Ներկայացուցիչներու Տունը Թրամփի Պաշտօնազրկման Վերաբերեալ Գործը Ուղարկած Է Ծերակոյտին
17 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: «««ՈՒԽՏ ԱՐԱՐԱՏԻ – Հայությունը նահանջելու այլ տեղ չունի այլեւս, բացի իր Հայրենիքից…»»»
Ներկայացուցիչներու տունը քուէարկած է ի նպաստ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի պաշտօնազրկման վերաբերեալ գործը Ծերակոյտին ուղարկելուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Մետուզա» լրատու գործակալութիւնը:
Որոշումը որդեգրուած է 228 թեր եւ 193 դէմ քուէներով:
Յիշեցնենք, որ Ներկայացուցիչներու տունը Թրամփի պաշտօնազրկման հարցով քուէարկութիւնը կատարած էր դեկտեմբերին: Նախագահը մեղաւոր ճանչցուած է իշխանութեան չարաշահման եւ Քոնկրեսի աշխատանքը խոչընդոտելու յանցանքով:
Մեղադրական եզրակացութիւնը ուղարկուած է Ծերակոյտին, որ կը գտնուի Թրամփի կուսակիցներուն` հանրապետականներուն վերահսկողութեան տակ:
Նախագահը իշխանութենէն հեռացնելու համար անհրաժեշտ է ծերակուտականներու քուէներուն երկու երրորդը կամ առնուազն 67 քուէ, ինչ որ ներկայ դրութեամբ քիչ հաւանական է: Նշենք, որ Ծերակոյտի անդամներուն թիւը 100 է:
www.aztagdaily.com/archives/461210