Ամերիկեան Բանակ. «Այն Ասատ Ռազմակայանին Դէմ Իրանեան Յարձակումին Ընթացքին 11 Ամերիկացի Զինուորներ Վիրաւորուեցան»

Ամերիկեան Բանակ. «Այն Ասատ Ռազմակայանին Դէմ Իրանեան Յարձակումին Ընթացքին 11 Ամերիկացի Զինուորներ Վիրաւորուեցան»

18 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Արարատը-National Geographic

Ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը յայտարարեց, որ անցեալ շաբաթ Իրաքի Այն Ասատ ռազմակայանին դէմ իրանեան յարձակումին պատճառով 11 ամերիկացի զինուորներ ուղեղային ցնցում ունեցած են: 8 զինուորներ դարմանուած են Գերմանիոյ մէջ, իսկ 3 ուրիշներ` Քուէյթի մէջ:

Յիշեցնենք, որ Ուաշինկթըն նախապէս յայտարարած էր, որ իրանեան յարձակումները մարդկային վնասներ չեն պատճառած, իսկ Թեհրան յայտնած էր, որ սպաննուած են 80 ամերիկացի զինուորներ:

Փենթակոնի բանբեր Ճոնըսըն Հոֆմըն յայտնեց, որ ներկայիս ամերիկեան ուժերու Իրաքէն հեռացման ծրագիրներ գոյութիւն չունին:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերը աւելցուց, որ ամերիկեան ազդարարման համակարգերը իրանեան յարձակումէն զգուշացուցած են:

«Ամերիկեան շահերը իրանեան հրթիռային յարձակումներէն պաշտպանելու բազմաթիւ ընտրանքներ գոյութիւն ունին», նշեց ան:

Միւս կողմէ, «Սի.Էն.Էն.» հաղորդեց, որ Սէուտական Արաբիա անցեալ ամիս Միացեալ Նահանգներուն 500 միլիոն տոլար վճարած է իր հողերուն վրայ ամերիկեան ուժերուն ծախսերը հոգալ սկսելու համար:

Ըստ «Սի.Էն.Էն.»-ի, Ռիատ եւ Ուաշինկթըն կը շարունակեն ծախսերուն գումարին շուրջ բանակցիլ, «ինչ որ պիտի յանգեցնէ որոշումի մը այն վերջնական գումարին շուրջ, որ Միացեալ Նահանգներ կը կարծեն, թէ սէուտցիք իրենց պարտական են»:

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

www.aztagdaily.com/archives/461367

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail