Իրան Մերժած Է Միացեալ Նահանգներու Համագործակցութեան Առաջարկը

Իրան Մերժած Է Միացեալ Նահանգներու Համագործակցութեան Առաջարկը

11 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի մնայուն ներկայացուցիչ Մաժիտ Թախթ Ռաւանճի Ուաշինկթընի համագործակցութեան առաջարկը անկարելի կոչած է եւ յայտարարած, որ Թեհրան չի կրնար զայն ընդունիլ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոստի» լրատու գործակալութիւնը:

«Այնքան ատեն որ Միացեալ Նահանգներ տակաւին կը շարունակեն թշնամութիւն հրահրել, բանակցութիւնները ոչ մէկ իմաստ ունին», ըսած է իրանցի դիւանագէտը:

Ան աւելցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներու «աննախադէպ» պատժամիջոցները կը հակասեն միջազգային իրաւունքի արժեչափերուն:

Նախապէս ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Քելլի Քրաֆթ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ուղարկած էր նամակ մը, որուն մէջ յայտնած էր շրջանին մէջ լարուածութիւնը նուազեցնելու նպատակով առանց նախապայմաններու բանակցութիւններու պատրաստակամութեան մասին:

Ըստ Քրաֆթի, Միացեալ Նահանգներ կը ձգտին «կանխարգիլել միջազգային խաղաղութեան ու կայունութեան ուղղուած հետագայ սպառնալիքը կամ իրանեան վարչակարգին կողմէ մագլցումը»:

Ան նաեւ յայտնած է, որ իրանցի զօրավար Քասեմ Սիւլէյմանիի սպանութիւնը «արդարացուած է» ՄԱԿ-ի կանոնագրութեան 51-րդ յօդուածով, որ պետութեան ինքնապաշտպանութեան իրաւունք կու տայ:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

aztagdaily.com/archives/460396

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail