ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ – Մեր Առաջնահերթութիւնը Դուք Չէք
17 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:
ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ
Դիմատետրը կը վխտայ ամէն կարգի ապակողմնորոշիչ գրառումներով մէկ կողմէ իշխանութեան քարոզչական մեքենան շարժման մէջ պահելու եւ միւս կողմէ` Դաշնակցութեան թափը կասեցնելու յստակ դիտաւորութեամբ: Կը թուի, թէ ռազմաբեմը այլեւս սահմանագիծը չէ: Ռազմաբեմը փոխադրուած է ներքին քաղաքականութեան ոլորտէն ներս: Նախայարձակումը (aggression, ագրեսիա) տեղի կ՛ունենայ Երեւանի մէջ իսկ: Եւ թիրախը մեր ազգային քաղաքականութիւնն է: Մեր ազգային գաղափարախօսութիւնը: Մեր ազգային հարազատ ընդդիմութի՛ւնը մեր ժողովուրդը կեղեքող ուժերուն դէմ: Թիրախը այն իսկ քաղաքական ուժն է, որ կը մերժէ ընդունիլ մեր երկրին պարտադրուած սթաթուս քուոն: Որ կը մերժէ ենթարկուիլ իշխող հաստատութեան (establishment), որ նոյնինքն մենաշնորհային համակարգի նոր գործիքն է:
Ժողովրդային շարժման բովին մէջ իշխանափոխութեան հասած մեքենան, որ կը շարունակէ ինքզինք ծանուցել որպէս յեղափոխութիւն, ամէն օր աւելի կը բացայայտէ իր իսկական դիմագիծը: Ես ըսած եմ օրին: Այս իշխանութիւնը յեղափոխութիւնը չէ: Ըսած եմ, որ յեղափոխութիւնը դեռ մեր առջեւն է: Ան կրնայ գալ, եթէ այս իշխանութիւնը ուզէ զայն բերել: Այսօր արդէն յստակ է, որ այդ մէկը չի կրնար իրագործուիլ այս իշխանութեան մարդուժով եւ մտքերով:
Յեղափոխութիւնը կը պահանջէ համակարգային յստակ յեղաշրջում: Կը պահանջէ մենաշնորհային համակարգի կազմաքանդում եւ ազգային եկամուտի առողջ վերաբաշխում: Պայման է, որ երկիրը կեղեքող շահատէրերը բերուին մրցակցային դաշտ: Այս մէկը կարելի է` առանց հսկայ ցնցումներու: Պայման է, որ երկրի աշխատուժը դուրս գայ իր ստրկային կարգավիճակէն: Մենաշնորհային դաշտին հետ քաղաքական համակեցութեան մէջ եղող իշխանութիւնը չի կրնար յեղափոխող հանդիսանալ: Այդ առաքելութիւնը կը պատկանի արտախորհրդարանական ընդդիմութեան եւ զայն գլխաւորելու կոչուած Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան:
Մի՛ փորձէք աղաւաղել եզրերը: Եւ մանաւանդ մի՛ փորձէք աղաւաղել փաստերը: Ձեր քարոզչական մեքենան ձեր գործին մեծագոյն պատուհասն է: Նախորդ իշխանութեան դէմ օրը օրին պայքարող միակ իրական ուժը Դաշնակցութիւնն էր: Ի զուր կը փորձէք աղաւաղել այս փաստը: Մենք այդ կռիւը մղեցինք ներսէն եւ կարեւոր նուաճումներու հասանք: Բայց չյաջողեցանք մենաշնորհային համակարգը հակակշռի տակ բերել: Եւ կը խոստովանինք, որ մեր գործը դեռ շատ հեռու է աւարտած ըլլալէ:
Մենք միշտ պատրաստ ենք երկխօսութեան եւ համագործակցութեան, եթէ մեր խօսակիցները պատրաստ են անկեղծօրէն միանալու մեզի համակարգային փոփոխութիւններու ճակատին վրայ, որ մեր յեղափոխական առաջադրութիւնն է: Մեր առաջնահերթութիւնը դուք չէք: Մեր միակ առաջնահերթութիւնը մեր ժողովուրդն է եւ մեր հայրենիքը: Եւ անոնք, ինչպէս յեղափոխութի՛ւնը, լոզունգներ չեն մեզի համար: Մեր գործը մեր առջեւն է եւ ան կանգ պիտի չառնէ:
www.aztagdaily.com/archives/461153