Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Ազրպէյճանի Մէջ Հայերու Հանդէպ Ատելութեան Խնդիրը Հասած Է Սպառնացող Ծաւալներու»

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Ազրպէյճանի Մէջ Հայերու Հանդէպ Ատելութեան Խնդիրը Հասած Է Սպառնացող Ծաւալներու»

15 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

«««Որոշում Արեւմտեան Հայաստանի հայերի եւ Արեւմտեան Հայաստանի Մշտական, Զինեալ, Դրական Չեզոքութեան մասին»»»

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն` Պաքուի մէջ 13 յունուար 1990-ին հայերու դէմ նպատակաուղղուած ճնշումներու վերաճման հետեւանք հանդիսացող կազմակերպուած կոտորածներուն 30-րդ տարելիցին առիթով:

Նշուեցաւ, որ վանկարկելով «Փա՛ռք Սումկայիթի հերոսներուն», «Կեցցէ՛ Պաքուն` առանց հայերու» կարգախօսներ, բազմահազար մարդոց ամբոխը, Ազրպէյճանի ազգային ճակատի (ԱԱՃ) գործիչներուն ղեկավարութեամբ, խումբերու բաժնուեցաւ եւ սկսաւ հետեւողական կերպով տուն առ տուն քաղաքը «զտել» հայերէ, դաժանաբար սպաննել զանոնք, իսկ մահէն խուսափիլ կրցած անձերը ենթարկուեցան տեղահանութեան` դէպի Հայաստան եւ Ռուսիա:

Ամբողջ շաբաթ մը տեւած ջարդերէն ետք, 18 յունուարին Պաքուի մէջ հայկական ջարդերու, ինչպէս նաեւ Շահումեանի շրջանի հայկական գիւղերու եւ Գետաշէնի վրայ յարձակումներուն գծով Եւրոպական խորհրդարանը ընդունեց «Հայաստանի մէջ իրավիճակի մասին» բանաձեւը` կոչ ուղղելով Խորհրդային Միութեան իշխանութիւններուն ապահովելու Ազրպէյճանի մէջ ապրող հայերու պաշտպանութիւնը` իրավիճակին միջամտելու համար զօրք մտցնելու միջոցով: 20 յունուարի գիշերը Պաքու մտան խորհրդային բանակի ստորաբաժանումները, որոնք, յաղթահարելով ԱԱՃ-ի զինուած ջոկատներու կատաղի դիմադրութիւնը, վերջ տուին ջարդերուն, որոնց ընթացքին սպաննուեցան 150-300 անձեր:

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր յայտարարութեամբ դատապարտեց Ազրպէյճանի կողմէ կատարուող ցեղասպանական գործողութիւններու շարունակական ժխտումը եւ զանոնք կատարողներուն հերոսացումը, ինչ որ դարձած է Պաքուի` այլատեացութեան եւ հայատեացութեան քարոզչութեան քաղաքականութեան բաղկացուցիչ մաս:

«Այսօր հայերուն նկատմամբ ատելութեան արմատաւորումը եւ այդ հիմքով յանցագործութիւններու խրախուսումը Ազրպէյճանի մէջ բարձրացած են պետական քաղաքականութեան մակարդակի եւ ներթափանցած այդ երկրի հանրային կեանքի բոլոր ոլորտները` զգալի փոփոխութիւններ յառաջացնելով ազրպէյճանական հասարակութեան գիտակցութեան մէջ: Ազրպէյճանի մէջ հայերուն հանդէպ ատելութեան խնդիրը հասած է այնպիսի ծաւալներու, որ դարձած է շրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան դէմ ուղղուած սպառնալիքներու հիմնական աղբիւրներէն մէկը», նշուեցաւ յայտարարութեան մէջ:

Նախարարութիւնը դիտել տուաւ, որ այդ բացասական գործընթացները յաղթահարելու եւ Ազրպէյճանի մէջ այլատեացութեան աւելի վատթարացման թոյլ չտալու համար անհրաժեշտ է միջազգային հանրութեան աջակցութեամբ միջոցներու ձեռնարկել` ազրպէյճանական հանրութիւնը ազատելու իշխանութիւններուն կողմէ արմատաւորուող մարդատեաց մօտեցումներէն եւ կողմնորոշիչներէն:

«Հայերուն հանդէպ ատելութեան բազմամեայ քարոզչութեան պատճառով երեւան եկած բացասական երեւոյթները արմատախիլ ընելու գործընթացին մէջ կարեւոր քայլ կրնայ դառնալ ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ պատասխանատուութեան ստանձնումը` հայկական բնակչութեան նկատմամբ իրականացուած զանգուածային յանցագործութիւններու, այդ կարգին` Պաքուի ջարդերուն համար: Ատիկա ո՛չ միայն թոյլ կու տայ առողջացնել իրավիճակը Ազրպէյճանի մէջ, այլեւ առիթ կու տայ նախադրեալներ ստեղծելու շրջանին մէջ ամուր խաղաղութեան հաստատման համար», եզրափակուած է յայտարարութիւնը:

Zorats Karer – THE SITE STILL HOLDS MANY SECRETS – Photo Via caucasusholidays.am

www.aztagdaily.com/archives/460689

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail