Փենթակոնի Ղեկավարին Խօսքերը Կը Հակասեն Սիւլէյմանիի Սպանութեան Համար Թրամփի Նշած Դրդապատճառներուն
15 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
«««ՈՐՈՇՈՒՄ «Արեւմտյան Հայաստանի հայերի պաշտպանության ուժեր կազմավորելու վերաբերյալ»»»
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Մարք Էսփըր յայտնեց, որ չունի գաղտնի սպասարկութեան պաշտօնատարներէն շօշափելի փաստեր, թէ Իրան ամերիկեան չորս դեսպանատուներու դէմ յարձակում կը ծրագրէր, ինչ որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ իբրեւ դրդապատճառ նշուած էր զօր. Քասեմ Սիւլէյմանիի ահաբեկման համար:
Էսփըր ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին աւելցուց, որ ամերիկեան չորս դեսպանատուներու դէմ յարձակումի մասին Թրամփի յայտարարութիւնը «շօշափելի փաստերու վրայ հիմնուած չէր»:
Ան յայտնեց, որ ամերիկեան դեսպանատուներու դէմ այլ յարձակումներ հաւանական են, սակայն այդ առնչութեամբ գաղտնի սպասարկութենէն շօշափելի փաստեր չէ տեսած:
Թրամփ նշած էր, որ Սիւլէյմանին ահաբեկուած էր ամերիկեան չորս դեսպանատուներու եւ ամերիկեան ուժերու դէմ մօտալուտ յարձակում մը կանխարգիլելու համար:
Միւս կողմէ, ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանի` «Իփսոս» ծառայութեան հետ միացեալ հարցախոյզի 12 յունուարին հրապարակուած արդիւնքները ցոյց տուին, թէ ամերիկացիներուն 52 առ հարիւրին կարծիքով, Սիւլէյմանիի սպանութիւնը յանգեցուցած է Միացեալ Նահանգներու անվտանգութեան թուլացման:
Ուսումնասիրութեան մասնակիցներուն նաեւ հարցուցած են, թէ անոնք հաւանութիւն կու տա՞ն այն միջոցներուն, որոնց Թրամփ կը ձեռնարկէ Իրանի շուրջ ստեղծուած կացութեան կապակցութեամբ: 43 առ հարիւրը դրական պատասխան տուած է, իսկ 56 առ հարիւրը` բացասական:
Հարցախոյզին մասնակիցներուն 73 առ հարիւրը խոստովանած է, որ այս կամ այն չափով մտահոգութիւն ունի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ պատերազմի սկսելու հաւանականութեան վերաբերեալ:
www.aztagdaily.com/archives/460715