ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ – Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն . Վարդա՞ն, Թէ՞ Վասակ
21 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:
ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
2020, Նոր տարի, նոր տասնամեակ, նոր երազներ, նոր խոյանք, բայց նաեւ նոր մարտահրաւէր` ողջ հայութեան դէմ:
Մեր հայրենիքի տարածաշրջանը աշխարհաքաղաքական աննախընթաց աննպաստ մթնոլորտ մը կ՛ապրի: Մէկ կողմէն թուրք-ռուս «մեղրալուսինը», որ կը շարունակուի քանի մը տարիէ ի վեր, որ գետնի վրայ չթարգմանուեցաւ` Սուրիոյ հիւսիսային կողմը ապահովական գօտիի մը ստեղծման ի նպաստ Թուրքիոյ, ի հեճուկս` քրտական ներկայութեան, միւս կողմէ` Միացեալ Նահանգներու շատ տկար ներկայութիւնը` «ռուս-թրքական» ծանրակշիռ փոխյարաբերութիւններուն դէմ, նաեւ Միացեալ Նահանգներու ներկայ նախագահ Թրամփի տկար դիրքը` վերոյիշեալ շրջանի մէջ, ամէն գնով նոյնիսկ «քծնելով» նոր յաջողութիւն մը արձանագրելու, որ դրական անդրադարձ մը պիտի ունենար իր յառաջիկայ նախագահական ընտրապայքարի ծիրին մէջ:
Արեւելեան ճակատէն` Ազրպէյճանէն, պոռոտախօս, վայրագ եւ մարտահրաւէր լոզունգները անպակաս են` խոստանալով Երեւանը այրել, եթէ Արցախը ամբողջութեամբ չվերադառնայ իրենց լուծին տակ ու վերջ. առանց որեւէ մէկ զիջումի:
Հարաւէն Իրանի լարուած վիճակը Միացեալ Նահանգներու հետ զինք մատնած է տնտեսական, ընկերային, քաղաքական խիստ դժուար պայմաններու, ուրիշ խօսքով` իր կշիռքը Ազրպէյճանի առջեւ տկարացած:
Ուրեմն պահ մը աչքէ անցընելէ ետք թուրք ռազմական դիրքը, Ազրպէյճանի քարիւղը, Ռուսիոյ նենգ քաղաքական խաղերը, Միացեալ Նահանգներու «Ամէն գնով Թուրքիոյ հաճելի դառնալու» վիճակը` բաւարար տուեալներ են մեզ ահազանգի մատնելու, որ շրջանին մէջ նոր կարգաւորումներ պիտի ըլլան մեր հայրենիքի կամ Արցախի ազատագրուած հողերու հաշուոյն: Զուգահեռաբար, միւս կողմէ, կրնանք ըսել, որ սփիւռքին վիճակը շատ փայլուն չէ, ան ստոյգ կերպով նահանջի եւ ընկրկումի մէջ է: Երբեք չխաբուինք քանի մը դրական երեւոյթներէ: Դպրոցները կը փակուին աշակերտի թիւի նուազումին պատճառով, եկեղեցիներուն մէջ հաւատացեալներու թիւ գրեթէ գոյութիւն չունի, ազգային կառոյցները տկարացան մարդուժի պակասէն, նաեւ յիշենք խառն ամուսնութիւններու մեծ թիւը, որ արդէն «նորմալ» վիճակ ստացած է:
Գալով մեր հայրենիքին, յարգանքով եւ խոնարհութեամբ կը մօտենանք ներկայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ամբողջ ճիգերուն եւ աշխատանքներուն, բայց տակաւին ու տակաւին աղքատութիւնը կը շատնայ, ընկերային պայմանները կը դժուարանան, այո՛, նկատի կ՛առնենք մեծ հաճոյքով, որ 2019 թուականին Հայաստանի համախառն ներքին աճը GDP սլացիկ է եւ շրջանի մէջ Ազրպէյճանէ ետք ամէնէն բարձր, ըստ ԱՄՀ-ի (Արժոյթի միջազգային հիմնադրամ) IMF, բայց չմոռնանք նաեւ, որ 1991-էն ի վեր, այսինքն իր վերանկախութենէն ի վեր Հայաստանի բնակչութեան թիւը ամենացածն է, այո՛, 1992-ին հայրենիքը կը համրէր 3,633 միլիոն բնակչութիւն, իսկ այսօր արձանագրած է 2,965 միլիոն բնակչութիւն, որ 28 տարիներու մէջ ամենացածն է` ըստ Ազգային վիճակագրութեան խորհուրդի, վստահաբար, խիստ լուրջ եւ մտահոգիչ պատճառներ կան աս զանգուածային արտագաղթի ետեւ: Մենք չենք ուզեր, որ հայրենիքը միայն «էլիտարներու» բնաշխարհ դառնայ, կը մերժենք այս երեւոյթը:
Այս ամէն տեղեկութիւնները լսելէ ետք մեզի կը մնայ որոշել մեր կեցուածքը: Սերունդ մըն ենք, որ տակաւին կրնանք մեր ականջներուն մէջ լսել Մեծ եղեռնի վերապրողներուն տխուր ձայները եւ յիշել անոնց «դժոխքը» տեսած աչքերը, սերունդ մըն ենք, որ մեր մորթին վրայ զգացինք Արցախի ազատագրման պայքարը եւ տակաւին մեր վէրքերը չգոցուեցան, տակաւին կարծես երէկ էր, որ վերանկախութիւն կերտեցինք եւ արդէն ամէն ինչ «պիզնեսի» դարձուցինք:
Ամօ՛թ մեզի. շուտ «քաղքենիացանք»` անտեսելով մեր մշակոյթն ու ազգային բարքերը, մեր ազգային ժառանգութիւնն ու մեր արեան կոչը: Սխալը մեր մէջ փնտռենք եւ չայպանենք ուրիշը, այսօր, ինչպէս միշտ, մեր ազգային կառոյցները, եկեղեցին, կուսակցութիւնները կը գոռան` հայապահպանում, բայց դժբախտաբար մեր մէջ շատ են վասակները, իսկ հայ ազգի փրկութեան միակ երաշխիքը վարդաններու մէջ է. կախարդական լուծում մը չփնտռենք, որովհետեւ պարզապէս ան գոյութիւն չունի: Փրկութեան վերջին լաստը փնտռենք մենք մեր մէջ, կա՛մ Վարդան, կա՛մ վասակ, կա՛մ փրկարար, կա՛մ դաւաճան:
Կ՛ուզեմ եզրափակել այս յօդուածը` մէջբերելով վեհ Քրիստափոր Միքայէլեանի խօսքերէն մին. «Մեզ մնում է ուրեմն երկուսից մէկը… կա՛մ սեփական ձեռքով թաղել մեր դատը, կա՛մ թէ շարունակել մեր կռիւը»:
www.aztagdaily.com/archives/461598