Կիրօ Մանոյեան. «Ճիշդ Ժամանակն Է Հայաստանի Հանրապետութիւն – Արցախի Հանրապետութիւն Ռազմաքաղաքական Դաշինք Կնքելու»

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան

Կիրօ Մանոյեան. «Ճիշդ Ժամանակն Է Հայաստանի Հանրապետութիւն – Արցախի Հանրապետութիւն Ռազմաքաղաքական Դաշինք Կնքելու»

17 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՆԵՐՔԻՆ – ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

«Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղղութեամբ տարուող բանակցութիւններուն մէջ Հայաստանի իշխանութիւններուն քայլերէն յստակ կը դառնայ, որ անոնք ո՛չ ռազմավարութիւն ունին, ո՛չ ալ հայեցակարգ:

«Օրինակ` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը Պրաթիսլաւայի մէջ յայտարարութիւն կը կատարէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը պէտք է լուծուի Արցախի ժողովուրդի կամքի արտայայտութեան հիման վրայ, սակայն Արցախը, Արցախի ժողովուրդը իր կամքը արտայայտած է ե՛ւ 1991-ի, ե՛ւ 2006-ի հանրաքուէներով, ե՛ւ 2017-ի սահմանադրութեան հանրաքուէով: Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ այս բոլորին անտեսումը ցոյց կու տայ, որ անոնք Արցախի միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ յստակ քայլերու չեն ձեռնարկեր», յայտնեց Մանոյեան` նշելով, որ վարչապետ Փաշինեան Արցախի հարցին վերաբերեալ պարբերաբար կ՛ընէ իրերամերժ յայտարարութիւններ, որոնք կը թուլցնեն Հայաստանի դիրքերը միջազգային իրականութեան մէջ:

«Վարչապետը կը նշէ, որ Արցախի իշխանութիւնները պէտք է մասնակցին բանակցութիւններուն, սակայն Ազրպէյճանի նախագահին հետ հանդիպումէն առաջ Ազգային ժողովին Նիկոլ Փաշինեանը կը յայտարարէ, որ Արցախի եւ Հայաստանի իշխանութիւնները միակարծիք են Արցախի հարցի լուծման շուրջ: Ասկէ բացի, Հայաստանի վարչապետը Ստեփանակերտի հրապարակէն կը յայտարարէ` «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ»: Այս բոլորէն պարզ է` չկայ ռազմավարութիւն, տեսլական, հայեցակարգ, եւ ասիկա մենք չենք ըսեր, ասիկա պարզ է իշխանութիւններուն գործողութիւններէն»:

Ըստ Մանոյեանի, ներկայիս աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է եւ ճիշդ ժամանակն է Հայաստան -Արցախ ռազմաքաղաքական դաշինք կնքելու:

Արձագանգելով այն դիտարկման, որ Հայաստանի իշխանութիւնները այս առումով տակաւին որեւէ դիրքորոշում չեն արտայայտած` Մանոյեան պատասխանեց` այդ դաշինքի կնքումը աւելի պիտի մօտեցնէ Արցախի միջազգային ճանաչման, որմէ ալ կը զգուշանայ այս իշխանութիւնը:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

www.aztagdaily.com/archives/461189

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail