Անդրադարձ. «Յաղթանակ»-ի Մասին Զաւեշտակա՞ն, Թէ՞ Անկեղծ Յայտարարութիւն

ARMENIAN GENOCIDE - DENIAL IS THE LAST ACT OF A GENOCIDE

Անդրադարձ. «Յաղթանակ»-ի Մասին Զաւեշտակա՞ն, Թէ՞ Անկեղծ Յայտարարութիւն

21 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ: ««Թուրքիայի իրականացրած հանցագործությունները հայ ժողովրդի, մարդկության եւ քաղաքակրթության դեմ, առնվազն վերջին 100 տարիների ընթացքում»»

ARMENIAN GENOCIDE – DENIAL IS THE LAST ACT OF A GENOCIDE

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Կիրակի, 19 յունուարին Գերմանիոյ մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Լիպիոյ տագնապի քննարկման նուիրուած «Պերլինի խորհրդաժողով»-ը, որուն կը մասնակցէին 11 պետութիւններու, 3 միջազգային ու շրջանային կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ տագնապին առնչակից անմիջական կողմերու ղեկավարները: Մասնակից պետութիւններու շարքին էր Թուրքիան:

Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն երէկ «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Լիպիոյ տագնապին նկատմամբ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կիրարկած արդիւնաւէտ եւ բազմակողմանի գործունէութիւնը Թուրքիան վերածեց տագնապի լուծման հիմնական մասնակիցներէն մէկուն»: «Թուրքիան պիտի շարունակէ իր շինիչ ու խաղաղ քաղաքականութիւնը` ընդդէմ փոխանորդներով պատերազմներուն», աւելցուց ան:

Լիպիոյ տագնապի հարցին մէջ Էրտողանի կիրարկած քաղաքականութիւնը Թուրքիոյ տեղ ապահովեց «Պերլինի վեհաժողով»-ի սեղանին վրայ: Այդ քաղաքականութիւնը «արդիւնաւէտ» կարելի էր կոչել, եթէ անոր նպատակը ըլլար այդ վեհաժողովին մէջ աթոռ ունենալը, որ թէեւ ձեռքբերում մըն է եւ տագնապի լուծման մէջ դերակատարի կարգավիճակ կը շնորհէ, սակայն ներկայ պահուս «յաղթանակ»-ի մասին խօսիլը կը նմանի արջը չսպաննած մորթը ծախելուն: Այդ ձեւական եւ ոչ խորքային յաղթանակի շեփորումը արտաքին քաղաքականութեան չ՛առնչուիր, այլ` ներքին սպառման համար է, ներքին քաղաքականութեան ծիրին մէջ կատարուած քարոզչութիւն մըն է, ուստի եւ անոր միակ հասցէատէրը թրքական հասարակութիւնն է:

Արտաքին քաղաքականութեան տեսանկիւնէն, Պերլինի վեհաժողովին մասնակցութիւնը Թուրքիոյ համար ընդամէնը բարոյական յաղթանակ մըն է, որուն աղբիւրը մասնակից այլ երկիրներուն` Եգիպտոսի, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի նման տագնապի կողմերէն մէկուն աջակիցն ու դաշնակիցը, տագնապին մասնակից կողմ ըլլալու հանգամանքն է:

Այլ խօսքով` զաւեշտական է Քալընի այն պնդումը, թէ «Թուրքիան պիտի շարունակէ իր շինիչ ու խաղաղ քաղաքականութիւնը` ընդդէմ փոխանորդներով պատերազմներուն»: Ատիկա թերեւս այդքան ալ հեգնական չէ եւ կրնայ անկեղծ համոզումի մը արտայայտութիւնը ըլլալ, որովհետեւ ցեղասպան պետութեան մը արժեչափերով զօր. Խալիֆա Հաֆթարի ուժերուն դէմ կռուելու համար թրքական ուժեր եւ Սուրիայէն թրքամէտ 2000-3000 ահաբեկիչներ Թրիփոլի տեղափոխելը կրնայ «շինիչ ու խաղաղ քաղաքականութիւն» ըլլալ:

Un charnier de victimes arméniennes du génocide dans le village de Sheyxalan (Turquie), en 1915. (ARMENIAN GENOCIDE MUSEUM / AFP)

www.aztagdaily.com/archives/461624

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail