«Առաջին Իրանցին, Որ Աստղ Կը Ստանայ Հոլիվուտի «Փառքի Ճեմուղի»-ին Վրայ». «Կարտիըն»-ի Անդրադարձը Հայ Երգիչին
21 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՄՇԱԿՈՅԹ:
Իրանահայ երգիչ Էնդին իր աստղը պիտի ունենայ Հոլիվուտի «Փառքի Ճեմուղի»ին վրայ՝ դառնալով առաջին իրանցի արուեստագէտը, որ կ՛արժանանայ այդ պատիւին, ըստ “Արմէնփրես”-ի՝ կը գրէ բրիտանական հեղինակաւոր «Կարտիըն» թերթը՝ անդրադառնալով երգիչին իրագործումներուն:
Թերթը կը նշէ, որ Էնդի Մադադեան 22 տարեկանին տեղափոխուած է Լոս Անճելըս եւ եկամուտ ապահովելու համար սկսած է կիթառ նուագել գիշերային ակումբի մը մէջ: Իսկ հիմա, 63 տարեկանին, ան միջազգայնօրէն ճանչցուած ժողովրդային երգիչ է, որ պատրաստ է «նոր սկիզբի» մը:
Ան թերթին նկատել կու տայ, թէ շատերուն համար արտասովոր կրնայ թուիլ, որ 14 ալպոմներ արտադրելէ ետք կարելի է խօսիլ նոր սկիզբի մը մասին, «բայց ինծի համար այդպէս չէ, որովհետեւ շատ մը ամերիկացիներ տակաւին նոր սկսած են ծանօթանալու երաժշտութեանս: Յոյս ունիմ, որ հոլիվուտեան այս աստղը նոր դռներ կը բանայ»։
Ան ընդունեց, որ ներկայիս շատ դժուար է ըլլալ իրանցի-ամերիկացի արուեստագէտ մը՝ աւելցնելով. «Այն, ինչը ես կը ստեղծեմ, կը ստեղծեմ իմ ժողովուրդիս՝ իմ ամերիկացի, իրանցի եւ հայ ժողովուրդներուն համար»:
Թերթը կը նշէ, որ Մադադեան հասակ նետած է Իրանի մայրաքաղաքէն մօտաւորապէս 7000 մղոն հեռաւորութեան վրայ, շրջանի մը մէջ, ուր մեծ թիւով հայեր կ՛ապրէին։
«Կեանքիս մեծ մասը ապրած եմ Լոս Անջելըսի մէջ, ուրեմն ես իսկապէս իրանահայ ամերիկացի եմ եւ կրնամ ըսել, որ այս է ամերիկեան երազը», կ՛եզրակացնէ Էնդին:
Այս տարի «աստղ»երու պիտի արժանան նաեւ խումբ մը աշխարհահռչակ արուեստագէտներ, ներառեալ՝ Էլվիս Քասթելօ, Պիլի Այտըլ, Մաի Ուութըրզ, Ըլիշա Քիզ եւ «50 Սենթ»ը:
yerakouyn.com/2020/01/20/առաջին-իրանցին-որ-աստղ-կը-ստանայ-հոլի/