«Սիւլէյմանիի Սպանութեան Առաջին Պատասխան-Գործողութիւնը Նախաքայլն Է Երկարատեւ Գործողութիւններու

«Սիւլէյմանիի Սպանութեան Առաջին Պատասխան-Գործողութիւնը Նախաքայլն Է Երկարատեւ Գործողութիւններու, Որոնց Շնորհիւ Շրջանին Մէջ Ամերիկեան Զինուորական Ներկայութեան Վերջ Մը Պիտի Դրուի» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

13 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» ջոկատի հրամանատար Քասեմ Սիւլէյմանիի եւ Ժողովրդային աշխարհազօրի փոխնախագահ Ապու Մեհտի Մուհանտեսի անարգ սպանութեան առիթով, Հըզպալլա երէկ կազմակերպեց յիշատակի ոգեկոչման եօթնօրէքի ձեռնարկ մը, որ տեղի ունեցաւ լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ, ինչպէս` Նապաթիէ, Սոհմոր, Պաալպեք եւ Հարաւային արուարձաններ:

Այս առիթով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ դարձեալ ցաւակցութիւն յայտնեց Սիւլէյմանիի եւ Մուհանտեսի քստմնելի սպանութեան առիթով եւ շեշտեց, որ անոնք մարդկային մեծ արժանիքներու տէր անձնաւորութիւններ եւ ղեկավարներ էին:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Սիւլէյմանի զօրակցած է բոլորին` Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրաքի, Պաղեստինի, Ափրիկէի, Պահրէյնի, Աֆղանիստանի, Եմէնի, Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի, որպէսզի անոնք կարենան պայքարիլ ամերիկեան վարչակարգին կողմէ ստեղծուած ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ:

Խօսելով Սիւլէյմանիի մասին` սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ ան ազնիւ, համեստ, մտերիմ եւ հարազատ ղեկավարը եղած է` միշտ ըլլալով տագնապի գօտիներուն մէջ եւ Դիմադրութեան մարտիկներուն հետ կողք- կողքի գտնուելով խրամատներուն մէջ:

Ան ըսաւ, որ Սիւլէյմանի մեծ ներդրում ունեցած է 2000-ին հարաւային Լիբանանի ազատագրումին մէջ, ինչպէս նաեւ 2006-ի յուլիսեան պատերազմին ամբողջ տեւողութեան ընթացքին գտնուած է Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ` Դիմադրութեան ղեկավարութեան կողքին:

«Իսկ 2006-ի պատերազմէն անմիջապէս ետք հսկայական գումարներ ապահոված է հարաւային Լիբանանէն Պէյրութ եւ այլ շրջաններ գաղթած քաղաքացիները վերադարձնելու իրենց բնակարանները: Մեզի հետ կը բաժնէր ցաւն ու ուրախութիւնը: Ան աննման էր, իսկական, հազուագիւտ եւ օրինակելի ղեկավար մը, որ ՏԱՀԵՇ-ը պարտութեան մատնեց ամէնուր եւ Լիբանանի Դիմադրութեան զօրութիւնը հասցուց այն աստիճանի, որ թշնամի Իսրայէլին իսկ վկայութեամբ, ան դարձած է Իսրայէլի գոյութեան սպառնալիքը», հաստատեց սէյիտ Նասրալլա:

Ան ըսաւ, որ Սիւլէյմանի միշտ հաւատացած է իր առաքելութեան ծառայելու գաղափարին եւ իբրեւ այդպիսին ոչինչ պահանջած է Հըզպալլայէն, ո՛չ իրեն եւ ո՛չ ալ Իրանի համար:

«Շրջանին բոլոր ժողովուրդները պէտք է Սիւլէյմանիին եւ Մուհանտեսին երախտապարտ ըլլան, որովհետեւ անոնք բոլորը պաշտպանած են ՏԱՀԵՇ-էն, նոյնիսկ Մեսուտ Պարազանին», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա նկատել տուաւ, որ Սիւլէյմանիի յուղարկաւորութեան ընթացքին, Ահուազի, Մաշհատի, Թեհրանի, Քումի եւ Քարմանի մէջ միլիոնաւոր իրանցիներու մասնակցութիւնը վերյիշեցուցած է իմամ Խումէյնիի յուղարկաւորութիւնը` աւելցնելով, որ անիկա յստակ պատգամներ ուղղած է ամերիկացիներուն, «որոնք պէտք է լաւ իմանան, թէ շրջանէն իրենց հեռացումը Իրանի ղեկավարութեան որոշումը չէ, այլ իրանցիներուն որոշումը», նշեց ան:

Սէյիտ Նասրալլա նկատել տուաւ, որ Իրան աննման երկիր է եւ իրանցիները աննման ժողովուրդ են, մինչդեռ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ անմիտ է եւ խաբեբայ մը, որ իր ժողովուրդը կը խաբէ` աշխարհին մէջ տարածելով ահաբեկչութիւնը եւ գողնալով ու բռնագրաւելով այլ երկիրներու բնական հարստութիւնները:

«Ամերիկեան Այն Ասատ զինուորական խարիսխին դէմ կատարուած` Սիւլէյմանիի սպանութեան առաջին պատասխան-գործողութիւնը, որ գործուեցաւ իրանցիներուն կողմէ, իրանեան արտադրութեամբ հրթիռներով, պիտի շարունակուի: Առաջին պատասխան-գործողութիւնը նախաքայլն է երկարատեւ գործողութիւններու շարքի մը, որուն շնորհիւ շրջանին մէջ ամերիկեան զինուորական ներկայութեան վերջ մը պիտի դրուի: Եթէ ամերիկացի զինուորները մերժեն ուղղահայեաց կերպով հեռանալ շրջանէն, ապա անոնք հորիզոնական կերպով պիտի հեռացուին», եզրափակեց սէյիտ Նասրալլա:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

aztagdaily.com/archives/460539

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail