ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ – Թուրքիա Իր Փոքրամասնութիւնները Սնանկացուցած Էր Ահռելի Մեծ Տուրքեր Պարտադրելով
17 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
1915էն 1923 թուականներուն, Օսմանեան կայսրութեան մէջ փոքրամասնութիւններու ֆիզիքական գրեթէ ամբողջական ոչնչացումէն ետք, Թուրքիոյ կառավարութիւնը 1941ին ձեռնամուխ եղաւ ողջ մնացած հայերու, յոյներու, հրեաներու եւ որոշ թուրք մահմետականներու նիւթական կործանման:
Նախապէս Անգարա բնակող թուրք լրագրող եւ քաղաքագէտ Ուզէյ Պուլութ համապարփակ յօդուած մը տեղադրած է greekcitytimes.com կայքին վրայ՝ ««Ունեցուածքի Հարկին Մասին. Օրէնքը Ինչպէ՞ս Թուրքիոյ Տնտեսութենէն Հեռացուցած Է Ոչ-մահմետականները» խորագիրով:
Այդ օրերու վարչապետ Շուքրու Սարաչօղլուի ազգայնամոլական կառավարութիւնը 11 Նոյեմբեր 1942ին ընդունեց «Ունեցուածքի Հարկին Մասին» օրէնքը: Թէեւ փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութիւնը Թուրքիոյ մէջ վերջին տասնամեակներուն մեծ ուշադրութեան արժանացած է միջազգային հանրութեան կողմէ, սակայն տուրքերու միջոցով անոնց ունեցուածքին բռնագրաւումը այդքան ալ լաւ լուսաբանուած չէ: Պոլսոյ մէջ ապրող փոքրամասնութիւնները զանգուածային տեղահանութիւններու չեն ենթարկուած Օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ այդ քաղաքին մէջ օտար երկիրներու դեսպանութիւններու ներկայութեան պատճառով. Պոլիսը այդ օրերուն Օսմանեան կայսրութեան մայրաքաղաքն էր:
Թուրք մտաւորական Պաշաք Ինչէ կը գրէ, որ յայտարարուած նպատակն էր՝ «տուրքի ենթարկել նախապէս տուրքի չենթարկուած առեւտրական ունեցուածքը եւ զսպել Համաշխարհային Բ. պատերազմի գնաճը: Սակայն, ասոր հիմնական պատճառը փոքրամասնութիւնները տնտեսութենէն հեռացնելն էր եւ ոչ-մահմետական քաղքենիութեան փոխարինումը իր թուրք գործընկերներով»:
Թուրք ուսումնասիրող Ռիտուան Աքար, որ գիրք գրած է չափազանց մեծ «Ունեցուածքի հարկ»ին մասին, զայն կը նկարագրէ՝ իբրեւ «տնտեսական ցեղասպանութիւն փոքրամասնութիւններուն դէմ»:
1941ի հարկային օրէնսդրութեան համաձայն՝ հետեւեալներն են չորս խումբերը եւ անոնց նկատմամբ կիրարկուած տուրքերու տոկոսները. հայեր՝ 232 տոկոս, հրեաներ՝ 179 տոկոս, յոյներ՝ 156 տոկոս եւ մահմետականներ՝ 4.94 տոկոս:
«Օրէնքի կիրարկման եղանակը խայտառակութիւն էր», կը գրէ քաղաքագիտական գիտութիւններու դասախօս Ինչէ՝ աւելցնելով. «Հաւատափոխները կը վճարէին մօտաւորապէս երկու անգամ աւելի, քան մահմետականները, մինչդեռ ոչ-մահմետականները՝ տասը անգամ աւելի: Աւելին, ոչ մահմետականները պարտաւոր էին 15 օրուան ընթացքին իրենց տուրքերը վճարել կանխիկ գումարով. ասոր իբրեւ արդիւնք՝ անոնք ստիպուած էին աժան գիներով ծախել իրենց առեւտուրը կամ ունեցուածքը մահմետական գործարարներուն՝ պարտքը փակելու համար: Օրէնքը կը կիրարկուէր նաեւ շատ աղքատ ոչ-մահմետականներու դէմ (26 հազար հոգի), ինչպէս՝ վարորդները, բանուորները եւ նոյնիսկ մուրացկանները, մինչդեռ անոնց մահմետական գործընկերները պարտաւոր չէին վճարել որեւէ հարկ»:
«Անոնք, որոնք չէին կրնար վճարել տուրքերը, կը ղրկուէին Էրզրումի մօտակայքը գտնուող Ասքալէ քաղաքի աշխատանքային ճամբարները, կ՛արտաքսուէին կամ անոնց ունեցուածքը կը գրաւուէր կառավարութեան կողմէ», կը գրէ Պուլութ:
Հեղինակ Սիտնի Նովիլ նկարագրած է աշխատանքային ճամբարը՝ իբրեւ «տարածք մը, ուր ձմեռը աւելի դաժան է, քան Մոսկուայի մէջ»: Հարկային պարտապաններուն ստիպած են քարեր կոտրել, սակայն ողբերգութիւնը ատով չէ աւարտած։
«40 հազար հարկային պարտապաններէ մօտաւորապէս հինգ հազար մարդ ուղարկեցին այս ճամբարները, եւ բոլորն ալ ոչ մահմետական համայնքներու անդամներ էին: Դժբախտաբար, 21 մարդ մահացաւ այդ ճամբարներուն մէջ, իսկ կառավարութիւնը իւրացուց անոնց ունեցուածքը եւ զայն աժան գինով ծախեց թուրք մահմետականներուն», կը յայտնէ Ինչէ:
Աւելին, «կառավարութիւնը բռնագրաւեց նաեւ հարկային պարտապաններու մերձաւոր հարազատներուն ունեցուածքը, նոյնիսկ եթէ անոնք ուղարկուած էին աշխատանքային ծառայութեան»:
Պուլութ մէջբերած է նաեւ պատմաբան Քորի Կուտշթատը, որ իր՝ «Թուրքիան, Հրեաները Եւ Ողջակիզումը» գիրքին մէջ գրած է Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն ոչ-մահմետական քաղաքացիներուն «Ունեցուածքի հար-կ»ին պատճառած նիւթական եւ հոգեբանական կործանման մասին: «Մարդիկ, որոնք ի վիճակի չէին վճարելու, դիմումի պարագային կը ստանային երկշաբաթեայ երկարաձգում, սակայն տոկոսային չափը կը գանձուէր նաեւ այս ժամանակահատուածին համար: Բազմաթիւ ընտանիքներ ստիպուած էին ծախելու իրենց խանութները եւ գործառնութիւնները, իրենց տուները, նոյնիսկ գորգերը, կահոյքը եւ կենցաղային այլ իրեր, որպէսզի հաւաքեն տուրքերու գումարները… Կարգ մը մարդիկ յուսահատութենէ անձնասպան կ՛ըլլային: Արտասովոր հարկեր կը գանձուէին նաեւ օտարերկրացի հրեաներէ, եւ եթէ անոնք ի վիճակի չէին վճարելու, անոնց ունեցուածքը կը բռնագրաւուէր, մինչեւ մահճակալները եւ պահարանները: Թէեւ օրէնքը կը սահմանէր, որ 55էն բարձր տարիքի մարդիկ ազատ կացուցուած են աշխատանքային ծառայութենէ, սակայն 75 եւ 80 տարեկան տղամարդոց եւ նոյնիսկ հիւանդ մարդոց քարշ կու տային երկաթուղային կայարան եւ կ՛արտաքսէին»:
«Այս կերպով մենք կը ջնջենք օտարերկրացիներու խիստ վերահսկողութիւնը մեր շուկային մէջ եւ թրքական դրամները կը դնենք թուրքերուն ձեռքը», յայտարարած էր այդ օրերու Թուրքիոյ վարչապետ Սարաչօղլու:
Թուրք ուսումնասիրող Սայիթ Չեթինօղլու շատ ուսումնասիրած եւ գրած է Թուրքիոյ կառավարութեան «Ունեցուածքի հարկ»ի քաղաքականութեան մասին՝ պատմական փաստաթուղթերու եւ զոհերու վկայութիւններու հիման վրայ: Ըստ յոյն ծագումով թուրք կնոջ՝ Մարիքա Շիշմանօղլուի՝ իր հայրը հարկադրուած էր վճարելու ահռելի մեծ տուրք՝ 30 հազար թրքական լիրա, որուն գոյացման համար ստիպուած եղած է ծախելու իր երկու տուները եւ խանութը, եւ դեռ չէ կրցած վճարել հարկին ամբողջ գումարը: Ուստի, զայն արտաքսած են Ասքալէի աշխատանքային ճամբարը: Անոր հօրեղբօր վրայ եւս աննախադէպ հարկային մեծ բեռ դրուած է, ինչ որ զայն հասցուցած է նիւթական կործանման: Զայն եւս արտաքսած են Ասքալէ: Շիշմանօղլուի հայրը սրտի կաթուածէ մահացած է Սիւրիհիսարի աշխատանքային ճամբարին մէջ, 57 տարեկանին:
««Ունեցուածքի հարկ»ը չեղեալ յայտարարուեցաւ Մարտ 1944ին՝ Բրիտանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու քննադատութեանց ճնշման տակ», կը գրէ Պուլութ: «Անիկա, այսպէս կոչուած, «աշխարհիկ» Հանրապետական ժողովրդական կուսակցութիւնն էր (CHP), որ սահմանեց այս «Ճիզիա-kafir (անհաւատ) հարկը», Թուրքիոյ ոչ-մահմետական քաղաքացիներու վրայ»:
«Թուրքիոյ հիմնադիրները եւ գաղափարախօսները 1923ին Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը հիմնելէն ի վեր, քարոզած են խտրական եւ թրքական գերազանցութեան մտածողութիւն, որ ինքզինք բացայայտած է «Թուրքիան՝ թուրքերու համար» կարգախօսով: Բոլոր յաջորդ կառավարութիւնները գիտակցաբար փորձած են կեանքի կոչել այս կարգախօսը՝ երկրի վրայ կրօնական փոքրամասնութիւններու կեանքը վերածելով դժոխքի: Իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում (AKP) կուսակցութեան կառավարութեան յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը ընդդէմ ոչ-մահմետականներու՝ պարզապէս այս մտածելակերպի շարունակութիւնն է», կ՛եզրափակէ թուրք լրագրող Պուլութ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
asbarez.com/arm/361914/Թուրքիա-Իր-Փոքրամասնութիւնները-Սնան/