8 Տարուան Մէջ Թեհրանի Մէջ Իր Առաջին Քարոզին Ընթացքին. «Շրջանի Ճակատագիրը Կախեալ Է Զայն Ամերիկեան Տիրապետութենէն Ազատագրելէն Եւ Պաղեստինի Ազատագրումէն» Կ՛ըսէ Խամենէի
18 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէի երէկ 1989-ին իմամ Խումէյնիի յաջորդելով գերագոյն հոգեւոր պետի պաշտօնը ստանձնելուն 31-ամեակին առիթով, 8 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Թեհրանի մէջ ուրբաթօրեայ նամազի ընթացքին քարոզեց:
Ան յայտնեց, որ իրանցի ժողովուրդին համար անուշ եւ դառն իրադարձութիւններով երկու արտակարգ շաբաթներ անցան: «Յեղափոխական պահակագունդի հրթիռներուն ամերիկեան ռազմակայանը հարուածած օրը այդ օրերէն մէկն էր», աւելցուց ան:
«Ամերիկացիները շատերը ահաբեկած են, սակայն Սիւլէյմանին ահաբեկած ըլլալնին խոստովանիլը կը նշանակէ, թէ ահաբեկիչներ են», յայտնեց Խամենէի` աւելցնելով. «Քուտս ջոկատը Լիբանանին, Սուրիոյ, Պաղեստինին ու Եմէնին օգնեց եւ Իրանին անվտանգութիւն ապահովեց»:
«Ամերիկան կ՛ուզէ Սուրիան եւ Լիբանանը իրեն հետեւորդ ու գործակալ կառավարութիւններու վերահսկողութեան տակ դնել», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով ուքրանական օդանաւի հարցին` սէյիտ Խամենէի յայտնեց. «Մեր սրտերը կ՛այրին վար առնուած օդանաւի զոհերուն համար, եւ սրտիս խորքէն կ՛ուզեմ մասնակիցը դառնալ օդանաւի զոհերու հարազատներուն սրտերուն մէջ պատահածին, ցաւակցութիւն կը յայտնեմ զոհերուն համար, եւ այս արկածը պէտք է հետապնդել: Սակայն թշնամիին ուզածը անոր լեզուին վրայ է, ան ուրախ է, որ պահակագունդը ամբաստանող փաստաթուղթեր ունի»:
Ինչ կը վերաբերի հիւլէական համաձայնագիրին, սէյիտ Խամենէի յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու այդ համաձայնագիրէն դուրս գալէն ետք պէտք չէ վստահիլ եւրոպական երեք երկիրներուն` Բրիտանիոյ, Ֆրանսային եւ Գերմանիոյ, «այդ ստոր կառավարութիւնները կը փորձեն իրանցի ժողովուրդը ծունկի բերել, սակայն անոնց կ՛ըսեմ, որ դուք անկարող էք զայն ծունկի բերել»:
Ան նշեց, որ Իրան բանակցութիւններուն հետ է, սակայն ոչ` տկար դիրքերէ:
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետը յայտնեց, որ գոյութիւն ունին իրանցի եւ իրաքցի ժողովուրդներուն միջեւ լրատուական «սատանայական» քարոզչութեամբ տարակարծութիւններ ստեղծելու փորձեր: «Արեւմտեան ուժերը արհեստագիտութեան, զէնքի ու սուտ լրատուութեան վրայ հիմնուելով կրցան իրենց վերահսկողութեան տակ առնել շրջանէն երկիրներ, երբ շրջանին ճակատագիրը կախեալ է զայն ամերիկեան վերահսկողութենէն ազատագրելէն ու Պաղեստինի ազատագրումէն»:
Ան յայտնեց, որ այն դժուար քննութիւնը, որմէ անցաւ Սուրիան, Լիբանանի մէջ սադրանքներն ու Իրաքի մէջ խափանարարութիւնը թշնամիի քաղաքականութեան օրինակներ են, եւ «իբրեւ իրենց ամբարտաւանութեան օրինակ ամերիկացիները կը յայտարարեն, որ Իրաք եկած են եւ այդտեղէն պիտի չհեռանան»:
www.aztagdaily.com/archives/461372