ԵԱՏՄի Հետ Համաձայնագիրէն Ետք Իրան-Հայաստան Առեւտուրը Կ՛աճի

ԵԱՏՄի Հետ Համաձայնագիրէն Ետք Իրան-Հայաստան Առեւտուրը Կ՛աճի

12 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իրանի եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան ազատ առեւտուրի համաձայնագիրը զգալի ազդեցութիւն ունեցաւ Իրանի եւ Հայաստանի առեւտրական յարաբերութիւններուն վրայ:

«IRNA»ի տուած հարցազրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնեց Իրան-Հայաստան առեւտրական պալատի ղեկավար Հերվիկ Եարիջանեան։ «Երկու կողմերը կիրառում են համաձայնագրի հիման վրայ առաջարկուող սակագնային նուազեցումներ, եւ այս առումով որեւէ խնդիր չի առաջացել», նշեց ան:

Ըստ անոր՝ համաձայնագիրին գործարկումին յաջորդած ժամանակաշրջանին Իրանի՝ Հայաստանի հետ առեւտուրի ծաւալը էականօրէն կը տարբերի: Եարիջանեան նշեց, որ հիմա իրանեան արտադրութիւնը աւելի աժան է, քան նոյնանման թրքականը, ինչ որ հայկական շուկային մէջ Իրանին կու տայ մրցակցային առաւելութիւն:

Ան տեղեկացուց, որ Իրան Հայաստանէն կը ներածէ հիմնականին մէջ կարմիր միս, մինչդեռ Հայաստան Իրանէն՝ քիմիական նիւթերու հումք, մեքենաներ, արդիւնաբերական կազ եւ կաշիէ իրեր: Եարիջանեանի համաձայն՝ առեւտրականները դեռ չեն վարժուած արտօնեալ առեւտուրի մասին համաձայնագիրի գաղափարին՝ յոյս յայտնելով, որ այս գործարքի ընդլայնումով աւելի մեծաթիւ իրանցի առեւտրականներ կը ներգրաւուին հայկական շուկային մէջ:

Աւելի շուտ «Թեհրան Թայմզ»ը նշեց, որ, թէեւ Միացեալ Նահանգները Իրանի նկատմամբ պատժամիջոցներ ճշդած է՝ նպատակ ունենալով իսլամական պետութիւնը քաղաքական եւ տնտեսական առումով մեկուսացնել, սակայն անիկա, յատկապէս տնտեսական առումով Իրանի ու դրացիներուն հետ յարաբերութիւններուն վրայ պիտի չազդէ։ Հիւսիս-արեւմտեան հարեւան Հայաստան այդ երկիրներէն մէկն է, որ կը պահէ եւ կ՛ընդարձակէ իր տնտեսական յարաբերութիւնները՝ անկախ պատժամիջոցներէն:

Լրատուամիջոցը յիշեցուց, որ՝ ինչպէս աւելի կանուխ յայտնած էր Երեւանի մէջ Իրանի առեւտուրի կցորդ Մոհսեն Ռահիմն, 2018ին Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ առեւտրի ծաւալը հասած է մրցանշային 364 միլիոն տոլարի:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

asbarez.com/arm/361542/ԵԱՏՄի-Հետ-Համաձայնագիրէն-Ետք-Իրան-Հայ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail