Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան Հանդիպումի Հրաւիրեց Արցախի Քաղաքական Ուժերն Ու Գործիչները

Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան

Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան Հանդիպումի Հրաւիրեց Արցախի Քաղաքական Ուժերն Ու Գործիչները

11 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՐՑԱԽ:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

10 յունուարին մարդաշատ էր Արցախի առաջնորդարանը: Աւելի կանուխ կատարած յայտարարութեան հաւատարիմ` Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդը հանդիպման հրաւիրեց համապետական ընտրութիւններուն մասնակցելու իրենց մտադրութիւնը յայտարարած քաղաքական ուժերուն եւ նախագահի պաշտօնի թեկնածուները:

Արցախի հոգեւոր առաջնորդը, նախորդ ամիսներու անցուդարձերը նկատի ունենալով եւ յառաջիկայ շրջանին անոնց աշխուժ զարգացումները կանխատեսելով, քաղաքական ուժերն ու քաղաքական գործիչները հրաւիրած է` իր յորդորը փոխանցելու համար: Քաղաքական պայքարի այս փուլէն Արցախը պէտք է դուրս գայ աւելի ուժեղացած եւ ոչ թէ պառակտուած: Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան քաղաքական ուժերուն եւ գործիչներուն կոչ ուղղեց նաեւ որոշ պատասխանատուութիւն ստանձնելու` այդ ուժեղացումը ապահովելու համար:

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

aztagdaily.com/archives/460375

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail