Ազրպէյճանական Լրատուամիջոցներ Կը Խեղաթիւրեն Եւրոպական Խորհրդարանի Բանաձեւին Բովանդակութիւնը
18 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՀՅԴ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ:
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի հաղորդակցութեան եւ հանրային կապերու պատասխանատու Յարութ Շիրինեան «Արմէնփրես»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ազրպէյճանական լրատուամիջոցները` ապատեղեկատուութիւն տարածելով անգամ մը եւս խեղաթիւրած են Եւրոպական խորհրդարանի «Ընդհանուր անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան իրականացման զեկուցում»-ին բովանդակութիւնը` պնդելով, որ հոն տեղ գտած է «Լեռնային Ղարաբաղի բռնագրաւում» եզրը, ինչ որ ոչ մէկ ձեւով կը համապատասխանէ իրականութեան:
«Այդ մասին նշող ազրպէյճանական կայքին յօդուածը ապատեղեկատուութիւն տարածելու կը ծառայէ, ասիկա Ազրպէյճանի պետական քարոզչութիւնն է», դիտել տուաւ Յ. Շիրինեան` բացատրելով, որ իրականութեան մէջ Եւրոպական խորհրդարանը քուէարկած եւ ընդունած է երեք տարբեր զեկուցումներ, որոնցմէ ոչ մէկուն մէջ կը նշուի այն, որուն կ՛ակնարկեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները` իբր թէ Արցախը կը ներկայացուի իբրեւ «գրաւեալ տարածք»: Այդ բանաձեւերուն մէջ Արցախի մասին ընդհանրապէս որեւէ խօսք չկայ, առաջին զեկուցումին նախաբանին մէջ յղում կը կատարուի այլ բանաձեւի, ուր ղարաբաղեան տագնապի լուծման պարունակին մէջ կը յիշատակուի ինքնորոշման իրաւունքը իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի երեք հիմնարար սկզբունքներէն մէկը, եւ Եւրոպական Միութիւնը լիակատար աջակցութիւն կը յայտնէ Մինսքի խմբակին: Նոյն յղումը առկայ է նաեւ երկրորդ զեկուցումին մէջ, բայց եւ այնպէս ազրպէյճանական լրատուամիջոցները ակնյայտօրէն կը ծածկեն ատիկա:
Պատասխանելով «Արմէնփրես»-ի այն հարցումին, որ տագնապի խաղաղ լուծման առումով Եւրոպական Միութիւնը ընելիք կրնա՞յ ունենալ` Յարութ Շիրինեան ըսաւ, որ միութիւնը տագնապի կողմերուն միջեւ միջնորդ չէ, բայց եւ այնպէս ան պարբերաբար իր աջակցութիւնը կը յայտնէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին, համանախագահութեան եւ Հելսինքեան եզրափակիչ աքթի երեք հիմնարար սկզբունքներուն:
«Ղարաբաղեան տագնապը անվտանգութեան եւ մարդու իրաւունքներու խնդիր է, ուրեմն Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նպատակներէն է Եւրոպայի մէջ իրազեկման աշխատանք տանիլ Ազրպէյճանի մէջ առկայ ատելութեան խօսքի եւ հայատեացութեան պետական քաղաքականութեան մասին: Այդ նպատակով 2019-ի մարտին ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը Եւրոպական խորհրդարանին մէջ հայատեացութեան վերաբերեալ խորհրդաժողով կազմակերպեց: Ասիկա առաջին անգամն էր, որ այս նիւթը քննարկման գլխաւոր առակայ կը դառնայ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ», դիտել տուաւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի հաղորդակցութեան եւ հանրային կապերու պատասխանատուն:
Ըստ Շիրինեանի, խորհրդաժողովի հիմնական եզրակացութիւններէն մէկը այն էր, որ հայերուն ջարդերը Պաքուի, Սումկայիթի, Կիրովապատի եւ Մարաղայի մէջ Ազրպէյճանի մէջ առկայ հայատեացութեան ողբերգական հետեւանք էին: «Դժբախտաբար, Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կը շարունակեն հակահայկական տրամադրութիւն տարածել հասարակութեան մէջ, որ այլատեացութեան դրսեւորում է, եւ որ պէտք է դատապարտուի Եւրոպական Միութեան կողմէ: Նաեւ այսպէս միութիւնը կրնայ ներդրում ունենալ տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին մէջ», յայտնեց ան:
«Մենք համոզուած ենք, որ Արցախը չի կրնար Ազրպէյճանի մաս կազմել, քանի որ ասիկա Արցախի ժողովուրդին համար գոյութեան վտանգ կը ներկայացնէ: Պատմութիւնը մեզի ասիկա ապացուցած է: Եւ այժմ ժամանակն է, որ միջազգային հանրութիւնը յարգէ Արցախի անկախ ըլլալու որոշումը: Քանի որ յիշատակեցի Պաքուի հայերուն ջարդերը, ըսեմ նաեւ, որ մենք շատ շուտով Եւրոպական խորհրդարանին մէջ կը պատրաստուինք այս նիւթով խորհրդաժողով կազմակերպել», եզրափակեց Յարութ Շիրինեան:
www.aztagdaily.com/archives/461318