Յովհաննէս Քաջազնունի Ազգային Եւ Պետական Մտածելակերպի Տէր Գործիչը
16 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 –
Ծաղկեպսակ ու թարմ ծաղիկներ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան վարչապետ, ճարտարապետ, փրոֆեսէօր, քաղաքական, հասարակական գործիչ, ՀՅԴ անդամ Յովհաննէս Քաջազնունիի գերեզմանին. ՀՅԴ ներկայացուցիչները երէկ` 15 յունուարին յարգանքի տուրք մատուցեցին 82 տարի առաջ նոյն օրը իր մահկանացուն կնքած հայորդիի յիշատակին:
Ազգային եւ պետական մտածելակերպ ունեցող մարդ ու անհատ, պետական ու քաղաքական, նաեւ արուեստի ու մշակոյթի գործիչ էր Քաջազնունին: Հայաստանի համար ծանր ու բախտորոշ ժամանակաշրջաններուն` 1918-ի Մայիսեան հերոսամարտերէն եւ Հայոց ազգային խորհուրդին կողմէ Առաջին Հանրապետութեան հռչակումէն ետք, Քաջազնունին դարձաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան առաջին վարչապետ:
«Ժողովրդային ղեկավար ու առաջնորդ ըլլալն էր Քաջազնունիին առաջին բնութագիրը: Մարդ, որ իր ամբողջ կեանքը ապրեցաւ ազգային, յեղափոխական, այնուհետեւ նաեւ պետական գործունէութիւն իրականացնելով», նշեց ՀՅԴ անդամ, հրապարակախօս Արտաշէս Շահբազեան:
Հայաստանի Շիրակի նախկին մարզպետ, այժմ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Խաչատրեան, որ նոյնպէս ներկայ էր Երեւանի Կեդրոնական գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցած յիշատակի արարողութեան, խօսեցաւ Քաջազնունիի ճարտարապետի արժէքին մասին:
Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախկին փոխնախարար, ՀՅԴ անդամ Բագրատ Եսայեան ցաւ յայտնեց, որ այսօրուան իշխանութիւնը կարծես կը մերժէ իրմէ առաջ եղած ամէն ինչ, կը մերժէ ազգայինը, պետականը: Կը մերժէ ո՛չ միայն Առաջին, այլեւ նորանկախ հանրապետութեան բոլոր ձեռքբերումները:
aztagdaily.com/archives/461024