«Սիւլէյմանիի Սպանութեան Պատճառներէն Մէկը Իրաքի Մէջ Մեր Դեսպանատան Ականահարման Ծրագրումն Էր» Կ՛ըսէ Թրամփ

«Սիւլէյմանիի Սպանութեան Պատճառներէն Մէկը Իրաքի Մէջ Մեր Դեսպանատան Ականահարման Ծրագրումն Էր» Կ՛ըսէ Թրամփ

11 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: ««Թուրքիայի իրականացրած հանցագործությունները հայ ժողովրդի, մարդկության եւ քաղաքակրթության դեմ, առնվազն վերջին 100 տարիների ընթացքում»»

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու` անցեալ շաբաթ իրանցի զօրավար Քասեմ Սիւլէյմանին Իրաք հասնելէն կարճ ժամանակ ետք սպաննելուն պատճառներէն մէկը Իրաքի մէջ ամերիկեան դեսպանատան ականահարման ծրագրումն էր:

Թրամփ Սպիտակ տան մէջ լրագրողներուն յայտնեց. «Վայրի գազան մը բռնեցինք եւ անոր վերջ տուինք, ինչ որ շատոնց պէտք էր տեղի ունենար: Ատիկա կատարեցինք, որովհետեւ մեր դեսպանատունը ականահարելու կը ձգտէին»:

Ան նաեւ նշեց, որ իր երկիրը Սիւլէյմանին սպաննած է դեկտեմբերին իրանեան աջակցութիւն վայելող զինեալ խմբաւորումի մը կողմէ Իրաքի մէջ ամերիկեան ռազմակայանի մը դէմ հրթիռային յարձակումի մը պատճառով:

Ամերիկացի պաշտօնատարներու կարծիքով` Սիւլէյմանին այդ յարձակումին կազմակերպման մէջ դեր ունեցած է:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մորկըն Օրթակուս յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Իրաքի վարչապետ Ատել Ապտել Մահտիի հետ եւ յայտարարած, որ Ուաշինկթըն անհրաժեշտ բոլոր միջոցներուն պիտի ձեռնարկէ` երկու երկիրներու քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը ապահովելու համար:

«Արտաքին գործոց նախարարը շեշտած է, որ Միացեալ Նահանգներ կը դատապարտեն իրանեան վարչակարգին կողմէ Իրաք գտնուող ռազմակայաններու հրթիռակոծումը: Ան հաստատած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի այն յայտարարութիւնը, որ Միացեալ Նահանգներ ամէն բան պիտի ընեն երկու երկիրներու քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը ապահովելու եւ ընդհանուր շահերու համար», ըսաւ ան:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «LOUSAVOR AVEDIS»

aztagdaily.com/archives/460395

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail