«Ինծի Համար Միեւնոյնն Է` Իրան Բանակցութիւններու Պիտի Դիմէ՞, Թէ՞ Ոչ» Կ՛ըսէ Թրամփ

«Ինծի Համար Միեւնոյնն Է` Իրան Բանակցութիւններու Պիտի Դիմէ՞, Թէ՞ Ոչ» Կ՛ըսէ Թրամփ

15 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

«««ՈՒԽՏ ԱՐԱՐԱՏԻ – Հայությունը նահանջելու այլ տեղ չունի այլեւս, բացի իր Հայրենիքից…»»»

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Թուիթըր»-ի վրայ յայտարարած է, որ իրեն համար միեւնոյնն է` Իրանը բանակցութիւններու պիտի դիմէ՞, թէ՞ ոչ, եւ երկխօսութեան համար պատասխանատուութիւնը դրած է Թեհրանի ուսերուն:

Անոր պնդումով` ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ռապըրթ Օ՛Պրայըն վստահութիւն յայտնած է, որ ցոյցերու եւ պատժամիջոցներու պատճառով Իրան ստիպուած պիտի ըլլայ Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցելու:

«Իրականութեան մէջ զիս չի հետաքրքրեր, թէ Իրանը պիտի դիմէ՞ բանակցութիւններու: Ատիկա ամբողջովին կախեալ է անկէ, սակայն ոչ մէկ հիւլէական զէնք, եւ մի՛ սպաննէք ձեր ցուցարարները», իր թուիթըրեան էջին վրայ գրած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

Յիշեցնենք, որ Թրամփ պարսկերէնով թուիթըրեան գրառումներ կատարած էր եւ աջակցութիւն յայտնած իրանցի ցուցարարներուն, ինչպէս նաեւ Իրանի իշխանութիւններուն կոչ ուղղած` ցուցարարներուն դէմ ուժ չկիրարկելու:

Գրառումներուն անդրադարձած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ապպաս Մուսաւին: Ան մեկնաբանելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի պարսկերէն յայտարարութիւնը ըսած է, որ «կեղտոտ լեզուները» իրաւունք չունին «անպատուել» պարսկերէնը:

«Սպառնալիքներով, պատժամիջոցներով եւ ահաբեկչութեամբ կեղտոտուած ձեռքերն ու լեզուները իրաւունք չունին անպատուել հնագոյն պարսկերէն լեզուն: Ի դէպ, դուք իսկապէս «կանգնա՞ծ էք» միլիոնաւոր իրանցիներուն կողքին, որոնց հերոսը սպաննեցիք, թէ՞ դուք «դէմ եք» անոնց», «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրած է Մուսաւի:

ZORATS KARER HOLDS INCREDIBLE HISTORY Photo-Viasmithsonianmag.com

www.aztagdaily.com/archives/460717

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail