Բիւրակնի Նորիկ Հողաբլուրին Վրայ Կատարուած Պեղումներու Արդիւնքով 4500-ամեայ Հնութեամբ Կուժեր Յայտնաբերուած Են
13 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ, ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ:
Խարբերդի (թրք․ անուանումը` Էլազըղ) թանգարանային վարչութեան համակարգմամբ հայկական Բիւրակնի (թրք․ անուանումը` Պինլէօլ) Նորիկ հողաբլուրին վրայ կատարուած պեղումներու ժամանակ յայտնաբերուած են 4500-ամեայ հնութեամբ կուժեր: Այդ մասին կը հաղորդէ Akunq.net-ը` հիմնուելով թրքական «Իհլաս” լրատուական գործակալութեան հրապարակած տեղեկութեան վրայ:
Աղբիւրին համաձայն` Էլազըղի թանգարանի տնօրէն Զիա Քըլըչի ղեկավարութեան տակ եւ Ֆըրաթ համալսարանի հնագիտութեան բաժնի վարիչ, դոկտոր Ապտուլքատիր Օզտեմիրի գիտական խորհրդատւութեամբ Պինկէօլի Սոլհան գաւառի Մուրատ գիւղին մէջ գտնուող Նորիկ հողաբլուրին վրայ կատարուած պեղումներու արդիւնքով յայտնաբերուած են բազմաթիւ գտածոներ, որոնց մէջ կան նաեւ 4500-ամեայ հնութեամբ կուժեր:
Յիշեցնենք, որ նախապէս Akunq.net-ի մէջ հրապարակուած լուրին համաձայն` Նորիկ հողաբլուրին վրայ կատարուած պեղումներու շնորհիւ ուրարտական շրջանին պատկանող 3․600-ամեայ հնամենի բնակավայր յայտնագործուած էր: Զիյայ Քըլըչը լրատուամիջոցներուն յայտնած էր, որ 158 հնագէտի մասնակցութեամբ իրականացուած սոյն աշխատանքներու ժամանակ մինչ այժմ բազմաթիւ գտածոներ յայտնաբերուած են, որոնց շարքին յիշատակման արժանի են յատկապէս ուրարտական դարաշրջանի գերեզմանոցէ մը գտնուած պրոնզէ գօտիները: Վերջիններուս վրայ կան ռազմական տեսարաններ:
Թարգմանեց Մելինէ Անումեանը
yerakouyn.com/2020/01/13/բիւրակնի-նորիկ-հողաբլուրին-վրայ-կատա/
Կարդալ նաեւ՝ Անատոլիայում առաջին սինթետիկ ներկը ուրարտացիներն են օգտագործել. «Անադոլու»