպանութեան հետեւանքները շատ աւելի ծանր պիտի ըլլան, քան Թրամփ կը կարծէ: Եթէ մենք վերջին տարիներուն Միջին Արեւելքի մասին բան մը սորված ենք, այդ ալ այն է, թէ պայման չէ, որ «վատ տղայ» մը ոչնչացնելը լաւ գաղափար մը ըլլայ»:
Պաթիկիեկ խստիւ քննադատեց Սպիտակ տունը, որ չէր խորհրդակցած Քոնկրեսին հետ` նախքան անօդաչու թռչող սարքով իրանցի զօրավարին սպանութիւնը:
Ինտիանայի նախկին քաղաքապետը Թրամփի վարչակազմը կը նկատէ անհեռատես, դիւրագրգիռ եւ զգացումներով ղեկավարուող:
Զինուորական փորձառութիւն ունեցող երկրորդ թեկնածուն Հաուայէն հանրապետական Թուլսի Կապարտն է, որ խաղաղասէր կեցուածք կը դրսեւորէ «անվերջ պատերազմները» դադրեցնելու նպատակով:
Զօր. Սուլէյմանի Փայլուն Ռազմավար Էր.
Ամերիկացի Քաղաքագէտ
Միացեալ Նահանգներու հարաւային Ալապամայի համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու ամպիոնի դասախօս Նատեր Էնտեսար խօսած է Միացեալ Նահանգներու օդային հարուածի միջոցով զոհուած Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» փաղանգի հրամանատար Քասեմ Սուլէյմանիի հնարաւորութիւններուն մասին:
«Զօրավար Քասեմ Սուլէյմանի յետմիապետական Իրանի ամէնէն ազդեցիկ ռազմավարն էր: Ան բացառիկ արհեստավարժ էր, որ իր կեանքը նուիրած էր յանուն Իրանի պաշտպանութեան եւ շրջանին մէջ ազգային շահերուն: Ան փայլուն ռազմավար էր», նշած է Նատեր Էնտեսար:
Ըստ անոր, զօրավար Քասեմ Սուլէյմանի մեծ դեր ունեցած է Միացեալ Նահանգներու ծրագիրներուն եւ շրջանային քաղաքականութեան հակազդելու գործին մէջ:
«Շատերու կարծիքով, Սուլէյմանի ոչ միայն ազգային հերոս էր, այլեւ` «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական հրոսակախումբին դէմ յաղթանակի գործին մէջ մեծ դեր ունեցած անձնաւորութիւն», ըսած է Միացեալ Նահանգներու հարաւային Ալապամայի համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու ամպիոնի դասախօս Նատեր Էնտեսար:
aztagdaily.com/archives/460180