Ներկայացուցիչներու Տունը Իրանի Դէմ Թրամփի Գործողութիւնները Սահմանափակող Օրինագիծ Որդեգրեց

Rep. Rashida Tlaib D-Mich., speaks during a rally outside of the U.S. Capitol, during a house vote to measure limiting President Donald Trump's ability to take military action against Iran, on Capitol Hill, in Washington, Thursday, Jan. 9, 2020. (AP Photo/Jose Luis Magana)

Ներկայացուցիչներու Տունը Իրանի Դէմ Թրամփի Գործողութիւնները Սահմանափակող Օրինագիծ Որդեգրեց

12 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ – ՆԵՐՔԻՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տունը որդեգրեց բանաձեւ մը, որ կը սահմանափակէ նախագահ Տանըլտ Թրամփի լիազօրութիւնները՝ Իրանի դէմ զինուորական գործողութիւններ կատարելու։

Բանաձեւին թեր քուէարկեցին 224 քոնկրեսականներ (ներառեալ 3 հանրապետականներ), իսկ 194 ուրիշներ՝ դէմ։ Քոնկրեսի ստորին պալատը այս օրինագիծով պիտի կարենայ վերահսկել Իրանի հետ հակամարտութեան վերաբերող Թրամփի գործողութիւններուն։

Փաստաթուղթը Միացեալ Նահանգներու նախագահին կ՛արգիլէ Իրանի դէմ զինուորական գործողութիւններ կատարել, նախքան Քոնկրեսին կողմէ նման որոշումի մը հաստատումը։

Սպիտակ տան մամլոյ փոխնախարար Հոկըն Կիտլի յայտարարեց, թէ Սպիտակ տունը չի գնահատեր Ներկայացուցիչներու տան որդեգրած օրինագիծը։ Ան ընդգծեց, որ Թրամփ իրաւունք ունի երկիրը եւ ամերիկացիները ահաբեկչական խմբաւորումներէ պաշտպանելու։ Ըստ անոր՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահին գործողութիւնները կը միտին աշխարհը աւելի անվտանգ դարձնել։

Կիտլի այս օրինագիծը կոչեց «սխալ» մը, որ պիտի վտանգէ իրանեան «ահաբեկչական գործողութիւնները կանխարգիլելու»՝ երկիրին զինեալ ուժերուն կարելիութիւնները։

«Ասիկա փորձ է երկիրին պաշտպանութեան հարցին մէջ նախագահին քայլերը խանգարելու։ Քոնկրեսի նման քայլերը ամբողջութեամբ սխալ են», ըսաւ Կիտլի։

Rep. Rashida Tlaib D-Mich., speaks during a rally outside of the U.S. Capitol, during a house vote to measure limiting President Donald Trump’s ability to take military action against Iran, on Capitol Hill, in Washington, Thursday, Jan. 9, 2020. (AP Photo/Jose Luis Magana)

asbarez.com/arm/361545/Ներկայացուցիչներու-Տունը-Իրանի-Դէմ-Թ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail