Թրամփ. «Մոսկուայի Եւ Փեքինի Հետ Լաւ Յարաբերութիւններ Ունենալը Միացեալ Նահանգներուն Ձեռնտու Է»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ

Թրամփ. «Մոսկուայի Եւ Փեքինի Հետ Լաւ Յարաբերութիւններ Ունենալը Միացեալ Նահանգներուն Ձեռնտու Է»

21 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: ««Convention on the Non-Applicability of Statutory Limitations to War Crimes and Crimes Against Humanity»»

ARMENIAN GENOCIDE – DENIAL IS THE LAST ACT OF A GENOCIDE

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ վստահ է, որ Ուաշինկթընին ձեռնտու է Մոսկուայի եւ Փեքինի հետ լաւ յարաբերութիւններ պահպանելը, սակայն կարելի չէ այլ երկիրներուն արտօնել Միացեալ Նահանգները իրենց շահերուն համար օգտագործել: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Թրամփի` Թեքսաս նահանգին մէջ Միացեալ Նահանգներու գիւղատնտեսական ոլորտի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումի ժամանակ արտասանած խօսքին:

«Չինաստանի հետ լաւ յարաբերութիւններ ունենալը լաւ է, լաւ է նաեւ Ռուսիոյ եւ այլ երկիրներու պարագային: Սակայն մենք չենք ուզեր, որ մեզ օգտագործեն իրենց շահերուն համար», նշած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով դեկտեմբեր 2019-ին Ուաշինկթըն կատարած աշխատանքային այցելութիւնը ամփոփելով յայտարարած էր, որ Թրամփ կը գիտակցի Ռուսիոյ հետ լաւ յարաբերութիւններու օգուտներուն, սակայն Միացեալ Նահանգներու մէջ կան ուժեր, որոնք չեն կիսեր այս տեսակէտը եւ կը խանգարեն երկու պետութիւններուն միջեւ կապերու հաստատումը:

GÉNOCIDE ARMÉNIEN – LE DÉNI EST LE DERNIER ACTE D’UN GÉNOCIDE:

www.aztagdaily.com/archives/461671

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail