Նազարէթ Պէրպէրեան – Այսօրուան «բարի լոյս»իս միացուցած եմ սրտաբուխ բաբախումն ու պագամաշունչ խորհուրդը
12 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ:
Նազարէթ Պէրպէրեանի – //ՆԱԽՈՐԴ// – ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ
Այնքան ատեն, որ մարմինս յօժար է եւ միտքս արթուն պահակը ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՒԱՆԴին՝ ես պիտի փորձեմ ամէն օր «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ» վերտառութեամբ ընթերցողներուս, ընկերներուս եւ հարազատներուս հետ մեր օրը իմաստաւորել՝ ազգային մեր յիշողութեան մէջ պահպանուած անմեռ, մեր ուղին լուսաւորող խորհուրդով մը։
Դաշնակցական մամուլի էջերէն պիտի չկարենամ այս «բարի լոյս»ը ըսել, որովհետեւ Հ․Յ․Դ․ ԲԻՒՐՕ ստորագրութեամբ հրահանգ գացած է շուրջ կէս դար իմ ստորագրութիւնս հպարտութեամբ հայ ընթերցողին ներկայացուցած մեր մամուլին՝ արգիլելով լոյս ընծայումը եւ տարածումը իմ ստորագութիւնս կրող նիւթերու։
Բայց համացանցի մեր դարուն ես արդէն ուղղակի կապի ու հաղորդակցութեան հնարաւորութիւն ունիմ ընթերցողին հետ՝ իմ «բարի լոյս»ը անկաշկանդ ըսելու բոլորին։
Այսօրուան «բարի լոյս»իս միացուցած եմ սրտաբուխ բաբախումն ու պագամաշունչ խորհուրդը «Երգ մեռնող հայրենասէրի» խորագրով քերթուածի մը, որ կը պատկանի Յունուար 5ի այս օրը մահացած հայ գրականութեան եւ դպրութեան վաստակաշատ երախտաւորներէն Սմբատ Շահազիզի (1841-1908)։ Ահա՛ քանի մը տուն քերթուածէն․
Հեռանում եմ, անգի՜ն ընկեր,
Չգնահատուած ոչ ոքից.
Բայց հաւաստեաւ անձնանուէր
Ազգիս մշակ կը հաշուիմ։
Ազնի՜ւ ընկեր, չմոռանաս.
Անդաւաճան ջերմ սիրով
Ես սիրել եմ իմ հայրենիք,
Գնա՛ եւ դու նոյն շաւղով։
Խեղճութիւնը հայոց ազգի
Կարեկցաբար մտածի՛ր.
Ոսկեգրքոյկն Եղիշէի
Քաջ առաջնորդ քեզ ընտրի՛ր։
Այնտեղ սուրբ կրօն, ազգ միաբան
Ազատ կամքով եւ խղճով.
Այնտեղ Վարդան, անմա՜հ Վարդան,
Իւր խնկելի քաջերով։
Հայրենի՛ք, ― սեղան սրբութեան,
Ես Աստուծոյ առաջեւ
Շատ կ՚աղաչեմ, շատ կ՚արտասուեմ,
Որ ծագէ քեզ նոր արեւ։
Սմբատ Շահազիզ կը նկատուի իր ժամանակի հայ իրականութեան ամէնէն յառաջադէմ մտաւորականներէն մէկը, որ մաս կազմեց Մոսկուայի մէջ Ստեփանոս Նազարեանցի եւ Միքայէլ Նալբանդեանի գլխաւորած «Հիւսիսափայլ» թերթի գրական-գաղափարական շարժումին, արեւելահայ աշխարհաբարի գեղարուեստական մշակման ու բիւրեղացման մէջ իր կարեւոր ներդրումը ունեցաւ, ինչպէս եւ հողմացրիւ հայութեան ազգային-հայրենասիրական զարթօնքին անխոնջ դրօշակիրներէն մէկը դարձաւ։
Խաչատուր Աբովեանի եւ Գամառ Քաթիպայի (Ռափայէլ Պատկանեան) այս արժանաւոր շառաւիղը մինչեւ մեր օրերը կը շարունակէ խօսիլ մեր ժողովուրդի սրտին ու մտքին։ Սմբատ Շահազիզի ազգային-գաղափարական պատգամը խտացած է անոր «Լեւոնի վիշտը» խորագրով երկարաշունչ բանաստեղծութեան մէջ, որմէ քաղուած է այսօրուան խոհը։
«Լեւոնի վիշտը» վիպասք մըն է Մոսկուա բնակող հայ երիտասարդի մը՝ Լեւոնի ազգային ապրումներու վերիվայրումներուն մասին։
Լեւոն զգօն եւ հայու իր արմատներուն կառչած երիտասարդ մըն է, որ չի բաժներ իր սերնդակից ու բախտակից Մոսկուաբնակ հայ ընկերներուն օտարացումն ու խորթացումը։ Ընդհակառակն՝ աստիճանաբար Լեւոնի մէջ կը շեշտուին հայու պատկանելութեան հպարտութիւնը, ազգային իր ժառանգութեան եւ արժէքներուն տէր կանգնելու գիտակցութիւնը եւ ան կ՛որոշէ վերադառնալ իր ծննդավայրը եւ գործօն մասնակցութիւն ունենալ հայրենաբնակ հայութեան ազգային-հասարակական զարթօնքին մէջ։
Լեւոնի ծննդավայր դարձը Շահազիզին կ՛ընծայէ առիթը, որպէսզի ոչ միայն սուր քննադատութեան ենթարկէ պանդուխտ ու տարագիր հայերուն մօտ պարզուած ազգային ձեռնթափութեան մոլորումները, այլեւ՝ ձաղկէ հայրենաբնակ մեր ժողովուրդի առօրեային մէջ տեղաւորուած եւ մեր քաղաքակրթական զարթօնքն ու յառաջխաղացքը արգելակող յետադիմականութիւնը։ Հայ կղերի խաւարամիտ տարրերուն չարիքը, հայկական դպրոցներու մէջ տիրող կամայականութիւններն ու նեղմտութիւնները եւ, ընդհանրապէս, հայոց ազգային-հասարակական կեանքի կազմակերպման հնամաշ եղանակները բուռն դատապարտանքի կ՛արժանան Շահազիզի վիպասքով՝ արմատական բարեկարգումներու եւ բազմակողմանի յառաջդիմութեան հրամայականը շեշտելով։
Սմբատ Շահազիզ թէեւ չունեցաւ Միքայէլ Նալբանդեանի յեղափոխական շունչը, բայց իր սերնդակիցներէն եւ գաղափարակիցներէն ոչ մէկուն զիջեցաւ՝ յստակատեսութեան եւ հետեւողականութեան առումով։ Յատկապէս Ռուս-Թրքական պատերազմէն եւ Պերլինի դաշնագրին խայտառակութենէն ետք, Շահազիզ հանդէս եկաւ հրապարակագրական նիւթերով, որոնք հայ քաղաքական մտքի հետագայ զարգացումը հունաւորեցին։ Մերկացուցին եւրոպական դիւանագիտութեան կեղծիքը, որ իբր հայանպաստ իր կեցուածքներով ու դրսեւորումներով՝ պարզապէս գաղթատիրական իր սեփական հաշիւներուն հետամուտ էր։ Ձաղկեց Ցարական քաղաքականութիւնը՝ Հայկական Հարցի նկատմամբ իր որդեգրած «Հայաստան առանց հայու» ուղղութեան համար։ Իսկ Համիտեան հայաջնջումի քաղաքականութեան վերաբերեալ՝ Շահազիզ եղաւ առաջին արմատական խարանողներէն ու պայքարի դրօշակիրներէն մէկը (Տես Ն․, «Յուշատետր» – «Ազատ Օր», 5 Յունուար 2010)։
Շահազիզեան ազգային ոգին թող շնչաւորէ բոլորիս «բարի լոյս»ը, որպէսզի մեր ՀԱՅՐԵՆԻՔը՝ որպէս ՍՐԲՈՒԹԵԱՆ ՍԵՂԱՆի՝ միշտ անձեռնմխելի պահենք, այլեւ յաղթական շարունակենք մեր երթը դէպի ՆՈՐ ԱՐԵՒ։
Նազարէթ Պէրպէրեան