Հակառակ Դատարանի Որոշման՝ Թուրքիոյ Մէջ Կը Շարունակուի Պահպանուիլ Ատելութեան Մթնոլորտը. Փայլան
15 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ԻՐԱՒԱԿԱՆ:
Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան անդրադարձած է Թուրքիոյ զինուած ուժերուն մէջ պարտադիր ժամկէտային զինծառայութեան ժամանակ սպաննուած հայ քաղաքացի Սեւակ Պալըքչըի գործով դատարանի կայացուցած նոր որոշման: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով bianet.org-ը։
Նշենք, որ Պալըքչըն սպաննուած էր 2011 Ապրիլ 24-ին` Հայոց Ցեղասպանութեան 96-րդ տարելիցին Թուրքիոյ Պաթման նահանգի Քոզլուք շրջանին մէջ, թուրք զինուոր Քըւանչ Աղաօղլուի արձակած գնդակով:
Փայլան նշած է, որ հակառակ թրքական դատարանին կայացուցած որոշման, այնուամենայնիւ, երկրին մէջ դեռ կը շարունակուի պահպանուիլ ատելութեան մթնոլորտը:
«Սեւակ Պալըքչըն սպաննուած է 9 տարի առաջ՝ Ապրիլ 24-ին, որ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրն է: Այդ օրը անոր սպանութիւնը մեծցուցած էր ատելութեան հողի վրայ կատարուած յանցագործութեան կասկածները: Վերջապէս, 9 տարի անց, դատարանին կողմէ հաստատուեցաւ, որ Սեւակը սպաննուած է դիտաւորութեամբ եւ ամբաստանեալը դատապարտուեցաւ 16 տարի 8 ամիս ազատազրկման»,- ըսած է հայ պատգամաւորը:
Անոր խօսքով` վերջապէս Թուրքիոյ մէջ իրենք ականատես եղան, որ դատարանը հայերուն դէմ ատելութեան հողի վրայ յանցագործութիւն կատարած անձը կը պատժէ ազատազրկմամբ:
Փայլան նկատած է, որ Թուրքիոյ մէջ անոնք դեռ չեն ապահոված այնպիսի միջավայր, շնորհիւ որուն տեղի չունենան ատելութեան հողի վրայ կատարուող նոր յանցագործութիւններ:
«Ուստի անհրաժեշտ է, որ Թուրքիոյ օրակարգին մէջ կեանքի կոչուին ատելութեան հողի վրայ կատարուած յանցագործութիւնները վերացնելու համար քաղաքական նախաձեռնութիւններ: Պէտք է ստեղծենք այնպիսի մթնոլորտ, որ ոչ մէկ այդ յանցագործութիւններու թիրախին յայտնուի»,- ընդգծած է ան:
Պատգամաւորը յոյս յայտնած է, որ դատարանին վերոնշեալ որոշումը նախադէպ պիտի դառնայ միւս յանցագործութիւններուն վերաբերեալ դատական գործերուն:
«13 տարի է, որ կը շարունակուի Հրանդ Տինքի դատական գործը: Այս շաբաթ պիտի շարունակենք Հրանդ Տինքի համար պայքարը»,- ըսած է Կարօ Փայլան:
Յիշեցնենք, որ Սեւակ Պալըքչըի դատական գործը բողոքարկուած եւ կրկին քննութեան դրուած էր 2018-ին: Նոր դատավճիռին իբրեւ արդիւնք՝ մեղադրեալ Աղաօղլուն կալանաւորած են դատական նիստին ժամանակ:
yerakouyn.com/2020/01/14/հակառակ-դատարանի-որոշման՝-թուրքիոյ-մ/