Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ – Սփիւռք-Հայաստան Յարաբերութիւններու (Թաւշեայ) Մթնշաղին

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ – Սփիւռք-Հայաստան Յարաբերութիւններու (Թաւշեայ) Մթնշաղին

21 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Կարելի չէ անտեսել քաղաքական զօրաշարժը, որուն դրօշակիրը եղաւ Դաշնակցութիւնը` հարազատօրէն դրսեւորելով իր կեդրոն-ձախ գաղափարախօսական դիմագիծը հարկային համահարթեցման խնդրով, ոսկի առիթ մը` բոլոր ձախ ուժերու համախմբումին, որ այնպէս ալ տեղի չունեցաւ դժբախտաբար: Հարկերու համահարթեցման օրէնքը, ի դէպ, խօսուն փաստն է թաւշեայ յեղափոխութեան ղեկավարութեան տնտեսական ազատ-շուկայամոլութեան գաղափարախօսական համոզումին, ընդ որում` կենդանի կը մնայ այն համոզումը, որ ունէին ե՛ւ Լեւոն Տէր Պետրոսեան, ե՛ւ Ռոպերթ Քոչարեան, ե՛ւ Սերժ Սարգսեան` յաւելեալ արժէքի յաւելեալ կուտակման իրաւունք, որ հարստութեան արդար վերաբաշխումի ամէն քայլ, ինչպէս յառաջընթացային (պրոկրեսիւ) հարկային դրութիւնն ու անոր արմատականացումը, կը բացառէ` հաւատալով պահանջարկ-առաջարկ շուկայական հաւասարակշռման «անյայտ ձեռք»-ի սկզբունքին: Այս իմաստով իմքայլական իշխանութիւններէն համակարգային արմատական որեւէ փոփոխութիւն սպասելի չէ, թէկուզ եւ այդ ուզեն հաւատալ ու հաւատացնել փտածութեան դէմ պայքարի իրենց քաղաքականութեամբ:

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Թաւշեայ յեղափոխութեան լիպերալ-պոպուլիստ բնոյթին կողքին, կարեւոր է նկատի ունենալ անոր ներազգային բնոյթը, որ զինք տարբերեց նախապէս տեղի ունեցած բոլոր գունաւոր յեղափոխութիւններէն: Թէ այս վերջինները ե՛ւ ներշնչման, ե՛ւ զօրաշարժի կազմակերպումի մարտավարութեանց ուսումնասիրութեան աղբիւր էին` անկասկած: Վերջին հաշուով, բոլոր յեղափոխութիւնները ունեցած են արտաքին ներշնչում, սորված են տարբեր փորձառութիւններէ եւ վերածուած են փորձառութեան աղբիւրի: Ոմանք ունեցած են անդրազգային/համամարդկային առաքելութեան տեսլական եւ ծնունդ տուած հերոսներու` Չէ Կեւարա, Նելսոն Մանտելա, Վաչլաւ Հաւել® Գունաւոր յեղափոխութիւնները, առանց թերգնահատելու իրենց ռեզոն տ’էթր-ը եւ դերակատարներուն անկեղծութիւնը, ծնունդ տուած են յեղափոխութեան անթրփըրըներ-ներու, ինչպէս եղած է պարագան Միլոսեւիչին դէմ զօրաշարժ կազմակերպած երիտասարդ խմբակին, կամ ալ հերոսէ ծաղրածուի վերածուած ղեկավարներու` ի դէմս Սահակաշվիլիի: Թաւշեայ յեղափոխութիւնը համաշխարհային ուշադրութեան արժանի եղաւ, բայց մնաց սահմանափակ հայրենի իրականութեան մէջ: Այդ մէկը կրնայ եւ փաստը ըլլալ քաղաքական ողջունելի զգուշաւորութեան, զոր ցուցաբերեցին յեղափոխութեան ղեկավարները, որոնք ոչ մէկ հակում ունեցան համաշխարհային «աստղեր» դառնալու: Բայց թաւշեայ յեղափոխութիւնը, արտաքին աշխարհաքաղաքական ազդակներու բերումով, ներազգային երեւոյթ ըլլալէ բացի, այլընտրանք չունէր: Փաստօրէն արտաքին-յարաբերական մարզին մէջ Ռուսաստանի հետ ռազմաքաղաքական դաշինքը անփոփոխ մնաց, եւ զայն հարցականի տակ դնող ամէն դոյզն քայլ, թէկուզ եւ` ակամայ եւ արդիւնք անզգուշութեան, իր ժխտական անդրադարձը անմիջապէս զգացնել տուաւ: Արտաքին/աշխարհաքաղաքական ազդակի որոշիչ գերակայութիւնը Հայաստանին նման փոքր պետութեան եւ միջազգային տնտեսութեան մէջ անգոյ ըլլալու չափ աննշան երկրի մը համար կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ ամէն կարգի փոփոխութիւն միայն ներազգային ոլորտին մէջ կրնայ իրապաշտօրէն մտածուիլ, եւ ոչ մէկ բանավէճ մտահան կրնայ ընել երկրի ռազմաքաղաքական կախուածութեան պայմանաւորումը:

Հետեւաբար, երբ Իմքայլական կառավարութեան առաջին տարուան իրագործումներուն քննարկման հարց դրուի, անհրաժեշտ է կարեւորութեամբ նկատի ունենալ Թաւշեայ Յեղափոխութեան լիպերալ-պոպուլիստ գաղափարախօսական ուղղուածութիւնը եւ արտաքին ռազմաաշխարհագրական սահմանափակումները: Այսինքն` փոփոխութիւնները պիտի քննարկել զուտ ներազգային/հայրենի ոլորտին մէջ, եւ ապա միայն հետեւումներ ընել անոր արտաքին, այս յօդուածի պարագային` Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններ, անդրադարձներու եւ կարելի զարգացումներու մասին:

Փետրուար 2019-ին կառավարութիւնը ներկայացուց իր հնգամեայ ծրագիրը: Հայաստանի Հանրապետութեան 7-րդ գումարման Ազգային ժողովի առաջին նստաշրջանի հերթական նիստին իր ելոյթին ընթացքին վարչապետ Փաշինեան «ազդարարեց» «համաժողովրդական, տնտեսական յեղափոխութեան սկիզբ», մասնաւորաբար շեշտելով. «Հայ ժողովուրդը յաղթած է կաշառակերութեան, ամենաթողութեան, խմբակային կառավարման դէմ պայքարին, եւ հայ ժողովուրդը պիտի յաղթէ աղքատութեան, գործազրկութեան, խեղճութեան ու անգործութեան դէմ պայքարին»: Նոյն այդ ելոյթին մէջ վարչապետը կարեւոր բաժին մը յատկացուց հայկական սփիւռքի հետ յարաբերութիւններուն` յայտարարելով` (ա) սփիւռքի նախարարութեան կազմալուծումը, (բ) վարչապետի աշխատակազմին մէջ ստեղծել սփիւռքի գործերով յանձնակատար, «որ վարչապետի անունով եւ յանձնարարութեամբ պիտի իրականացնէ սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ վարչապետի յանձնարարութեամբ պիտի համակարգէ նախարարութիւններու աշխատանքը սփիւռքի հետ յարաբերութիւններուն մէջ` միեւնոյն ժամանակ ապահովելով Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու բաւական բարձր եւ պատշաճ մակարդակ»: Այս տրամաբանութեան հետեւումով վարչապետը դրաւ երկու խնդիր, զորս անուանեց «յեղափոխական»: Անոնցմէ առաջինը սփիւռքի ներուժի քարտէսագրումն է, անհրաժեշտ քայլ մը` ի խնդիր համահայկական ցանցի ստեղծման: «Մենք պիտի ունենանք համակարգ մը, որ իր մէջ պիտի ներառէ ամփոփ եւ կիրարկելու ամէնօրեայ տեղեկատուութիւն, թէ սփիւռքի ո՛ր հատուածին մէջ մենք ինչպիսի՛ ներուժ ունինք, եւ այդ ներուժին հետ կառավարութիւնը ի՛նչ համագործակցութիւն պէտք է իրականացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական, քաղաքական, անվտանգութեան մակարդակը բարձրացնելու առումով»: Երկրորդ` սփիւռքը ներկայացնող միասնական կառոյցի եւ միասնական կազմակերպութեամբ կամ ձեւաչափի ստեղծում: Այս իմաստով «մեծ մարտահրաւէր»-ը պիտի ըլլայ, ըստ վարչապետին տուած բացատրութիւններուն, «ամբողջ սփիւռքը ներկայացնող ինչ-որ ներկայացուցչական կառոյց», հարթակ մը, ուր քննարկուած ինչ-որ հարց կրնայ օրինականօրէն սփիւռքի հետ համաձայնեցուած հարց համարուիլ:

– Կարելի չէ անտեսել քաղաքական զօրաշարժը, որուն դրօշակիրը եղաւ Դաշնակցութիւնը` հարազատօրէն դրսեւորելով իր կեդրոն-ձախ գաղափարախօսական դիմագիծը հարկային համահարթեցման խնդրով, ոսկի առիթ մը` բոլոր ձախ ուժերու համախմբումին, որ այնպէս ալ տեղի չունեցաւ դժբախտաբար: Հարկերու համահարթեցման օրէնքը, ի դէպ, խօսուն փաստն է թաւշեայ յեղափոխութեան ղեկավարութեան տնտեսական ազատ-շուկայամոլութեան գաղափարախօսական համոզումին, ընդ որում` կենդանի կը մնայ այն համոզումը, որ ունէին ե՛ւ Լեւոն Տէր Պետրոսեան, ե՛ւ Ռոպերթ Քոչարեան, ե՛ւ Սերժ Սարգսեան` յաւելեալ արժէքի յաւելեալ կուտակման իրաւունք, որ հարստութեան արդար վերաբաշխումի ամէն քայլ, ինչպէս յառաջընթացային (պրոկրեսիւ) հարկային դրութիւնն ու անոր արմատականացումը, կը բացառէ` հաւատալով պահանջարկ-առաջարկ շուկայական հաւասարակշռման «անյայտ ձեռք»-ի սկզբունքին: Այս իմաստով իմքայլական իշխանութիւններէն համակարգային արմատական որեւէ փոփոխութիւն սպասելի չէ, թէկուզ եւ այդ ուզեն հաւատալ ու հաւատացնել փտածութեան դէմ պայքարի իրենց քաղաքականութեամբ:

Փաշինեանի այս ելոյթի դրոյթներու հետեւումով, իմքայլական կառավարութեան առաջին տարուան աւարտին Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու իրավիճակը կրնայ համապատասխանել Անթոնիօ Կրամշիի հանրածանօթ բանաձեւումին (յղացքներու որոշ պատշաճումով). «Հին աշխարհը (այս պարագային` Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու կարգը) կը մեռնի: Նորը կ’ուշանայ յայտնուելու: Այս մթնշաղին մէջտեղ կ’ելլեն հրէշները»:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

Իմքայլականներուն համար սփիւռքի նախարարութեան լուծարման որոշումը տրուած էր էն սկիզբէն: Թաւշեայ յեղափոխութեան յաջորդած վեցամսեայ ժամանակաշրջանին, այն, ինչ կրնայ կոչուիլ յետյեղափոխական Մոնքլոական մոմենտում մը, նախարարութիւնը յանձնուեցաւ յեղափոխութեան դերակատար երիտասարդ դէմքերու, որոնք յաւուր պատշաճի պահեցին սփիւռքի հետ զբաղուելու ձեւականութիւն մը, սփիւռքով հետաքրքրուած եւ յարաբերութիւնները նոր մակարդակի բերելու պատրաստականութեան բեմականացում մը, որ, սպասելիօրէն, գործնական ոչինչի յանգեցաւ: Սփիւռքի նախարարութեան լուծարումը քննարկման չդրուեցաւ Ազգային ժողովին մէջ, ուր, ամէն պարագայի, նուազ հետաքրքրութիւն կայ թեմային նկատմամբ, եւ ձեւական, անատամ եւ գաղափարախօսականօրէն ամուլ ընդդիմութիւնը օրէնսդիր իշխանութեան մէջ ո՛չ ձայները, ո՛չ ալ տրամադրութիւնը ունէր նման աննշան խնդրով «Այո, Նիկոլ» բացարձակ մեծամասնութեան հակակշիռ ըլլալու, երբ քաղաքական պազարլըքի շահագրգռութիւն յառաջացնող այլ հարցեր կրնան գալ օրակարգի վրայ: Սփիւռքեան կազմակերպութիւններու հետ խորհրդակցութեան մասին խօսք իսկ չեղաւ: Նման վարժութիւն չունին իմքայլականները, ոչ ալ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են զայն ունենալու, օրինակի համար` իրենց մասնակցութիւնը բերելով Հայաստան-սփիւռք խորհրդաժողովներուն: Թէկուզ եւ երբ, ինչպէս կը բացատրուի/պատճառաբանուի անցնող քսանամեակի ընդդիմութեան բացակայութիւնը այդ հաւաքներուն, օրուան իշխանութիւնները զիրենք չէին հրաւիրեր, կամ ամէն ինչ կ’ընէին, որ իրենց ներկայութիւնը բացառուէր կամ չէզոքացուէր: Մէկ խօսքով, սփիւռքի նախարարութեան լուծման որոշումը տրուեցաւ ոչ թէ հանգրուանային ձեւով, այլ` շոքային, համահունչ` նէօլիպերալ յեղափոխական ոգիին…

Սփիւռքի նախարարութիւն չունենալու որոշման դրդապատճառներէն մէկը, ըսաւ վարչապետը Ազգային ժողովին մէջ, այն էր, որ` «Սփիւռքի նախարարութեան մէջ կ’իրականացուէին գործառոյթներ, որոնք կ’իրականացուէին այլ նախարարութիւններու կողմէ: Խօսքը կրթական, մշակութային, երիտասարդական, կազմակերպական գործառոյթներու մասին է: Եւ ասոր փոխարէն, կարեւոր գործառոյթներ, որոնք պէտք է իրականացուին սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու տեսակէտէ, ըստ էութեան, չէին իրականացուեր»: Նման մօտեցում, բնականաբար, կը բացառէ սփիւռքի նախարարութեան տասնամեայ գործունէութեան անաչառ վերլուծում մը, սխալներու եւ բացթողումներու քննադատումով, բայց նաեւ` իրագործումներու գիտակցումով: Անհրաժեշտ էր հին կարգը սպաննել եւ վե՛րջ: Առանց Փաշինեանի տուած բացատրութիւնը հարցականի տակ դնելու` նախարարութեան լուծարման մէկ այլ դրդապատճառը նաեւ թաւշեայ յեղափոխականներուն պոպուլիստ-լիպերալ գաղափարախօսութեան ենթահողն է, ընդ որում` «նուազագոյն պետութիւն»-ը իմաստութիւն (wisdom) է տնտեսութեան զարգացման համար: Այսինքն անհրաժեշտութիւն էր պետական «ապարատ»-ի կրճատում, որ կը նուազեցնէ ե՛ւ պետութեան ծախսերը, ե՛ւ, մասնաւորաբար, կաշառակերութեան կարողականութիւնը: Հետաքրքրական պիտի ըլլար իմանալ սփիւռքի նախարարութեան լուծարման համար վարչապետի կտրուկ ախտաճանաչման փաստացի հիմնաւորումներուն մասին, եթէ երբեք այդ մասին կայ վերլուծական որեւէ փաստաթուղթ: Ի վերջոյ, վեց ամիսէ աւելի սփիւռքի նախարարի ու փոխնախարարի պաշտօն ստանձնած «թիմ»-ը գոնէ այդ աշխատանքը կատարած ըլլալու է…

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

Սփիւռքի նախարարութեան լուծարման որոշումը հարցականի տակ չդրուեցաւ Ազգային ժողովին մէջ: Կառավարութեան 7 մարտ 2019-ի «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» օրէնքի փոփոխութիւնները, որոնց կարգին` սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու նոր համակարգը, քննարկուեցան եւ ընդունուեցան պատգամաւորներուն կողմէ: Հակազդեցութիւնը եկաւ, սպասելիօրէն, արտախորհրդարանական ընդդիմութենէն, բացառաբար` ՀՅ Դաշնակցութենէն եւ անհատ մասնագէտ-վերլուծաբաններէ: ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը տարածեց յայտարարութիւն, ուր հանգամանօրէն քննարկելով որոշումը` կը յանգի հետեւեալ եզրակացութեան. «… Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններում, հապճեպօրէն եւ առանց լայն քննարկումների կամ, կարելի է ասել, միանձնեայ որոշմամբ ներդրուելիք համակարգով ստեղծւում է անորոշ իրավիճակ: Նշեալ յարաբերութիւնների մէջ ներքաշուած են ե՛ւ բոլորը ե՛ւ ոչ մէկը, արդիւնքում որեւէ մի օղակ ամբողջական պատասխանատուութիւն չի կրելու եւ հաշուետու չի լինելու սփիւռքի առջեւ»: Գերագոյն մարմինի այս եզրայանգումին աւելի յստակօրէն անդրադարձաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը` զգուշացնելով, որ սփիւռքը Հայաստանէն կազմակերպելու ամէն փորձութիւն ի սկզբանէ ձախողութեան դատապարտուած է:

Անկախ իր առաջնահերթային քաղաքական հաշուարկէն եւ իմքայլական կառավարութեան կարճատեսութենէն` սփիւռքի նախարարութեան լուծարման որոշումը իր կարեւորութիւնը ունէր նաեւ խորհրդանշական իմաստով: Այս վերջինին մասին առաջինը անդրադարձաւ Արամ վեհափառը, երբ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադառնալով կառավարութեան որոշումին, զայն որակեց` «Սփիւռքի վերաբերեալ ոչ բարենպաստ», զգուշացուց անոր ունենալիք բացասական անդրադարձէն եւ ըսաւ. «Կարեւոր համարելով սփիւռքի նախարարութեան գոյութեան ռազմավարական իմաստը` միաժամանակ պէտք է նկատի ունենալ, որ երբեմն խորհրդանշական իմաստը աւելի կենսական է, քան` ռազմավարականը կամ քաղաքականը»: Ինչի՞ մէջ կը կայանայ այս խորհրդանշական իմաստը: Պոլսահայ մտաւորական Տիգրան Լոքմակէօզեանի խօսքերով, «Այս որոշումով նորից իրարից անջատուեցին Հայաստանն ու սփիւռքը»: Իսկ ըստ Վրէժ-Արմէնի «Սփիւռքը եւ հայրենիքը» («Հորիզոն», 11 փետրուար 2019) յօդուածին, վարչապետի աշխատակազմին մէջ յառաջանալիք գլխաւոր յանձնակատարի պաշտօնը «յաւելեալ հեռաւորութիւն» կը յառաջացնէ սփիւռքահայութեան եւ հայրենահայութեան միջեւ:

«Այդ հեռաւորութիւնը «Մինչդեռ մենք համոզուած էինք, որ կրճատուած էր, գուցէ` միայն մասամբ, գուցէ` միայն անուանապէս, սփիւռքի նախարարութեան ստեղծումով, նախարարութիւն, որ ներկայ իշխանութիւնը մտադրած է ջնջել»: Նշենք, որ կառավարութեան որոշումին քննադատութիւնը չէր ենթադրեր բնաւ սփիւռքի նախարարութեան գործունէութեան բացթողումներու անտեսում: Նոյն այդ յօդուածին մէջ Վրէժ-Արմէն շատ ճիշդ կը նշէ, որ նախարարութիւնը` «դեռեւս շատ չէր բարձրացած ծիսական մակարդակներէ… սակայն նախորդին սխալները սրբագրելու եկած իշխանութիւնները աւելի մեծ սխալ մը կը գործեն նախարարութեան ջնջումով»: Առանձին ուշադրութեան արժանի է Սիւզաննա Բասեղեանի «Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնների յետյեղափոխական շեշտադրումները» վերլուծումին, ուր առաւելի բացայայտ կը դառնայ Նիկոլ Փաշինեանի Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան լիպերալ, զուտ «գործնապաշտական» (utilitarian) ընկալումը, որ սփիւռքը կը դիտէ «…որպէս հայրենադարձութեան միջոցով ՀՀ-ում բնակչութեան թուի եւ ծնելիութեան աճի կարեւոր միջոց: Իսկ «դէպի Հայաստան յարաճուն հայրենադարձութիւնը» պատկերացւում է որպէս հետեւանք «մարդու ազատութեան եւ արժանապատուութեան պաշտպանութեան, ստեղծարար ընդունակութիւնների եւ կրթութեան քաջալերման, իրաւունքի եւ օրինականութեան վրայ հիմնուած ազգային միասնութեան», այլ ոչ թէ` պետութեան կողմից յատուկ ծրագրերի մշակման եւ իրականացման արդիւնք»: Սկզբունքային/գաղափարախօսական այս մօտեցումի արդիւնք է իմքայլական կառավարութեան պատկերացումը սփիւռքի հետ յարաբերութիւններուն. «Սփիւռքի քաղաքականութեան քննարկումը վերաճեց կառոյցի նպատակայարմարութեան մասին անարդիւնաւէտ քննարկման. եթէ չկայ քաղաքականութիւն, ինչպէ՞ս ենք որոշում այն իրականացնող կառոյցի գործառոյթներն ու նպատակամղուածութիւնը»:

(Շար. 2)

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

www.aztagdaily.com/archives/461599

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail