Տարօն Տէր Խաչատուրեան – Խնայե՛նք Սփիւռքին Նոր Վերիվայրումներ – Գաղտնիք մը արտայայտած պիտի չըլլանք
11 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ – ՆԵՐՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Տարօն Տէր Խաչատուրեան
Գաղտնիք մը արտայայտած պիտի չըլլանք, եթէ հաստատենք, որ հայկական ներաշխարհը, Հայաստան-Սփիւռք կապերը եւ իբրեւ հետեւանք՝ բոլորիս տրամադրութիւնները անգամ մը եւս խռով վիճակի մէջ են:
Պատեհութիւնը ունեցայ վերջերս Հայաստան այցելելու եւ եռօրեայ կեցութեանս ընթացքին լսեցի թաքսիի շարժավարէն մինչեւ գրադարանի գիտաշխատողին տպաւորութիւնը ժողովրդային շարժումին յաջորդող ժամանակաշրջանին մեր հայրենի ձեռքբերումներուն ու բացթողումներուն մասին: Ի սկզբանէ ըսեմ, որ շա՛տ գոհունակներ կային, կային նաեւ դժգոհողներ, եւ թէ ո՛չ մէկ ձեւով այս տպաւորութիւններուն միտքիս մէջ արձագանգելը գիտական հարցախոյզի մը ամենադոյզն տուեալները ունէր: Սակայն, հայրենիքով տոգորուած հայ ըլլալով՝ կ՛ուզես աջէն եւ ձախէն տեղեկանալ ու հաստատել, որ մեր հայրենակիցները գոհ են, թէ կը մտածեն իրենց օրապահիկը վաստկիլ Հայաստանի մէջ, որ՝ ուրախ են եւ իրենց ընտանիքներուն ապագան կը պատկերացնեն մեզի մնացած այս բաժին մը, սակայն անհամեմատօրէն արժէքաւոր հողին վրայ:
Ինչպէս ըսուեցաւ, բազմաթիւ գոհունակ ու լաւ տրամադրուած մարդոց հանդիպեցայ եւ հանդիպեցայ անհատներու, որոնք տակա՛ւ կ՛ակնկալէին շա՛տ աւելի առողջ յառաջընթաց մը յեղափոխութենէն 1.5 տարի ետք: Արդէն իսկ հարցախոյզերու արդիւնքներ, մէկը միւսին յաջորդականութեամբ, վերջերս կը հրապարակուին, եւ ա՛յդ մէկը պիտի թողունք մասնագէտներուն, մանաւանդ որ մեր այսօրուան նիւթը այլ բան է:
Մտահոգիչը վերոյիշեալ խռոված ներաշխարհն է՝ ի տես կացութեան մը, որ սկսած է իմ եւ այլոց մէջ տագնապ յառաջացնել, մանաւանդ երբ ազգովին յիշենք Սփիւռք-Հայաստան լարուած կացութիւնը եւ մսխուած ներուժը՝ Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի 90ականներու տարիներուն:
Բոլորիդ ծանօթ է այդ օրերուն քաղաքական դրդապատճառներով պայքարի պարունակը, երբ ՀՅԴն արգիլուեցաւ Հայաստանի մէջ, անոր ղեկավարութիւնը արտաքսուեցաւ Հայաստանէն, աւելի՛ն, ուրիշներ բանտարկուեցան, մամուլը դադրեցուեցաւ, համակարգիչները եւ շարժական գոյքերը գրաւուեցան, մէ՛կ խօսքով՝ ՀՅԴին անգամ մը եւս զլացուեցաւ վերանկախացած Հայաստանին մէջ իր գործը ընել, իր պատմական լուման բերել հայրենակերտման շինարարական ծրագիրին մէջ: Եւ ա՛յս, շուրջ հինգ տարիներու ընթացքին, երբ տուժեցինք մենք՝ իբրեւ շարքային դաշնակցականներ, երբ տուժեց Սփիւռքը՝ իբրեւ լծակիցը Հայաստանին, տուժեց Հայաստանը ի՛նք, մէ՛կ խօսքով, վնասը հասաւ ամբո՛ղջ հայութեան:
Շա՛տ բան կայ ըսելիք եւ գրելիք նաեւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանին յաջորդած երկու նախագահներուն ժամանակաշրջաններուն մասին, անոնց վարած քաղաքականութեան, ընկերային արդարութեան եւ այլ բացթողումներուն, արտագաղթին եւ, ինչո՞ւ չէ, այլապէս արձանագրուած յառաջընթացներու վերաբերեալ: Եւ անգա՛մ մը եւս այս գրութեան կիզակէտը այլ տեղ է, որովհետեւ հո՛ս յիշուածը հորիզոնին վրայ իր վտանգաւոր գլուխը ցցող Տէր Պետրոսեանի օրերուն վերադարձի բնազդային մտահոգութիւնս է:
Անշո՛ւշտ որ «Մէկ ազգ, մէկ հայրենիք» հասկացողութիւնը դաւանելով՝ բոլորիս ալ գուրգուրանքի առարկան հայրենի՛քն է, եւ անկախ յամեցող բանավէճերէն՝ բոլորս ալ թէ՛ տէր կը զգանք Հայաստանին եւ թէ համարատու անոր առողջ զարգացման: Ուստի, այդ ուղղութեամբ մի՛շտ ալ անոր հոգերով տոգորուած կը մնանք: Սակայն, հակառակ ուղղութեամբ, այսինքն՝ Հայաստանէն Սփիւռք, մտահոգութիւնները իրենք զիրենք կը պարտադրեն: Հայրենիքը անտարակոյս որ ունի իր տրամադրելիք նեցուկի բաժինը Սփիւռքին, եւ այս մասին բաւական մելան հոսած է արդէն:
Արդեօք պիտի կարենա՞նք, եւ յատկապէս Հայաստանի նորօրեայ իշխանութիւնները պիտի կամենա՞ն եւ կարենա՞ն Փաշինեան-ՀՅԴ լարուածութիւնը Սփիւռք փոխադրելու փորձութեան չենթարկուիլ: Արդեօք վերոյիշեալ լարուածութեա՞ն հետեւանք է Դաշնակցութիւնը տեսնել «ներսի» եւ «դրսի» միաւորներու պրիսմակով եւ յուսալ, որ ՀՅԴն՝ իբրեւ քաղաքական ընդդիմադիր ուժ պառակտուելով տկարանայ եւ ջլատուի: Թէ արդեօք Դաշնակցութիւնը տկարացնելով՝ Սփիւռքը աւելի «հեշտ» լծակից կը դառնա՞յ Հայաստանի ներկայ իշխանութեանց:
Պիտի չուզէի հաւատալ, որ Դաշնակցութեան տկարացումը նպատակ էր, որպէսզի նսեմացուէր մեր ազգային ուղղուածութիւնը եւ համազգային օրակարգը: Այլապէս, Հայաստանի մերօրեայ իշխանութիւնները երբուընէ՞ հետաքրքրուած պէտք է եղած ըլլային Դաշնակցութեան ներքին կազմակերպական կարծեցեալ հարցերու շեփորահարողը ըլլալով եւ «դրսի» ու «ներսի» դաշնակցականներու մասին քանի մը անգամ լրատուամիջոցներով արտայայտուելով:
Հոս մտահոգութիւնը ՀՅԴի կուռ կազմակերպական շարքերու յաջող պահպանումը չէ, որովհետեւ ի հեճուկս իր պատմութեան ընթացքին շարք մը ներքին ցնցումներուն (Արսէն Ամիրեանի ձախակողմեան «Երիտասարդ դաշնակցականներ»էն մինչեւ աջակողմեան Միհրանական շարժումը, 30ականներու Մարտկոցական շարժումն ու «Տարօնական»ը, աւելի ուշ բոլորիս յիշատակներուն մէջ 90ականներու վատահամբաւ ՀՅԴ Վերականգնումի շարժումը եւ այլն), ՀՅԴն՝ իբրեւ հաւաքականութիւն, յաջողած է, կարողականութեանց եւ տաղանդի կորուստներ տալով հանդերձ, որոշակիօրէն իր իմաստալից եւ նպատակասլաց ընթացքը պահել ու փաստացի դաշնակցական գործի աւանդով գոյատեւել, աւելի՛ն՝ փիւնիկի նման ինքզինք թարմացնելով՝ յառաջ ընթանալ ու վերընձիւղուիլ (օրինակներ յիշելու կարիք չկայ հոս): Եւ անշո՛ւշտ որ անցեալի իրագործումները եւ վաստակը անպայմանօրէն լաւագոյն հաւաստիքը չեն ապագայի յաջողութիւններու համար: Մենք անոր քա՛ջ կը գիտակցինք՝ թէ՛ իբրեւ անհատ դաշնակցականներ եւ թէ իբրեւ կազմակերպուած կառոյց:
Արտայայտուած մտահոգութիւնը հոս ա՛յն է, որ հայաստանեան մեր այս լարուածութիւնը եւ տագնապը պէտք չէ արտահանուին դէպի Սփիւռք: Սփիւռքը ապրեցաւ այս աղջամուղջը 90ական թուականներուն եւ պարտինք խնայել Սփիւռքին – եւ Հայաստանին – նոր ցնցումներ, հիասթափութիւններ եւ պատեհութեանց մսխում ու կորուստ:
Ինքնին յարակից հարց է եւ շա՛տ կարեւոր (սակայն՝ այլ գրառումներու նիւթ), թէ որքանո՛վ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք Հայաստանի զարգացման դժուարութիւններուն զուգահեռ, Սփիւռքը տուժած ու նահանջ արձանագրած է, յա՛տկապէս այս վերջին 30 տարիներուն ընթացքին:
Արդ, Հայաստանի քաղաքական թատերաբեմին վրայ առողջ մթնոլորտ ու փոխադարձ յարգանք ստեղծելը եւ կառուցողական բանականութեամբ առաջնորդուիլը կը պարտադրեն իրենք զիրենք՝ իբրեւ պարտաւորեցնող հրամայականներ: Իսկ կրկնութեան գնով ըսենք, որ հայաստանեան բեմէն Սփիւռք տեղափոխուող որեւէ քայլ անկասկա՛ծ որ կ՛ունենայ իր քանդիչ դերը մեր միասնական առաքելութեան իրագործման մէջ: Արդ, խնդրե՛նք՝ Սփիւռքը խնայել այս «ռա-ունտ»ին:
yerakouyn.com/2020/01/10/խնայե՛նք-սփիւռքին-նոր-վերիվայրումնե/