Ռուհանի. «Այսօր Ամերիկայի Զինուորները Ապահով Չեն, Իսկ Վաղը Եւրոպայի Զինուորները Կրնան Ապահով Չըլլալ»

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի - Այսօր Ամերիկայի Զինուորները Ապահով Չեն

Ռուհանի. «Այսօր Ամերիկայի Զինուորները Ապահով Չեն, Իսկ Վաղը Եւրոպայի Զինուորները Կրնան Ապահով Չըլլալ»

16 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

«««Արեւմտյան Հայաստանի Խորհրդարանի 10.01.2018 թ. որոշումը «Արեւմտյան Հայաստանի հայերի Պաշտպանության ուժեր կազմավորելու վերաբերյալ»»»

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտնեց, որ իր երկիրը զօր. Քասեմ Սիւլէյմանիի ահաբեկումին պիտի հակադարձէ Միացեալ Նահանգները հեռացնելով շրջանէն եւ այդ ուղղութեամբ պիտի աշխատի, որքան ալ երկար տեւէ:

«Ամերիկեան ուժերը այսօր շրջանին մէջ ապահով չեն, իսկ եւրոպական ուժերը կրնան վաղը ապահով չըլլալ: Օտար ուժերը պէտք է հեռանան Միջին Արեւելքէն», յայտնեց Ռուհանի:

«Արտասահմանի մէջ ոմանք Իրանին վնաս պատճառեցին: Ամերիկան է, որ լարուածութիւնը աճեցուց եւ պատժամիջոցներով ճնշում կը բանեցնէ իրանցի ժողովուրդին վրայ», ըսաւ ան:

«Ամերիկան պատասխանատու է պարտադրուած պատերազմին ու պատժամիջոցներուն մէջ Իրանի դէմ գործուած ոճիրներուն համար», յայտնեց Իրանի նախագահը:

«Սէուտական Արաբիան եւ սիոնական գոյացութիւնը Ամերիկան հիւլէական համաձայնութենէն դուրս գալու դրդեցին, եւ վերջինս վնասեց», ըսաւ Ռուհանի` աւելցնելով. «Շրջանին մէջ սխալեցաք, պատժամիջոցները հաստատելով սխալեցաք եւ սխալեցաք նաեւ, երբ զօր. Սիւլէյմանին ահաբեկեցիք: Այսօր Ամերիկայի զինուորները վտանգուած են, իսկ վաղը` Եւրոպայի զինուորները»:

Յիշեցնենք, որ Բրիտանիան, Ֆրանսան եւ Գերմանիան պաշտօնապէս Իրանը մեղադրեցին իրանեան հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրի պայմանները խախտելու յանցանքով, ինչ որ կրնայ դարձեալ յանգեցնել ՄԱԿ-ի պատժամիջոցներու հաստատման, որոնք վերցուած էին համաձայնագիրի կնքման պատճառով:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ իր կարգին յայտնեց. «Ամերիկեան ուժերուն Իրաքէն հեռացումը չպահանջեցինք, եւ հիւլէական համաձայնագիրին ապագան կախեալ է Եւրոպայէն»` աւելցնելով. «2015-ին կնքուած հիւլէական համաձայնագիրը լաւագոյն համաձայնագիրներէն մէկն է»:

«Իրաքի մէջ հրթիռային յարձակումի գիշերը զուիցերիացիներուն ճամբով պատգամ մը յղեցինք, թէ տեղի ունեցածը ինքնապաշտպանութիւն է, եւ հետաքրքրուած չենք Միացեալ Նահանգներուն հետ բանակցութիւններով», ըսաւ Զարիֆ:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

aztagdaily.com/archives/461065

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail