Էրտողանը Պիտի Խեղդենք Իր Թափած Արեան Մէջ. Քիւրտ Փաստաբանի Սպանութիւնը Զայրացուցած է Համշենցիները

01 դեկտեմբեր 2015

Տիարպեքիրի Սուրի շրջանին մէջ մամուլի ասուլիսէն ետք լրագրողներու աչքին առջեւ Տիարպեքիրի փաստաբաններու միութեան քիւրտ նախագահ Թահիր Էլչիի սպանութիւնը դատապարտած են Հոբայի մէջ (Խոպա):

Վկայակոչելով թրքական BirGun-ի տեղեկութիւնները` News.am կը հաղորդէ, որ Հոբայի մէջ հաւաքուած հարիւրաւոր քաղաքացիներ՝ ի նշան Թահիր Էլչիի սպանութեան դէմ բողոքի՝ երթ իրականացուցած են` տարբեր կարգախօսներով պաստառներ իրենց ձեռքին: Գլխաւոր պաստառին վրայ գրուած է․ «Պալատը (Էրդողանին անուանելու տարբերակ) պիտի խեղդենք իր թափած արեան մէջ»:

Խումբի անունով ելոյթ ունեցած է Քամիլ Ուսթապաշը` շեշտելով, թէ իրենք չեն վախնար Էրտողանի ստեղծած ֆաշիստական մթնոլորտէն ու ճնշումներէն:

Նշենք, որ Հոբան եղած է Թուրքիոյ միակ բնակավայրը, ուր Էրտողանը չէ կրցած քարոզարշաւ իրականացնել, քանի որ քաղաքացիները զինք քարկոծած ու վռնտած են:

Հոբայի բնակչութեան գերակշիռ մասը, ներառեալ քաղաքապետը, համշենահայեր են, որոնք կը խօսին համշենահայերէն:

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail