Սիրոյ վրայ հիմնուած իշխանութիւնը հազար անգամ աւելի ազդու եւ աւելի երկարատեւ է, քան ան, որ կը բխի վախէ եւ պատիժէ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

100-ամեակ, 30-ամեակ. Ամանորեան Խոհեր

11 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

«Սիրոյ վրայ հիմնուած իշխանութիւնը հազար անգամ աւելի ազդու եւ աւելի երկարատեւ է, քան ան, որ կը բխի վախէ եւ պատիժէ»

ՄԱՀԱԹՄԱ ԿԱՆՏԻ

Պիտի աւարտի այս տարին ալ: Անցան երեք տասնամեակները Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման եւ արցախեան յաղթանակի, անցաւ դարը մեր կրած ցեղասպանութեան եւ հայրենահանման: Ճառեր խօսեցանք ազգի վերակառուցման, միացման, միասնութեան, միացեալ հայրենիքի, մէկ ժողովուրդի եւ մէկ մշակոյթի մասին: Բեմերէ լաւ հնչած եւ զանազան բնոյթի էջեր զարդարող սրտառուչ խօսքեր:

Բայց կը շարունակենք հրոսակային (պարտիզանական) կռիւ մղել® իրարու դէմ, մէկ պատնէշէ միւսը ցատքելով:

Ինչո՞ւ…

Հաշուետուութեան ամէնէն դժուար պահը կ՛ապրի մարդ, երբ իր անձին դիմաց կը կանգնի` առանց ունկնդիրի եւ առանց վկաներու: Մարդիկ գաղտնիքներ ունին զգացումներու, սուտի, կեղծիքի, ձախողութիւններու, սխալներու, զորս կը յաջողին իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքին թաքցնել: Ընկերութիւնները` միութիւններ, կուսակցութիւններ, պետութիւններ եւս չեն սիրեր ճշմարտութեան առջեւ կանգնիլ, նոյնիսկ երբ պատմութիւնը սեւով ճերմակի վրայ վկայէ, երբ այդ մենք գիտենք, երբ այդ ուրիշներ ալ գիտեն:

Աշխարհ այսպէս է: Մենք ալ, փոքրիկ ժողովուրդ ըլլալով հանդերձ, բաժնուած ենք լեզուով, բարքերով, փառասիրութիւններով, տարտղնուած ենք աշխարհագրականօրէն, քաղաքականօրէն: Ներսը եւ դուրսը: Փաստ է, որ մեր մեծ ողբերգութիւնը, պատմութեան վերիվայրումններուն բացասականութիւնները եւ անոնց հետեւանքները չենք յաջողած դարմանել: Արտաքին աշխարհը, կոչեցէ՛ք` ինչպէս որ կ՛ուզէք, հինէն ի վեր խոչնդոտած է մեր մէկութիւնը, այս կ՛ըսենք` կարծէք ինքնարդարացումով մխիթարուելու համար:

Պարզ. բաժան-բաժան եղած ազգը չենք յաջողած զօդել, միշտ արգելք համարած ենք ուրիշը, միւսը:

Ես ինծի հարց կու տամ յաճախ, որ մենք ուզա՞ծ ենք այդ մէկութիւնը, թէ՞ տարանջատուած ճիգերով գործած ենք անոր դէմ: Կարծէք ամէն առիթ եւ կացութիւն պատճառ եղած են եւ կը շարունակեն ըլլալ, որպէսզի կոտորակուինք: Ամէն ոք գիտէ, որ մենք արդէն տկար ըլլալով` տոկալու եւ տեւելու հարց միշտ ունեցած ենք, ուժերը մէկտեղելու խնդիր, բայց միշտ ալ ընթացած ենք իրարու դէմ ճակատ յարդարելու ճառով եւ արարքով:

Որքա՜ն կը սիրենք կրկնել Չարենցի խօսքը, որ մեր միակ փրկութիւնը մեր հաւաքական ուժի մէջ է: Խօսք, որ կը ջնարակէ հաւաքական ուժ չըլլալու մեր մեղքերը եւ մեղսակցութիւնները:

Ազգի շաղախ ըլլալու կոչուած ազդակները` գաղափար եւ կառոյց, միշտ կրկնակի եղած են, եւ են, յաճախ` եռակի եւ աւելի: Իւրաքանչիւր հայ, շարքային ըլլայ թէ ղեկավար, կը կարծէ, որ ճշմարտութեան մենաշնորհը ինք ունի: Պատմութիւնը մեզի չէ սորվեցուցած ըսել, որ ազգը իրաւունք ունի: Այս իմաստութիւնը բացակայած է, եւ բացակայող գիտակցութիւնը անցեալի եւ ներկայի պառակտումներուն պատճառ է, կոտորակումներ յառաջացուցած է հաւաքական կեանքի բոլոր մակարդակներուն:

Երբ կը դիմաւորենք պառակտումները, կը ձեւացնենք, որ կը զարմանանք, կը դժգոհինք, բայց անկեղծ չենք, քանի որ այդ երկուները եւ երեքները մենք կ՛ուզենք, անոնց վրայ կը թառին մեր սնապարծութիւնները, փառասիրութիւնները, շահախնդրութիւնները, որոնք յաճախ կը սնանին նաեւ տգիտութենէ եւ անտեղեակութենէ: Եւ ի հարկէ պառակտում, ձախողանք, պարտութիւն միշտ ՄԻՒՍին յանցանքն են: Մի՞թէ չենք գիտեր, որ միասնութեան եւ մէկութեան հոգեպարար ճառերը կը վարագուրեն մեր իսկ ցանկացած տարբերութիւնները, որոնց վրայ կը բազմին մեր եսերը, եւ կը շարունակուին պառակտումները, որպէսզի դիրքերը հզօրանան:

Հետաքրքրական պիտի ըլլար օր մը կազմել եւ հրապարակել Հայաստանի սփիւռք(ներ)ի կուսակցութիւններուն եւ միութիւններուն ամբողջական ցանկը, եթէ հնարաւոր ըլլայ` անոնց գործօն անդամներու թիւով, աւելի լաւ` եթէ միաժամանակ ներկայացուին անոնց նպատակները եւ իրականացումները:

Խօսինք մեր օրերու պարզ երեւոյթներու մասին:

Հայաստանի քաղաքական գործիչներէն մին, հրաժարելէ ետք իր պաշտօնէն, կը յայտարարէր, որ իր կուսակցութիւնը պիտի հիմնէ: Ո՞վ կրնայ ճշգրիտ թիւը տալ Հայաստանի կուսակցութիւններուն: Համացանցին հարցում ուղղեցի: Էջ մը պարզուեցաւ, որուն առաջին պարբերութիւնը կ՛ըսէ.

«21 փետրուար 2019-ի դրութեամբ, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ պետական գրանցում ստացած են 81 կուսակցութիւններ, կը յայտնէ արդարադատութեան նախարարութեան իրաւաբանական անձերու պետական գրանցման գործակալութիւնը»:

Փոքրիկ Հայաստանը, լաւատեսութեամբ` իր երեք միլիոն բնակչութեան համար ունի արձանագրուած 81 կուսակցութիւններ: Կ՛ենթադրեմ, որ կան նաեւ չարձանագրուածներ: Ուրեմն Հայաստանը պահելու եւ վերականգնելու համար գոյութիւն ունին հիմնական 81 ծրագիրներ: Զանոնք համադրել աւելի դժուար է, մէկի վերածել, աւելի դժուար, քան` Հրատ մոլորակի վրայ Նոր Հայաստան հիմնել:

Կ՛ըսուի, որ նշուած 81 անուններէն, 70-ը գոյութիւն չունին:

Յիշուած էջին վրայ քաղաքական փորձագէտ Արմէն Պատալեան կ՛ըսէ նաեւ հետեւեալը.

«Մեր մօտ կուսակցութիւնները ոչ թէ ընտրական խումբերու, ընտրողական խումբերու շահեր կը ներկայացնեն, այլ կը ներկայացնեն առաջնորդի քաղաքական փառասիրութիւնները: Կուսակցութիւններուն վրայ բացասական ազդեցութիւն ունեցած է առաջնորդի չփոխուիլը»: (ընդգծ. Յ.Պ.)

Այսինքն կուսակցութիւններու ստուար մեծամասնութիւնը անհատի մը շուրջ կազմուած խմբակցութիւններէ կը բաղկանայ` առանց գաղափարաբանական-քաղաքական յստակօրէն բանաձեւուած առաջադրանքի, անոնք ընդհանրապէս գոյութիւն կ՛արդարացնեն ընդդիմութիւն ըլլալով եւ ժողովուրդին չեն ներկայացներ քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ մշակութային հեռանկար: Տրամաբանութիւնը, եթէ կայ, հետեւեալն է. դուն գնա՛ եւ ես գամ:

Եւ բնական է, ինչպէս ըսուած է, երբ առաջնորդը չի փոխուիր, ան կը զարգացնէ անփոխարինելիութեան առասպել, իր ղեկավարած կազմակերպութիւնը միշտ աւելի կ՛անձնականանայ, չի թարմանար: Զարմանալի թող չթուի. այսօր Հայաստանի եւ սփիւռք(ներ)ի լճացման հիմնական պատճառը թարմացման պակասն է, նոմենքլաթուրացումը, էսթեպլիշմընթացումը, կատարուող աթոռախաղերը թատրոն են, ոչ մէկ ձեւով զանգուածները միացնող հեռանկարային ուժ:

Եթէ նուազ ինքնագով ըլլանք, նուազ փառասէր, հրաշք պահու մը, ինչպէս հեքիաթը կ՛ըսէ, երբ աղբիւրները ոսկի կը հոսին, յայտնուինք մեր պատմութեան առջեւ եւ որոշենք ճիշդ մարդը դնել իր ճիշդ տեղը, ամերիկացիի իմաստութեամբ, the right man in the right place, կը կատարենք մեր իսկական յեղափոխութիւնը:

Որքա՜ն դիպուկ է փորձագէտ Արմէն Պատալեանի խօսքը. «Սովորաբար Հայաստանի մէջ իշխանութենէն ընդդիմութիւն դառնալու պարագային քաղաքական ուժէն առնէտավազք կը սկսի, քաղաքական համակարգի կայացած չըլլալու հետեւանքէ»:

Ե՞րբ տեղի կ՛ունենայ քաղաքական համակարգի կայունացումը:

Թող թոյլ տրուի պարզութեամբ ըսել. այդ կայունացումը տեղի կ՛ունենայ այն ատեն, երբ հարազատ մտաւորականութիւնը կու գայ, կը դադրի պալատական ըլլալէ եւ տիրոջ ձայնը լսելէ ու կրկնելէ:

Ի հարկէ` ներսը: Բայց նաեւ` դուրսը:

Ղեկավարութիւնները` բոլոր մակարդակներու եւ ամէն տեղ, եթէ երբեմն դիմեն պատմութեան մեծերուն եւ ներշնչուին անոնց իմաստութեամբ, ինչպիսի տարակարծութիւններ, անհասկացողութիւններ, պայքարներ, երբեմն ալ ոճիրներ կը յաղթահարուին:

Ամանորի այս օրերուն հարկ է չգոհանալ հասարակ տեղիք մաղթանքներով: Մտածենք, թէ դժուարութիւններէ անցած եւ դժուարութիւններ ապրող մեր ժողովուրդը ինչպէ՞ս կարելի է առաջնորդել ապահով նաւահանգիստ, եւ որպէս մաղթանքի բացիկ` իրարու ղրկենք մեծն Կանտիի խօսքը, եթէ հարկ է` թարգմանելով այն բոլոր լեզուներով, որոնց ակամայ եւ պարտադրուած գիտակից-անգիտակից հիւրերն ենք.

«Սիրոյ վրայ հիմնուած իշխանութիւնը հազար անգամ աւելի ազդու եւ աւելի երկարատեւ է, քան ան, որ կը բխի վախէ եւ պատիժէ»:

Այս տիրացուական խօսք չէ: Կանտին տիրացու չէր. մէկ միլիառ ժողովուրդ եւ հսկայ ցամաքամաս մը անկախութեան առաջնորդողն էր:

28 դեկտեմբեր 2019, Նուազի-լը-Կրան

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

www.aztagdaily.com/archives/460321

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail