Նազարէթ Պէրպէրեան – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – «Ի հարկին յեղափոխութեան ճամբով»

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան

Նազարէթ Պէրպէրեան – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – «Ի հարկին յեղափոխութեան ճամբով»

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

«Ի հարկին յեղափոխութեան ճամբով»

17 Յունուար 2020

«- Իրենք «էվոլիւցիոն (բարեշրջական – Ն․Պ․) կուսակցութիւն են» եւ «միւս կուսակցութիւններից տարբերւում են նրանով, որ հոգ են տանելու բոլոր քաղաքացիների մասին եւ ոչ թէ մի որեւէ դասակարգի»:

– Իրենք յեղափոխականներ չեն, կ’ընդունին եւ կը պաշտպանեն այն տեսակէտը, որ բոլոր ազգերը, ինչպէս եւ հայ ժողովուրդը պիտի յառաջդիմեն ու զարգանան խաղաղ, «կուլտուրական յամառ աշխատանքի ճանապարհով եւ ոչ արիւնահեղութեան ու բռնութիւնների միջոցով»:

– ․․․Իրենց համար գլխաւորը ոչ թէ դասակարգային, այլ ազգային, պետական շահն է եւ որ իրենց կուսակցութիւնը ազգային եւ ապադասակարգային է:

– ․․․Կարեւոր է, որ մինչեւ սահմանադիր ժողովի գումարումը՝ չդրուին «ազգային, կրօնական եւ տնտեսական պահանջներ, որոնք առաջ կը բերեն երկպառակութիւններ..: Դասակարգային կռիւը ազգային ոգին թուլացնող է»։

– «․․․Մեզ` հայերիս համար, Արեւմուտքից է ծագում գարնան ջերմ ու պայծառ արեգակը: Մեզ համար այս կամ այն օրիենտացիան միայն միջոց է Հայ ժողովրդի իդեալները իրականացնելու գործում, եւ մի որեւէ ուրիշ երկիր կամ ժողովուրդ չի կարող լինել մեզ համար իդեալ»․- Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը պէտք է ունենան միայն մէկ` հայկական կողմնորոշում:

– ․․․Անոնք թէեւ կ’ընդունէին նախագահական (պրեզիդենտական) կառավարման ձեւը, այդուհանդերձ նախապատուութիւնը կու տան ժողովրդական ներկայացուցչական համակարգին` խորհրդարանին․ «Ոչ մի որոշում, կարգադրութիւն, հրաման,- արձանագրուած է անոնց Ծրագրին մէջ,- ի՛նչ անուն էլ կրի եւ ո՛ւմից էլ բխի, չի կարող օրէնքի ուժ ստանալ, եթէ հիմնուած չէ պառլամենտի որոշման վրայ»:

*
* *

Յեղափոխականներէ, դասակարգային պայքարներէ, ազգը պառակտող խնդիրներէ եւ հակաժողովրդային կամ հակաժողովրդավարական գաղափարներէ հեռու մնալու դաւանանքը քարոզող վերեւի մէջբերուած տեղեկութիւններն ու լուսաբանումները կը վերաբերին Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծման ժամանակաշրջանին (1918-1920), յատկապէս սկզբնական համախմբական կառավարութեան ատեն, իշխանութեան բաժնեկից դարձած ու քաղաքական կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած Հայ Ժողովրդական Կուսակցութեան – Հ․Ժ․Կ․ին։

Իսկ քաղուածքը առնուած է «Ազգ» թերթի 23 Փետրուար 2018ի համարով լոյս տեսած Սուրէն Թ․ Սարգսեանի «Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը եւ Հայ Ժողովրդական Կուսակցութիւնը» խորագրով հրապարակումէն։
Թէ այս ամէնը ի՞նչ կապ ունի Յունուար 17ի օրը «բարի լոյս»ով ողջունելու հետ, նշեմ՝ որ 126 տարի առաջ այսպիսի օր մը ծնած է վաստակաւոր մանկավարժ, գրականագէտ, բանաստեղծ, թարգմանիչ ու հրապարակագիր Տիգրան Հախումեան (1894-1973), որ կը հանդիսանայ հիմնադիրներէն ու գաղափարախօսներէն մէկը Հ․Ժ․Կ․ի։

«Յուշատետր»ի ամենամեայ էջերով, քանի մը անգամ, ներկայացուցած եմ կեանքն ու վաստակը արժանաւոր այս ակադեմականին, որուն յիշատակը երախտագիտութեամբ կը յարգեն անոր ուսանողները («Յուշատետր»էն էջ մը առանձին փոստով տուած եմ)։ Ի դէպ, անոր որդին էր Խորհրդային Հայաստանի լուսաւորութեան նախարարներէն Սիմոն Հախումեան։

Բարի լոյս՝ Հախումեանէն ու Հ․Ժ․Կ․էն անդին սեւեռելու եւ մեր ժողովուրդին հոգեկերտուածքին մէջ արմատաւորուած էապէ՜ս պահպանողական մտայնութիւնը լուսարձակի տակ առնելու տրամադրութեամբ։

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան գաղափարական ակունքներուն շաղախուած այդ մտայնութեան ընդհանրապէս արժեւորումը կատարելու օրակարգը չի յուզեր բարի լոյսով իրարու օրը ողջունելու այս պահը։

Այսօր եւս մեր ժողովուրդը իր ընդհանրութեան մէջ կողմ է առանց արիւնահեղութեան՝ յատկապէս առանց հայու արիւն հեղելու իր իրաւունքները նուաճելու, այլեւ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ տիրանալու պայքարի ռազմավարութեան։

Տարբեր բացատրութիւն չունի, Հայաստանի վերանկախացումը ԻՆՔՆԱՄԱՔՐՄԱՆ ու ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ առաջնորդելու համար, մեր ժողովուրդին ընտրած ԹԱՒՇԵԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ուղին՝ որ եղաւ «ելքը խենթերուն, որոնց այլ հնար մնացած չէր․․․»։

Բարի լոյս՝ ի հարկին յեղափոխութեան ճամբով հայ ժողովուրդի բազմակողմանի ու անկաշկանդ զարգացման յաղթարշաւը գերագոյն զոհաբերութեան գնով պահպանելու ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ։

Բարի լոյս՝ Ազգի եւ Հայրենիքի յաղթարշաւին լիարժէք մասնակցութիւն բերելու ՆՈՒԻՐՈՒՄ-ին, ի մէջ այլոց նաեւ պահպանողականութեան սահմանէն անդին անցնելու դժուարութիւն ունեցողներու ԳԱՂԱՓԱՐԱՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ։

Բարի լոյս՝ հայոց նորագոյն պատմութիւնը յառաջ մղող երեք հզօր գաղափարական շարժիչները՝ ընկերային եւ ազգային ամբողջական ազատագրումի ուղին հարթող ընկերվարութիւնը, ժողովրդավարութիւնը եւ ազգային-ազատագրական պայքարը մէկ ու միաձոյլ հանգանակի մէջ ընդելուզելու Հայկական Յեղափոխութեան ԱՒԱՆԴ-ին։»

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Նազարէթ Պէրպէրեան

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail