Հայու կենդանի դառն վկայութիւնը – Հայու կենդանի դառն վկայութիւնը
2020/01/10 – ԳՐՔԵՐ – ԳՐԱԽՕՍԱԿԱՆ, ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ:
Քեմալ Եալչընի նուիրուած միջազգային գիտաժողով Հայու կենդանի դառն վկայութիւնը:
ՍՈՆԻԱ ԳԱՐԱՄԱՆԵԱՆ
«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը գրութիւն մը ստացաւ տիկ. Սոնիա Գարամանեանին կողմէ, թերթիս մէջ լոյս տեսնելու խնդրանքով։ 15 Դեկտեմբեր 2017ին Տիւսպուրկի համալսարանի եւ Էսընի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութեան թրքական բաժինին կողմէ կազմակերպուեցաւ միջազգային գիտաժողով մը՝ նուիրուած Քեմալ Եալչընի «Անատոլիայի որդիները» գիրքին, որ թուրք մտաւորականի հրատարակած 30րդ գիրքն է, որուն մէջ տեղ գտած են վկայութիւններ Թուրքիոյ մասին։ Ժողովին մասնակցած են աւելի քան 200 թուրք եւ հայ մտաւորականներ, որոնք խօսած են իրենց դառն փորձառութիւններուն մասին` թրքական այլամերժ ընկերութեան մէջ։
Քեմալ Եալչըն, բարեկամ ըլլալով Սոնիա Գարամանեանին, անոր նուէր ղրկած է իր հրատարակած գիրքը (թրքերէն եւ գերմաներէն), ապա Սոնիա Գարամանեան, ինչպէս որ յայտնեց մեզի, մտածումը ունեցած է թարգմանել գիտաժողովի մասնակիցներէն՝ Հերման Հինդիրեանի սիրտի յուզիչ խօսքը, որպէս կենդանի վկայութիւն իր վրայ զգացած, Թուրքիոյ մէջ Ցեղասպանութեան օրերէն իր արմատները նետած հայու հանդէպ թշնամութեան եւ ատելութեան վարմունքին։
Կենսագրական
Հերման Հինդիրեան ծնած է 1955ին Պոլսոյ մէջ: Իր մանկութեան տարիները կ՚անցնէ Գուրթուլուշ-Քիրիչպուրնու եւ Սկիւտար Սելամսիզի մէջ. իր հայրը Զաւէն՝ Ատապազարցի էր, իսկ մայրը Գոհարիկ՝ պոլսեցի:
Զաւէն 1942ին կը կանչուի զինուորական ծառայութեան։ 338 զինուորներով միասին կը ղրկուի քարի հանգերու աշխատանքի: 1942ին կ՚աշխատի Մերցիֆոնի, 1943ին Էլազիկի հանգերուն մէջ:
Հերման Հինդիրեան կ՚աւարտէ Բանկալդի դպրոցի Պոլսոյ նախակրթարանը: Հակառակ իր կամքին, չի յաջողիր աւարտել միջնակարգ դպրոցը:
1968ին կը սկսի երկաթագործութեամբ զբաղիլ Պոլսոյ մէջ Էրոլ Գայասան կեղծ անունով, «Taragano» (Թարականօ) ընկերութեան մէջ: Մեծ պաշտօն կը ստանայ եւ իր աշխատանքի պատճառով յաճախ ճամբորդութիւններ ընելով, կը ծանօթանայ Թուրքիոյ շարք մը քաղաքներուն:
17 տարեկանին, 120 տոլարով գրպանին մէջ կը պարտաւորուի Թուրքիան լքել եւ նոր կեանք մը ստեղծել Միացեալ Նահանգներու Տիդրոյթ քաղաքին մէջ: Գեմալ Եալչըն Հերման Հինդիրեանի կեանքի մասին մանրամասնօրէն կը գրէ իր գիրքերուն մէջ՝ (Անատոլուի զաւակներ, Եղբայրներս հեռուից եւ Արծիւը մէկ թեւով):
Հերման Հինդիրեանի խօսքը
Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ, յարգարժան ակադեմիկոսներ եւ դուք՝ Անատոլուի զաւակներ,
Ձեր բոլորին սրտանց կը բարեւեմ մեծ յարգանքով: Անունս Հերման Հինդիրեան է, հայկական ծագում ունիմ, ընտանիքս Անատոլուի շրջանէն է: Այսօր կ՚ապրիմ Տիդրոյթ եւ կը զբաղիմ ոսկերչութեամբ: Հակառակ որ, 45 տարիէ ի վեր իմ անձնագիրիս մէջ ամերիկահպատակ գրուած է, տակաւին ինծի համար Թուրքիան է իմ երկիրս: Սիրտս ու արմատներս Պոլսոյ մէջ մնացած են:
Նշանակութիւն չունի տարիքը, նշանակութիւն չունի փաստաթուղթերուն կամ անձնագիրին մէջ ինչ գրուած է, նշանակութիւն չունի եթէ ամենագեղեցիկ երկրին մէջ կ՚ապրիս, կամ ամենաճոխ հիւրանոցին մէջ կը գտնուիս։ Այս վայրկեանիս, իմ սիրտս կ՚այրի կարօտով՝ իմ հայրենիքիս համար, ինչպէս նաեւ ձեր բոլորին սիրտերը, որ այսօր, հեռու հայրենիքէն, հոս կը գտնուիք։ Հազիւ 17 տարեկան էի, երբ ստիպուեցայ հայրենիքս լքել: Ինչպէ՞ս կրնայ այդ տարիքի երիտասարդ մը բոլոր անոնց, որոնց կը սիրէ ամէն բանէ վեր՝ մայր, հայր, եղբայր, ազգականներ, բարեկամներ եւ իր տագուկ բոյնը լքե՞լ:
Վստահաբար, ո՛չ արկածախնդրութեան մը համար. իմ եղբայրս՝ Գեմալ Եալչըն իր անմահ գրութեան մէջ (Անատոլուի զաւակները) կը պատմէ իմ կեանքին մասին: Հայրս շատ ուղիղ, պարկեշտ եւ տաղանդաւոր անձնաւորութիւն մըն էր, որ իր հայրենիքը ամէն բանէ աւելի կը սիրէր ու կը յարգէր: Ան սուրբ մարդ էր, իր մահը շատ մեծ ցաւ պատճառեց ինծի:
Մայրս խելացի, ուսում ստացած նրբանուրբ կին մըն էր, նուիրուած իր ընտանիքին: Մինչ այսօր երբ զինք կը յիշեմ, աչքերս կը լեցուին արցունքով:
Ինձմէ 6 տարի մեծ եղբայրս անակնկալօրէն 17 տարի առաջ կորսնցուցի: Հոգիիս մէջ առանձնութիւն կը զգամ ծնողքիս եւ եղբօրս մահէն ետք: Մեր տունը յարգանքի եւ սիրոյ բոյն էր: Զայրոյթը, թշնամութիւնը, ատելութիւնը, անձնասիրութիւնը տեղ չունէին: Բոլորս ալ տեղեակ էինք անցեալի եղելութիւններուն մասին, ինչ որ պէտք չէր պատահած ըլլար, բայց եղած էր: Հպարտօրէն կը գործէինք պատրաստելով մեր ապագան, սիրելով մեր հայրենիքը՝ Անատոլուն: Դպրոցի մէջ յաջող, ջանասէր, խելացի աշակերտ էի:
Երբ Պոլիս երկրորդական վարժարան գացի, դասարանի ուսուցիչը յաճախ կ՚ապտակէր զիս եւ թուրք տնօրէնը Իսֆէնտիար Պէյը, հակառակ իմ բացառիկ ընդունակութեանս, ցած նիշեր տալով զիս, դպրոցէն՝ որ այնչափ կը սիրէի, վտարեցին: Ուրեմն սկսայ աշխատիլ: Կը ճամբորդէի Անատոլուի քաղաքները եւ կը ծախէի երկաթէ ապրանքներ մեծ յաջողութեամբ, բայց սրտիս խորը պահուած մնացած էր յուսախաբ երեխայ մը: Երբ այս գործին լծուեցայ, ըսին «այս անձնագիրով չես կրնար գործդ շարունակել»:
Առաջարկեցին անունս փոխել եւ կոչուիլ Էրօլ Գայասան: Հերման Հինդիրեանը յաւերժ մոռնալ, այլ ընտրութիւն ինծի համար չկար: Ամէն անգամ, որ Էրօլ կը կանչէին, հոգիս կը դաշունահարէին: Յաճախ, Հերմանը ինծի հարց կուտար՝ «զիս դրամի համար ծախեցիր»: Երբեմն կուլար, երբեմն ալ կը զայրանար, բայց ես չէի կրնար պատասխան մը տալ:
Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ, յարգելի բարեկամներ իրականութեան մէջ այն անձը, որ մէկու մը կը լքէ, այն ինքն է որ լքուած է:
Ծաղիկի մը սէրը հողին հանդէպ, բաւարար չէ, որ անիկա ծաղկի: Ծաղիկը սիրոյ եւ խնամքի կարիքը ունի, եթէ այն չի ջրուի՝ կը չորնայ, եթէ զայն կը սիրես ու կը հոգաս՝ դարձեալ ու դարձեալ կը ծաղկի: Ես իմ բոյնս, իմ հայրենիքս, իմ Պոլիսս երբեք չի լքեցի, բայց անոնք, որ ինծի ըսին՝ «այս քու անունովդ չես կրնար յառաջանալ», ես անոնց լքեցի: Լքեցի բոլոր անոնց, որոնք իմ հպարտ արժանապատուութիւն ունեցող հօրս կեաւուր, անհաւատ անուանեցին եւ զինք նուազդացուցին:
Այս մոլեռանդութիւնը, այս տխմարութիւնը, այս անհասկացողութիւնը, այս հարստութիւնը եւ սիրոյ մեծ բացակայութիւնը, այո՛ լքեցի. իմ ծննդավայրս, իմ մանկութիւնս, իմ երջանկութիւնս, իմ կեանքի յիշողութիւններս, երկրիս մէջ անբաղձալի ըլլալս՝ բոլորը, բոլորը լքեցի:
Միայն հպարտութեամբս, արժանապատուութեամբս եւ 120 տոլարով Ամերիկա գացի արմատազուրկ եղած, բայց նոր պայքար մղելով օտար երկրի մը մէջ, դարձեալ արմատներ նետեցի: Հետեւելով իմ ընտանիքէս ստացած արժէքներուն, աշխատասիրութեամբ յաջողեցայ յառաջդիմել: Աստուած իմ փափաքներս իրականացուց: Ամէն մարդու սիրտը, ինչ տարիքի ալ ըլլայ, կը վիրաւորուի երբ անբաղձալի եւ արհամարուած է հակառակ իր տարած ջանքերուն: Իմ կարծիքով, միայն մէկ դեղ կայ, որ հոգիի ցաւերը կը մեղմացնէ. անձնասիրութիւնը լքել եւ սէր նուիրելն է:
Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ, այն օրէն, որ այս ճշմարտութիւնը յայտնաբերեցի կը շարունակեմ այս սիրոյ ուղին: 15 տարի առաջ, Հայաստանի Կիւմրի քաղաքի մէջ իմ նախաձեռնութեամբ հիմնուեցաւ «Թարխունեան Թռչնոց բոյն» որբանոցը, որ կը գործէ մինչեւ օրս: Հոգեկան երջանկութիւն եւ հպարտութիւն կը զգամ, որ հարիւրաւոր երեխաներ, որոնք աղքատութեան եւ առանձնութեան մէջ կ՚ապրէին, հոն ապաստան գտան եւ այսօր եղած են իրենց հայրենիքին ազնիւ, ծառայող քաղաքացիներ: Այսքանով չի բաւարարուեցայ:
Վեց տարի առաջ իմացայ Անգարայի մէջ կենդանիներու ընկերութեան մը մասին, որ դրամական օգնութեան կարիքը ունէին, տիկինս եւ ես կ՚օգնենք այս ընկերութիւնը, ուր 500 կենդանիներ այսօր ապաստան գտած են: Այն մարդը որ սիրել եւ նուիրել գիտէ, նոյն ինքը հոգեպէս կը երջանկանայ եւ կը հարստանայ:
Սիրելի բարեկամներ, կեանքը աւազի նման կը սահի, կրնաք երեւակայե՞լ որ մարդ օտարութեան մէջ, իր երկրի երկինքի գոյնը, կապոյտ ծովերը, ծաղիկներու բոյրը, նոյնիսկ իր երկրի փոշիին կարօտը կը քաշէ:
Աշխարհի լաւագոյն խոհարարը եթէ գու երկրիդ ճաշերը պատրաստէ, անոնք չեն կրնար գու մօրդ պատրաստած ճաշերուն հետ բաղդատուիլ: Նոյնիսկ եթէ աշխարհի ամենագեղեցիկ երկրին մէջ ապրիս եւ ծանօթ ես շատ մը լեզուներու, կը ցանկաս քու երկրիդ մէջ գու մայրենի լեզուդ խօսիլ:
Ես կարօտցած եմ նաւակներու աղմուկին, Գուրթուլուշի քարէ շինուած մայթերուն, իմ հօրաքրոջս բրինձ բիլաւի անուշ բուրմունքին:
Կարօտը՝ սիրելի բարեկամներ, սարսափելի բան է: 45 տարիէ ի վեր, գիշերները հանգիստ չունիմ անկողինիս մէջ, զգալով քիմքիս մէջ մօրս ճաշերը, աղոտ ծովամառմարներու (φύκια) հոտը, Մարմարայի ծովուն, Սկիւտարի եւ Վոսփորի գեղեցկութիւնները, ականջիս մէջ ունենալով Զէգիմ Մուրէնի երգերու եղանակները՝ աչքերէս արձունքներ կը հոսին:
Կեանքը մարդուն կը սորվեցնէ սիրել։
Մարդը կը հասուննայ, երբ կը սորվի սիրել։
Երեխան մարդ կը դառնայ, երբ կը սիրուի։
Աշխարհ աւելի գեղեցիկ կը դառնայ սիրով:
Ա՜խ, ինչ լաւ կ՚ըլլար, եթէ այս անցուկ աշխարհի մէջ տիրէր հասկացողութիւն, սէր, յարգանք, բարեկամութիւն, անկեղծութիւն եւ ամէն բան ըլլար ցորենի հատիկի պէս, ուր ցորէնը հացի կը վերաուծի եւ կը հրամցուի բոլորին: Երանի՝ կարօտի եւ ոչ մէկ այլ բանի պակասը չըլլար, մեղքնալու զգացումը չունենայինք. ցաւը, տառապանքը, յուսալը եւ փափաքիլը մեր կեանքի մասնիկներն են:
Քեմալ Եալչընին պէս վարպետներն են, որ կրնան մեր յոյսերը եւ փափաքները անմահութեան վերածել, արգիլելով որ նոյն ամօթալի եղելութիւնները կրկնուին: Քեմալ մեզ ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս գոյնզգոյն զանազան ծաղիկներ դաշտերու մէջ կ՚աճին միասին ներդաշնակօրէն. կարելի՞ է երբեք մտածել անտառի մէջ թշնամութիւն՝ հարիւրամեայ սօսիի եւ եղեւնիի միջեւ: Կա՞մ ալ՝ երիցուկի (χαμομήλι) եւ մանիշակի մը միջեւ:
Մենք աշխարհի չորս մասերուն տարածուեցանք, այն պատճառով որ վայրենի քաղաքագէտներ պատմութեան զանազան շրջաններուն մեզի մեծ ցաւեր պատճառեցին, հալածեցին եւ ջարդեցին:
Հակառակ որ մենք թուրքեր, քիւրտեր, հայեր, ասորիներ, հրեաներ, յոյներ, լազեր եւ չերքեզներ ենք, մենք բոլորս Անատոլուի զաւակներ ենք, Քեմալ Եալչընի պէս գրողներու եւ մեր իսկական տրամաբանութեան կարիքը ունինք, որպէսզի ո՛չ Անատոլուի զաւակները կարօտէ տարապին, ո՛չ ալ անոնց մօր հոգին Անատոլուի կարօտով այրի:
Շնորհակալ ենք քե՛զ Քեմալ հօճա: Երկա՜ր ապրիս: Շնորհակալութիւն նաեւ փրոֆ. Ֆատէր Գոնուկին, որ այս միջազգային գրականութեան արխիւը հիմնեց, այս համաժողովը կազմակերպեց եւ հոս միացուց Անատոլուի բոլոր զաւակները:
//azator.gr/?p=14722