Նախարար Զոհրապ Մնացականեան Տակաւին Կանուխ Կը Նկատէ Փաշինեան – Ալիեւ Հանդիպման Մասին Խօսիլը
17 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
այաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան 16 յունուարին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին կանուխ նկատեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ յաջորդ հանդիպման մասին խօսիլը:
«Բանակցային հոլովոյթը շարունակական է, մենք բանակցութիւններէն երբեք չենք խուսափած, հակառակը, մենք շատ աշխուժ ներգրաւուած ենք բանակցային հոլովոյթներուն մէջ: Նախարարներու մակարդակով եղած են բաւական թիւով հանդիպումներ, վարչապետը պաշտօնական հանդիպում ունեցած է մարտին, ոչ պաշտօնական հանդիպումներ եղած են: Մենք հանդիպման մասին կը յայտարարենք միաժամանակ` համանախագահներու միջոցով: Տակաւին կանուխ է խօսիլ Փաշինեան – Ալիեւ հանդիպման մասին: Մենք արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով կը շարունակենք աշխատիլ», դիտել տուաւ Մնացականեան:
Խօսելով Միջին Արեւելքի մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ տեղի ունեցող զարգացումներուն մասին` նախարարը Հայաստանի համար անհանգստացնող նկատեց շրջանին մէջ կայունութեան խափանումը:
Պատասխանելով հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցումի մը` ան դիտել տուաւ, որ անոնք բաւական ամուր հիմքեր ունին:
www.aztagdaily.com/archives/461187