Ըստ «Ռիա Նովոսթի»-ի. Հաֆթար Պերլինի Մէջ Մերժած Է Ստորագրել Զինադադարի Մասին Համաձայնագիրը
21 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Լիպիոյ ազգային բանակի հրամանատար զօր. Խալիֆա Հաֆթար Պերլինի խորհրդաժողովի ընթացքին մերժած է զինադադարի մասին համաձայնագիրը ստորագրել: Այս մասին ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան յայտնած է Մոսկուայի մէջ գտնուող դիւանագիտական աղբիւր մը:
«Տարօրինակ կեցուածք ունէր. անջատեց հեռաձայնը, կապը չէր վերականգներ, ոչ ոքի նախազգուշացնելով` հեռացաւ», յայտնած է աղբիւրը:
Լիպիոյ մէջ իրավիճակի կայունացման նուիրուած միջազգային խորհրդաժողովը տեղի ունեցաւ կիրակի օր Պերլինի մէջ` մասնակցութեամբ Ռուսիոյ, Գերմանիոյ, Բրիտանիոյ, Թուրքիոյ, Եգիպտոսի ղեկավարներուն, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահին եւ այլ միջազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն: Խորհրդաժողովի աւարտին մասնակիցները համաձայնութիւն գոյացուցին փաստաթուղթի մը շուրջ, որ պէտք է Լիպիոյ մէջ շարք մը խնդիրներ լուծէ:
Յիշեցնենք, որ Հաֆթար չէր ստորագրած նաեւ 13 յունուարին Մոսկուայի մէջ լիպիական կողմերուն միջեւ բանակցութիւններէն բխած փաստաթուղթը, որուն հիմամբ կողմերը առանց նախապայմանի յանձնառու կը դառնան զինադադարի հաստատման եւ զինուորական յանձնախումբ մը կը կազմեն` ճշդելու համար հաղորդակցութեան գիծն ու հսկելու համար զինադադարին:
www.aztagdaily.com/archives/461668