Պաշտպանութեան Բանակը Վստահօրէն Իրականացուցած է Իր Առջեւ Դրուած Խնդիրները. Արցախի Նախագահ

Պաշտպանութեան Բանակը Վստահօրէն Իրականացուցած է Իր Առջեւ Դրուած Խնդիրները. Արցախի Նախագահ

21 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՊԱՇՏՊԱՆԱԿԱՆ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան Յունուար 21-ին Ստեփանակերտի մէջ մասնակցած է Պաշտպանութեան բանակի ռազմական խորհուրդի նիստին՝ ամփոփելու 2019 թուականի արդիւնքները եւ նախանշելու 2020 թուականի ընելիքները:

Այս մասին կը յայտնեցէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի մամլոյ ծառայութիւնը:

Իր ելոյթին մէջ նախագահ Սահակեան նշած է, որ 2019 թուականին Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակը վստահօրէն իրականացուցած է իր առջեւ դրուած խնդիրները, ապահոված է մեր երկրի եւ ժողովուրդի անվտանգութիւնը, տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանումը, եւ ՊԲ անձնակազմը իր այդ առաքելութիւնը իրականացուցած է քրտնաջան ու անձնուէր ծառայութեան շնորհիւ:

Նախագահ Սահակեան 2019-ին բանակաշինութեան ոլորտին մէջ իրականացուցած լայնածաւալ աշխատանքներու արդիւնքները, ընդհանուր առմամբ, գնահատած է բաւարար, տուած համապատասխան յանձնարարականներ ընթացիկ տարուան մէջ իրականացուելիք հիմնական խնդիրներու վերաբերեալ:

Նախագահը ընդգծած է, որ Պաշտպանութեան բանակը միշտ եղած է եւ կը մնայ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան, անվտանգութեան եւ բնականոն զարգացման հիմնական երաշխաւորը` համոզուած ըլլալով, որ բանակը, ինչպէս միշտ, պիտի ընէ հնարաւորը դրուած խնդիրները պատշաճ մակարդակով լուծելու ուղղութեամբ:

GENOCIDE-© PHOTO – ARMENIAN GENOCIDE MUSEUM INSTITUTE

Yerakouyn.com/2020/01/21/պաշտպանութեան-բանակը-վստահօրէն-իրակ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail