Պոլսոյ Պատրիարքարանը Տինքի Եւ Պալըքճըի Սպանութեան Գործերով Դատավարութիւններու Մասին Յայտարարութիւն Հրապարակած Է
21 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՊՈԼՍՈՅ ՊԱՏԻԱՐՔԱՐԱՆ:
Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը յայտարարութիւն հրապարակած է` անդրադառնալով Թուրքիոյ մէջ սպաննուած զինուոր Սեւակ Պալըքճըի եւ Հրանդ Տինքի գործերով դատավարութիւններուն մասին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ակօս»-ը:
Պատրիարքարանը իր գոհունակութիւնը յայտնած է Սեւակ Պալըքճըի գործով կայացած դատավճիռին առնչութեամբ` միեւնոյն ատեն նշելով, որ Տինքի սպանութեան գործին մէջ արդարութեան փնտռտուքները կը շարունակեն մնալ ապարդիւն:
«2011 թուականի ապրիլի 24-ին զինուորական ծառայութեան ժամանակ դաժանաբար սպաննուած Սեւակ Պալըքճըի գործով կայացած դատավճիռը մասամբ յագեցուցած է մեր արդարութեան ծարաւը: Հակառակ անոր որ դատավճիռը ի վիճակի չէ ետ բերել Սեւակը, այնուամենայնիւ, յանցանքի արձանագրումն ու յանցագործին արժանի պատիժ տալը յուսադրող են մեր երկրի արդարադատութեան համակարգին համար:
«(…) Արդիւնքը կարեւոր է այնքանով, որ Թուրքիոյ մէջ այն անձերը կամ խումբերը, որոնք ցեղապաշտութեան հողի վրայ սպանութիւններ կը գործեն` կարծելով, թէ անպատիժ պիտի մնան, այժմ պիտի փոխեն իրենց կարծիքը:
«(…) Յոյս փայփայելով, որ Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով նոյնպէս նման դատավճիռ պէտք է կայացուի, անոր սպանութեան 13-րդ տարելիցին առիթով անգամ մը եւս կը բարձրացնենք մեր արդարութեան պահանջը:
«Համոզում ունինք, որ արդէն ժամանակն է, որ ամբողջ աշխարհի առջեւ տեղի ունեցող այս արդարութեան փնտռտուքը աւարտի, որովհետեւ ուշացած արդարադատութիւնը արդարադատութիւն չէ: Յոյս կը յայտնենք, որ դատավարութեան ընթացքին կայացուելիք վճիռը հպարտութեան առիթ պիտի ըլլայ Թուրքիոյ արդարադատութեան համար», գրուած է յայտարարութեան մէջ:
www.aztagdaily.com/archives/461647