Հայ Գիտնականը Զէնքերու Տարածման Արգելք Ըլլալու Աշխատանքին Համար Մեծարուեցաւ

հայազգի Արեգ Դանակիւլեան - Հայ Գիտնականը Զէնքերու Տարածման Արգելք Ըլլալու Աշխատանքին Համար Մեծարուեցաւ

Հայ Գիտնականը Զէնքերու Տարածման Արգելք Ըլլալու Աշխատանքին Համար Մեծարուեցաւ

15 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

«««Արեւմտյան Հայաստանի Խորհրդարանի 10.01.2018 թ. որոշումը «Արեւմտյան Հայաստանի հայերի Պաշտպանության ուժեր կազմավորելու վերաբերյալ»»»

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Մեսեչուսեցի Արհեստագիտական հիմնարկի (MIT) գիտնականներէն հայազգի Արեգ Դանակիւլեան եւ անոր աշխատախումբը «Տարուան Մարդ»ը մրցանակին արժանի նկատուեցան «Զէնքերը հակակշռելու ընկերակցութեան» կողմէ։ Այս մրցանակը, ըստ «Ասպարէզ»-ի, կը տրուի այն անձերուն կամ հիմնարկութիւններուն, որոնք շօշափելի գործ կը տեսնեն զէնքերը հակակշռելու կամ զէնքերու տարածումին արգելք ըլլալու գործերուն մէջ։

Հայազգի գիտնականը այս մրցանակին արժանի նկատուեցաւ մասնաւորաբար անոր համար, որ ան նիւթրոնի ճառագայթներու օգնութեամբ նորութիւններ ստեղծած է հիւէլէական զինանիւթերը հակակշռելու ու անոնց տարածման արգելք ըլլալու մարզերուն մէջ։

Քուէարկութիւնը իրականացած էր 12 Դեկտեմբերէն 9 Յունուարի միջեւ եւ Արեգ Դանակիւլեան ու իր աշխատախումբը ընտրուեցան, իրենց ետին ձգելով միւս թեկնածուները, ինչպէս՝ Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնը եւ Շուէտի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

ARMENIA IS FILLED WITH ARCHAEOLOGICAL MYSTERIES -Zorats Karer 20

yerakouyn.com/2020/01/14/հայ-գիտնականը-զէնքերու-տարածման-արգե/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail