Խմբագրական – Ազատ Խօսք – ՈՒԻԼՍՈՆԻ ԻՐԱՒԱՐԱՐ ՎՃԻՌԻՆ ԴԱՐԱԴԱՐՁԻՆ ԸՆԴ ԱՌԱՋ

Խմբագրական – Ազատ Խօսք – ՈՒԻԼՍՈՆԻ ԻՐԱՒԱՐԱՐ ՎՃԻՌԻՆ ԴԱՐԱԴԱՐՁԻՆ ԸՆԴ ԱՌԱՋ

ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ – Ազատ Խօսք – Ելեկտրոնային Անկախ Պարբերաթերթ – Թիւ (98) Յունուար 2020

Ընթացիկ տարին` 2020-ը, հարիւրամեակն է՝ մեր հողային իրաւունքներու իրականացման գծով կարեւորագոյն փաստաթուղթին՝ ԱՄՆ ատենի նախագահ Վուտրօ ՈՒԻԼՍՈՆի իրաւարար վճիռին, որ կը կայանար 22 Նոյեմբեր 2020-ին: Այս վճիռին պաշտօնական եւ ամբողջական անուանումն է՝ «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի որոշումը Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սահմանի, Հայաստանի դէպի ծով ելքի եւ հայկական յարակից տարածքի ապառազմականացման վերաբերեալ», 22 Նոյեմբեր, 1920 թուական:

Հակիրճ ներկայացնենք իրաւարար վճռին նախապատմութիւնը.-

30 Հոկտեմբեր 1918-ին, Մուտրոսի զինադադարով՝ Օսմանեան կայսրութիւնը կը ճանչնար իր պարտութիւնը, այնուհետեւ՝ միւս երկիրները նոյնպէս, Աւստրո-Հունգարիան, Պուլկարիան եւ Գերմանիան: 1919-ի Յունուարէն սկսեալ, Փարիզի մէջ կը գումարուէր Փարիզի խաղաղութեան վեհաժողովը, որուն մէկ կողմէ կը մասնակցէին յաղթող երկիրները՝ Բրիտանիա, Ֆրանսա, Իտալիս, ԱՄՆ-ը եւ այլ, որոնց կարգին նաեւ՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, իսկ միւս կողմէ, պարտուող երկիրները՝ Գերմանիան, Աւստրո-Հունգարիան, Պուլկարիան եւ Օսմանեան կայսրութիւնը:

1920 թուականի Ապրիլին, Իտալիոյ Սան-Ռեմօ քաղաքին մէջ կը կայանար Անթանթի տէրութիւններու (Անգլիոյ, Ֆրանսայի և Իտալիայի) ղեկավարներու համաժողովը, ուր կը մշակուէր եւ Օսմանեան Թուրքիոյ կառավարութեան կը ներկայացուէր յառաջիկայ հաշտութեան պայմանագրի նախագիծը։ Այստեղ կը յստակեցուէին նաեւ Հայկական հարցի հետ կապուած շարք մը խնդիրներ՝ մանտադի, տարածքներու, ռազմական օգնութեան և այլն։

Եւ վերջապէս, 1920 թուականի Օգոստոս 10-ին, Փարիզի Սեւր կոչուող արուարձանին մէջ, Անթանթի երկիրները սուլթանական Թուրքիոյ հետ կը կնքէին հաշտութեան պայմանագիր։ Հայաստանի կողմէ պայմանագիրը կը ստորագրէր հանրապետութեան պատուիրակութեան ղեկավար Աւետիս Ահարոնեանը։

Պայմանագրի շարք մը յօդուածները կը վերաբերէին Հայաստանին։ Օսմանեան Թուրքիան կը պարտաւորուէր ճանչնալ Միացեալ Հայաստանը։ Հայաստանին էին անցնելու Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի և Պիթլիսի նահանգները ոչ ամբողջութեամբ՝ ընդամէնը 90 հազար քառ. քմ. ելքով դէպի Սեւ ծով։ Հայ-թուրքական պետական սահմանը որոշելու էր ԱՄՆ-ի նախագահը, Վուտրօ ՈՒԻԼՍՈՆը, որ 17 Մայիս 1920-ին կու տար իր պաշտօնական համաձայնութիւնը՝ որպէս իրաւարար հանդէս գալու: ԱՄՆ նախագահը՝ յետ իրաւասու մարմիններուն եւ աշխատանքային խումբին մանրազնին ուսումնասիրութեան, կը կայացնէր իրաւարար վճիռը եւ զայն կը ներկայացնէր 22 Նոյեմբեր 1920-ին:

Եւ այսպէս, համաձայն ԱՄՆ նախագահ ՈՒԻԼՍՈՆի իրաւարար վճիռին, հայ-թուրքական սահմանը կը սկսի Իրանին սահմանամերձ Կոտուր քաղաքէն, կ’անցնի Վանայ լիճի հարաւարեւմուտք եւ Պիթլիս ու Մուշ քաղաքներէն հարաւ-արեւմուտք: Այնուհետեւ, սահմանը կը ձգուի դէպի հիւսիս, կ’անցնի Երզնկայէն ոչ հեռու…եւ կ’ապահովէ Հայաստանի անվտանգութիւնը: Հայաստանին դէպի Սեւ ծով ելք ապահովելու համար, սահմանը կ’անցնի Տերսիմէն հիւսիս: Համաձայն ՈՒԻԼՍՈՆի իրաւարար վճիռին, Հայաստանին կը տրուէր ընդհանուր առմամբ 103,599 քառ. քմ. տարածք (Աղբիւր՝ Վիքիբետիա):

ՈՒԻԼՍՈՆի իրաւարար վճիռն առ այսօր կը մնայ չիրագործուած, քանի որ քեմալական Թուրքիան, յենուելով Խորհրդային Ռուսաստանի ռազմաքաղաքական աջակցութեան վրայ եւ օգտուելով արեւմտեան տէրութիւններու թողտւութենէն, յամառ պայքար կը սկսէր ծաւալել՝ խախտելով Մուտրոսի զինադադարը եւ ոտնահարելով Սեւրի պայմանագիրը։ 1920 թուականի թուրք-հայկական պատերազմի ընթացքին, Հայաստանի Հանրապետութիւնը պարտութիւն կրեց, 2 Դեկտեմբեր 1920-ին՝ յանձնեց իշխանութիւնը պոլշեւիկներուն, իսկ արդէն ՀՀ օրինական իշխանութիւն չհանդիսացող կառավարութեան որոշ անդամներ հարկադրուած ստորագրեցին 1920 թուականի Դեկտեմբեր 3-ի Ալեքսանդրապոլի պայմանագիրը, որով փրկեցին իրենց կեանքը եւ հրաժարեցան Սեւրի հաշտութեան պայմանագրէն։ Թուրքիոյ անունով, Ալեքսանդրապոլի պայմանագիրը կնքեցին դեռեւս Թուրքիոյ օրինական իշխանութիւնը չներկայացնող անձինք։ Այսպիսով, ըստ միջազգային իրաւունքի, Ալեքսանդրապոլի պայմանագիրն ի սկզբանէ անօրինական էր և անվաւեր։

Կարեւորութեամբ պիտի նշենք որ Իրաւարար վճիռը վերջնական է եւ պարտադիր կատարման համար: Անիկա չունի ժամանակային սահմանափակում, եւ անոր կարգավիճակը կախում չունի վճիռին հետագայ ճակատագրէն: Ըստ միջազգային իրաւունքի, կողմերը, համաձայնելով իրաւարար որոշումին ներկայացնել իրենց վէճը, մէկընդմիշտ կ’ընդունին, որ իրենց կողմէ կատարման համար պարտադիր կ’ըլլայ իրաւարարի ցանկացած վճիռ: ՈՒԻԼՍՈՆի իրաւարար վճիռը պարտադիր է բոլոր հայցւորներուն համար, որոնք ներկայիս հետեւեալ երկիրներն են՝ Միացեալ Թագաւորութիւն, Գանատա, Աւստրալիա, Նոր Զելանտիա, Հարաւային Ափրիկէ, Հնդկաստան, Փաքիստան, Պանկլատէշ, Ֆրանսա, Իտալիա, Ճաբոնիա, Պելճիքա, Յունաստան, Լեհաստան, Փորթուգալիա, Ռումինիա, Չեխիա, Սլովաքիա, Սերպիա, Խորվաթիա, Սլովենիա, Պոսնիա, Հերցեկովինա, Մակեդոնիա և Մոնթենեկրօ: Անիկա պարտադիր է նաեւ իրաւարարին՝ Միացեալ Նահանգներու համար, քանի որ ԱՄՆ նախագահի ցանկացած պաշտօնական դիրքորոշում կը հանդիսանայ երկրի դիրքորոշումը և իրաւարարութենէն բխող քայլերը պարտադիր են կատարման համար: Ի դէպ, իրաւարար վճիռը կը կրէ ԱՄՆ-ու պաշտօնական մեծ կնիքը:

Ներկայիս, օգտուելով յատկապէս իրաւարար վճիռի կայացման 100-ամեայ տարեդարձէն կամ դարադարձէն, Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որպես ՄԱԿ-ի անդամ երկիր, պէտք է կարենայ ՄԱԿ-ի միջազգային դատարանի միջոցով հաւաստել ՈՒԻԼՍՈՆի իրաւարար վճիռին վաւերականութիւնը եւ այդպիսով միջազգային ատեաններուն վրայ բարձրացնել՝ իրաւարար վճիռով Հայաստանին յատկացուած տարածքին վրայ իր տիտղոսի վերահաստատման խնդիրը:

Վստահաբար, ԱՄՆ Օրէնսդիր երկու պալատներու կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը կարեւոր յաղթանակ մըն էր, զոր ամերիկահայութիւնը կրցաւ իրագործել շնորհիւ երկար տարիներու իր պայքարին, ինչպէս նաեւ միջազգային քաղաքականութեան մէջ Թուրքիոյ կողմէ ամերիկեան շահերը ոտնակոխող բազմաթիւ արարքներու պատճառով, թէեւ պիտի կարեւորութեամբ նշել որ այնտեղ օգտագործուած եզրոյթը «Հայոց ցեղասպանութիւնը Օսմանեան կայսրութեան տարածքին մէջ» եզրոյթն է, եւ ոչ մէկ նշում կայ Արեւմտահայաստանի մասին: Ա՛լ ժամանակն է որ Սփիւռքի տարագիր, հայրենազրկեալ հայութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան հետ միասնաբար հետամուտ ըլլան մեր ոտնակոխուած եւ բռնախլուած իրաւունքներու վերահաստատման պայքարին, որուն առաջին քայլը ՈՒԻԼՍՈՆեան իրաւարար վճիռը միջազգային ատեաններուն, ՄԱԿ-ին ուշադրութեան յանձնելն է…եւ բարոյական յաղթանակները կարենան վերածել քաղաքական եւ իրաւական շօշափելի յաղթանակներու…

Առ այդ, կարեւոր է նաեւ շատ մը միջոցառումներ իրականացնել ամբողջ տարուան ընթացքին, ինչպէս օրինակ՝ 100-ամեակի պետական յատուկ Յանձնաժողովի ստեղծում, 100-ամեակի նշում ըստ արժանւոյն համայն հայութեան կողմէ, միջազգային մեծ գիտաժողովի կայացում, համազգային Հռչակագրի ընդունում, 22 Նոյեմբերը որպէս Հայրենատիրութեան Օր հռչակում… եւ ամէն կերպով աշխատիլ՝ համաշխարհային դիւանագիտութեան օրակարգ բերելու Հայկական հարցը:

Ներկայիս, ինչպէս կ’ արձանագրէ ակադեմիկոս, փրոֆ. Դոկտ. Ռուբէն Սաֆրաստեան, Մերձաւոր Արեւելքը կը մտնէ իր պատմութեան մէկ նոր փուլը, որուն իբրեւ հետեւանք կը բարձրանայ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու սահմաններու վերաձեւման կամ նոր պետութիւններու յառաջացման հարցը, ինչ որ կրնայ նոր հետաքրքրութիւն յառաջացնել Սեւրի պայմանագրին նկատմամբ, քանի որ վերջինս զգալի չափով նպաստած է ժամանակակից Մերձաւոր Արեւելքի քաղաքական քարտէսի ձեւաւորման:

Այսպէս, Սեւրի պայմանագրի եւ ՈՒԻԼՍՈՆեան իրաւարար վճիռի 100-ամեակի պատշաճ իմաստաւորումը եւ արժեւորումը կրնան հնարաւորել՝ Հայկական հարցին վերաբերեալ միջազգային քննարկումներու արդիականացումը, զայն միջազգային օրակարգ վերադարձնելու խնդիրը: Եւ ոչ միայն: Մենք ազգովին՝ մեր երիտասարդական շարքերով մասնաւորապէս, պիտի վերանորոգենք մեր յանձնառութիւնը՝ հետապնդելու մեր ոտնակոխուած իրաւունքներու արդար հատուցման պայքարը մինչեւ հասնինք մեր Մեծ Երազին իրականացման:

ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ

www.azadkhosk.com/khempakragan9801.html

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail