Խաղաղութեան մաղթանքները ապարդիւն – Խաղաղութեան մաղթանքները ապարդիւն

Խաղաղութեան մաղթանքները ապարդիւն – Խաղաղութեան մաղթանքները ապարդիւն – Խաղաղութեան մաղթանքները ապարդիւն

08.01.2020 – ԱՌՕՐԵԱՅ:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Իդէմ խա­­ղաղու­­թեան բնոյ­­թով Ամա­­նորեայ բա­­րեմաղ­­թութիւննե­­րու, նոր տա­­րուայ առա­­ջին օրե­­րուն իսկ սկսած է հնչել պա­­տերազ­­մի փո­­ղը։ Ար­­դա­­­րեւ Իրա­­նի զի­­նեալ ու­­ժե­­­րու կա­­րեւո­­րագոյն հրա­­մանա­­տար­­նե­­­րէն Ղա­­սըմ Սու­­լէյմա­­նի մա­­հափոր­­ձի մը զոհ գնաց Պաղ­­տա­­­տի օդա­­կայա­­նէն մեկ­­նած պա­­հուն։ Սու­­լէյմա­­նի Պաղ­­տատ գա­­ցած էր ըն­­դա­­­ռաջե­­լով Իրա­­քի վար­­չա­­­պետի յա­­տուկ հրա­­ւէրին։

Մա­­հափոր­­ձը մեծ աղ­­մուկ պատ­­ճա­­­ռեց Պարսկաս­­տա­­­նի մէջ, ուր ամփոխներ փո­­ղոց իջան դա­­տապար­­տե­­­լու հա­­մար կա­­տարո­­ւածը։ Այս պայ­­մաննե­­րու տակ սպան­­նո­­­ւած զօ­­րավա­­րի թա­­ղու­­մը եւս արիւ­­նոտ եղաւ, քա­­նի որ թաղ­­ման թա­­փորէն մօտ 60 ան­­ձեր զո­­հուե­­ցան բազ­­մութեան իրա­­րան­­ցումին մէջ։ Իրա­­նի կա­­ռավա­­րու­­թիւնը խստօ­­րէն դա­­տապար­­տեց այս յար­­ձա­­­կու­­մը եւ ուխտեց վրէժ լու­­ծել Ամե­­րիկա­­յէն։

Ար­­դա­­­րեւ 7 Յու­­նո­­­ւար երե­­կոյեան ժա­­մերուն հրթիռ­­նե­­­րով հա­­րուա­­ծեցին Իրա­­քի մէջ գտնո­­ւող Ամե­­րիկեան ռազ­­մա­­­խարիսխնե­­րը։

Զար­­գա­­­ցու­­մը իս­­կա­­­կան վտանգ մը ըլ­­լա­­­լով կը դի­­տուի քա­­ղաքա­­յին դէ­­տերու կող­­մէ եւ մտա­­վախու­­թիւնը կը յա­­ռաջա­­նայ այս լա­­րուած ըն­­թացքին նոր զի­­նեալ բա­­խումնե­­րու պատ­­ճառ դառ­­նա­­­լու վար­­կա­­­ծով։

Մի­­ջին արե­­ւել­­քը, ուր ջու­­րե­­­րը չեն հան­­դարտիր տաս­­նա­­­մեակ­­նե­­­րէ ի վեր, այժմ դար­­ձեալ ին­­կած է նոր փո­­թորիկ­­նե­­­րու գիր­­կը։ Մինչ այդ Հիւ­­սիս Ատ­­լանտեան Դա­­շին­­քը եւս իր կար­­գին սպառ­­նա­­­լիք­­ներ ուղղեց Իրա­­նին ըսե­­լով, թէ ան­­պա­­­տաս­­խան պի­­տի չթո­­ղուն Ամե­­րիկա­­յի դէմ որե­­ւէ զի­­նեալ գոր­­ծո­­­ղու­­թիւն։

Իսկ Իրան իր կար­­գին ըրաւ դար­­ձեալ ու­­շագրաւ յայ­­տա­­­րարու­­թիւն մը, ըսե­­լով թէ այ­­սուհե­­տեւ նկա­­տի պի­­տի չու­­նե­­­նայ հիւ­­լէական զէն­­քե­­­րու ար­­տադրու­­թիւնը սահ­­մա­­­նափա­­կելու հա­­մար արեւմտեան եր­­կիրնե­­րու հետ կնքած հա­­մաձայ­­նութիւննե­­րը։

Ինչպէս կը պար­­զո­­­ւի, տե­­սարա­­նը բա­­ւակա­­նին մտա­­հոգիչ է հա­­մայն մարդկու­­թեան հա­­մար, յատ­­կա­­­պէս ալ տա­­րածաշրջա­­նի ժո­­ղովուրդնե­­րու հաշ­­ւոյն, քա­­նի որ գեր­­պե­­­տու­­թիւննե­­րը որ­­դեգրած են պա­­տերազ­­մը իրենց սահ­­մաննե­­րէն հե­­ռու պա­­հել եւ դաշ­­նա­­­կից­­նե­­­րու շա­­հագոր­­ծումով յաղ­­թա­­­նակ­­ներ տանիլ իրարու դէմ։

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

agos.com.tr/am/hvotvadzi/23443/khaghaghutyean-maghtanknyeri-abartiwn

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail