Ատրպէյճանէն Բռնագաղթած եւ Անօթեւան Մնացած Եւս 180 Ընտանիքի Բնակարանային Խնդիրը Պիտի Լուծուի
17 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀԱՅԱԹԱՓՄԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ:
Ատրպէյճանի հայաթափման քաղաքականութեան հետեւանքով 1988-1992 թուականներուն ընթացքին Հայաստանը ընդունած է 420 հազար հայ փախստական ընտանիք:
Հայաստանի Գաղթականութեան ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ փախստականներուն թիւը կը կազմէր այդ ժամանակ Հայաստանի բնակչութեան 12 տոկոսը: Նման մեծ թիւով փախստականներ ընդունիլը մարտահրաւէր էր Հայաստանի համար: Հայաստան եկած փախստականներէն ոչ բոլորը շարունակեցին մնալ երկրի մէջ, անոնց զգալի մասը տեղափոխուեցաւ այլ երկիր՝ Ռուսիա, եւրոպական պետութիւններ, ԱՄՆ եւ այլն: Այն փախստականները, որոնք մնացած են Հայաստանի մէջ, տեղաւորուած են տարբեր վարչական նշանակութեան շէնք-շինութիւններու մէջ՝ հիւանդանց, առողջարան, մանկապարտէզ, դպրոց, հանրակացարան եւ այլն:
Փախստականներուն խնդիրները բազմաթիւ էին, սակայն տարիներ շարունակ գլխաւորը կը շարունակէր մնալ բնակարանային հարցը: Պետութիւնը հնարաւորութիւն չունեցաւ լուծելու փախստականներու բնակարանային խնդիրը ամբողջութեամբ: Փախստականներու բնակապահովման ուղղութեամբ իրականացուած ծրագիրը եղած է 2005-2008 թուականներուն: Տրամադրուած է 1000-էն աւելի բնակարանային գնման վակայագիր, սակայն 700-ը կրցած են իրացնել, այսինքն՝ բնակարան գնել:
Գաղթականութեան ծառայութիւնը կը սկսի նոր՝ «Ատրպէյճանէն բռնագաղթած եւ անօթեւան մնացած ընտանիքներու բնակարանային ծրագիր»-ը: Հիմքը կառավարութեան որոշումն է այն մասին, որմով սահմանուած են այն փախստական ընտանիքները, որոնք մինչ այսօր կ՝ապրին ժամանակաւոր կացարաններու մէջ:
2018-ին մէկ անգամ եւս փախստականներու բնակարանային հարցերուն հետ կապուած վերահաշուարկ կատարուած է եւ արձանագրուած հետեւեալ պատկերը՝ 895 ընտանիք ամբողջ հանրապետութեան տարածքով՝ 254-ը մարզերու մէջ, 641-ը՝ Երեւանի: Քանի որ ծանրաբեռնուածութիւնը Երեւանի մէջ է, հետեւաբար ծրագիրը սկսած է մայրաքաղաքէն: Առաջին փուլով կառավարութեան որոշմամբ 1.5 միլիառ դրամ յատկացուած է Աջափնեակ, Աւան, Մալաթիա-Սեբաստիա, Նորք-Մարաշ, Քանաքեռ-Զեյթուն վարչական շրջաններու 112 ընտանիքի բնակարանային խնդիրը լուծելու համար:
Յաջորդիւ 2.1 միլիառ դրամի սահմաններուն մէջ՝ պիտի լուծուի 180 ընտանիքի բնակարանային խնդիրը:
yerakouyn.com/2020/01/15/ատրպէյճանէն-բռնագաղթած-եւ-անօթեւան-մ/