Իրանցի Երեսփոխան Մը Թրամփը Սպաննողին 3 Միլիոն Տոլարի Պարգեւ Կը Խոստանայ
22 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով իրանեան ԻՍՆԱ լրատու գործակալութեան, հաղորդեց, որ իրանցի երեսփոխան մը խոստացած է 3 միլիոն տոլար վճարել անոր, որ կը սպաննէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը:
«Յանուն Քարման գաւառի ժողովուրդին, Թրամփը սպաննողին 3 միլիոն տոլարի պարգեւ պիտի վճարենք», ըսած է անանուն երեսփոխանը:
Նշենք, որ Քարման գաւառը Միացեալ Նահանգներու կողմէ սպաննուած զօր. Քասեմ Սիւլէյմանիի ծննդավայրն է:
www.aztagdaily.com/archives/461809